Որոնել

2024.03.22 Mkhitar Sebastasi

ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (11)

Մխիթար Աբբահօր մահուան 275րդ Յոբելեան - Հաղորդաշարը պատրաստեց Մխիթարեան միաբանութեան ուխտէն՝ Հ. Սերոբ Վրդ. Չամուրլեան

 Մ­ԽԻ­ԹԱՐ ՍԱՐ­ԿԱ­ՒԱԳ ԲԱ­ՍԵ­ՆԻ ՄԷՋ ԵՐ­ԿՈՒ ԱՆ­ԳԱՄ ՄԱ­ՀԷ Կ՚Ա­ԶԱ­ՏԻ

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Մ­խի­թար Բա­սե­նի վանք եղած ատեն եր­կու ան­գամ մա­հէ կ՚ա­զա­տի։­

Ան հե­տա­մուտ էր իրեն յանձ­նուած պաշ­տօն­նե­րը պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ կա­տա­րե­լու եւ զար­գա­նա­լու գի­տու­թեամբ, աղօթ­քով եւ զա­նա­զան հրա­հան­գում­նե­րով, երբ Կա­րի­նէն նա­մակ մը կը ստա­նայ, որու մէջ Ղա­զար Վար­դա­պե­տը, ան որ խոս­տա­նա­լով զինք իրեն աշա­կերտ առ­նել՝ ամիս­նե­րով Սե­բաս­տիա սպաս­ցու­ցած էր, նո­րէն կ՚ա­ռա­ջար­կէր զինք իր վան­քը տա­նիլ։ Մխի­թար կը պա­տաս­խա­նէ թէ որո­շած էր գի­տու­թիւն ստա­նա­լու հա­մար ոչ մէ­կուն աշա­կեր­տիլ։ Այս նա­մա­կի շա­րադ­րան­քէն դիւ­թուած՝ Ղա­զար վար­դա­պե­տը կ՚որո­շէ ան­ձամբ եր­թալ Բա­սե­նի վան­քը եւ հա­մո­զել զինք։

­Շատ հա­ւա­նա­բար Ղա­զար Վար­դա­պե­տի վան­քը պարս­կա­հա­յաս­տան կը գտ­նուէր, որով­հե­տեւ ճամ­բոր­դե­լու հա­մար միացած էր Պարս­կաս­տա­նի դես­պա­նի կա­րա­ւա­նին, որ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սէն կը վե­րա­դառ­նար։ Կա­րա­ւա­նը ճամ­բայ ել­լե­լէն մէկ օր առաջ Ղա­զար Վար­դա­պե­տը առան­ձին Բա­սե­նի վան­քը կ՚եր­թայ, եւ Մխի­թար սար­կա­ւա­գի հետ եր­կար կը զրու­ցէ, բայց ի զուր։ Մխի­թար իր որո­շու­մին վրայ ան­տե­ղի­տա­լի կը մնայ եւ կը մեր­ժէ Ղա­զար Վար­դա­պե­տին աշա­կեր­տիլ եւ անոր հետ ճամ­բայ ել­լել։ Վար­դա­պե­տը հոն կը ստի­պուի գի­շե­րել եւ յա­ջորդ օրը հրա­ժեշտ տա­լով Մխի­թար սար­կա­ւա­գին կը միանայ դես­պա­նի կա­րա­ւա­նին՝ որ Կա­րի­նէն ճամ­բայ ել­լե­լով Բա­սե­նի վան­քի ստո­րո­տէն կ՚անց­նէր։

Օ­րեր ան­ց այդ կա­րա­ւա­նին մա­սին լուր կը հաս­նի թէ երբ սահ­մա­նին մօ­տե­ցած էին, պար­սիկ դես­պա­նի զի­նուոր­նե­րը՝ իրենց սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն, կ՚աս­պա­տա­կեն մօ­տա­կայ գիւ­ղե­րը եւ դե­ռա­տի աղ­ջիկ­ներ փախց­նե­լով կը շտա­պեն սահ­մա­նը հա­տել։ Օս­մա­նեան սահ­մա­նա­պահ գուն­դե­րը կը յար­ձա­կին կա­րա­ւա­նին վրայ եւ շա­տեր կը սպա­ննեն։ Ղա­զար եպիս­կո­պոսն ալ ծանր կեր­պով կը վի­րա­ւո­րուի, այն­քան որ չի կր­նար ճամ­բան շա­րու­նա­կել, եւ զինք Էջ­միածին կը տա­նին, սա­կայն ոչ ոք գի­տէր թէ առող­ջա­ցա՞ծ էր կամ մահ­կա­նա­ցուն կն­քած։ Եթէ Մխի­թար այդ պայ­քա­րի ժա­մա­նակ մօ­տը գտ­նուէր, նոյն վախ­ճա­նը պի­տի ու­նե­նար։ Այս լու­րը առ­նե­լուն՝ Մխի­թար Աս­տու­ծոյ շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նէ որ զինք ազա­տած էր այդ վտան­գէն։­

Աս­տուա­ծային նա­խախ­նա­մու­թեամբ Մխի­թար երկ­րորդ ան­գամ մըն ալ մա­հէն կը փր­կուի Բա­սե­նի վան­քը ապ­րած տա­րի­նե­րուն։ Այդ գա­ւա­ռին մէջ ժան­տախտ կը տա­րա­ծուի եւ ան­թիւ ան­հա­մար մար­դիկ զոհ կը դառ­նան այդ վա­րա­կիչ եւ փո­խան­ցիկ հի­ւան­դու­թեան։ Հա­րուստ մար­դու մը երի­տա­սարդ զա­ւակն ալ կը վա­րա­կուի եւ տա­ռա­պե­լով կը մա­հա­նայ։ Ըն­դու­նուած սո­վո­րու­թեան հա­մա­ձայն հան­գու­ցեալի բո­լոր զգեստ­նե­րը կը յանձ­նեն եպիս­կո­պո­սին, Բա­սե­նի Վա­նա­հօր։ Ան ալ իր կար­գին բա­րեմ­տօ­րէն Մխի­թա­րի կու տայ որ հագ­նի, քա­նի որ տա­րե­կից էր հան­գու­ցեալին։ Մխի­թար զգես­տի պէտք ու­նե­նա­լով առանց կաս­կա­ծե­լու կը հագ­նի եւ Աս­տու­ծոյ խնամ­քով ոչ կը վա­րա­կուի, ոչ ալ կը հի­ւան­դա­նայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2024, 07:48