ՄԽԻԹԱՐ ԱԲԲԱՀԱՅՐ` Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիրը (11)
ՄԽԻԹԱՐ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ԲԱՍԵՆԻ ՄԷՋ ԵՐԿՈՒ ԱՆԳԱՄ ՄԱՀԷ Կ՚ԱԶԱՏԻ
Մխիթար Բասենի վանք եղած ատեն երկու անգամ մահէ կ՚ազատի։
Ան հետամուտ էր իրեն յանձնուած պաշտօնները պատասխանատուութեամբ կատարելու եւ զարգանալու գիտութեամբ, աղօթքով եւ զանազան հրահանգումներով, երբ Կարինէն նամակ մը կը ստանայ, որու մէջ Ղազար Վարդապետը, ան որ խոստանալով զինք իրեն աշակերտ առնել՝ ամիսներով Սեբաստիա սպասցուցած էր, նորէն կ՚առաջարկէր զինք իր վանքը տանիլ։ Մխիթար կը պատասխանէ թէ որոշած էր գիտութիւն ստանալու համար ոչ մէկուն աշակերտիլ։ Այս նամակի շարադրանքէն դիւթուած՝ Ղազար վարդապետը կ՚որոշէ անձամբ երթալ Բասենի վանքը եւ համոզել զինք։
Շատ հաւանաբար Ղազար Վարդապետի վանքը պարսկահայաստան կը գտնուէր, որովհետեւ ճամբորդելու համար միացած էր Պարսկաստանի դեսպանի կարաւանին, որ Կոստանդնուպոլսէն կը վերադառնար։ Կարաւանը ճամբայ ելլելէն մէկ օր առաջ Ղազար Վարդապետը առանձին Բասենի վանքը կ՚երթայ, եւ Մխիթար սարկաւագի հետ երկար կը զրուցէ, բայց ի զուր։ Մխիթար իր որոշումին վրայ անտեղիտալի կը մնայ եւ կը մերժէ Ղազար Վարդապետին աշակերտիլ եւ անոր հետ ճամբայ ելլել։ Վարդապետը հոն կը ստիպուի գիշերել եւ յաջորդ օրը հրաժեշտ տալով Մխիթար սարկաւագին կը միանայ դեսպանի կարաւանին՝ որ Կարինէն ճամբայ ելլելով Բասենի վանքի ստորոտէն կ՚անցնէր։
Օրեր անց այդ կարաւանին մասին լուր կը հասնի թէ երբ սահմանին մօտեցած էին, պարսիկ դեսպանի զինուորները՝ իրենց սովորութեան համաձայն, կ՚ասպատակեն մօտակայ գիւղերը եւ դեռատի աղջիկներ փախցնելով կը շտապեն սահմանը հատել։ Օսմանեան սահմանապահ գունդերը կը յարձակին կարաւանին վրայ եւ շատեր կը սպաննեն։ Ղազար եպիսկոպոսն ալ ծանր կերպով կը վիրաւորուի, այնքան որ չի կրնար ճամբան շարունակել, եւ զինք Էջմիածին կը տանին, սակայն ոչ ոք գիտէր թէ առողջացա՞ծ էր կամ մահկանացուն կնքած։ Եթէ Մխիթար այդ պայքարի ժամանակ մօտը գտնուէր, նոյն վախճանը պիտի ունենար։ Այս լուրը առնելուն՝ Մխիթար Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէ որ զինք ազատած էր այդ վտանգէն։
Աստուածային նախախնամութեամբ Մխիթար երկրորդ անգամ մըն ալ մահէն կը փրկուի Բասենի վանքը ապրած տարիներուն։ Այդ գաւառին մէջ ժանտախտ կը տարածուի եւ անթիւ անհամար մարդիկ զոհ կը դառնան այդ վարակիչ եւ փոխանցիկ հիւանդութեան։ Հարուստ մարդու մը երիտասարդ զաւակն ալ կը վարակուի եւ տառապելով կը մահանայ։ Ընդունուած սովորութեան համաձայն հանգուցեալի բոլոր զգեստները կը յանձնեն եպիսկոպոսին, Բասենի Վանահօր։ Ան ալ իր կարգին բարեմտօրէն Մխիթարի կու տայ որ հագնի, քանի որ տարեկից էր հանգուցեալին։ Մխիթար զգեստի պէտք ունենալով առանց կասկածելու կը հագնի եւ Աստուծոյ խնամքով ոչ կը վարակուի, ոչ ալ կը հիւանդանայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ