Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ս. Աթոռի մօր ՀՀ նորանշանակ դեսպան Նազարեանը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 9 մարտ 2019-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատի իր գրասենեակին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Հայաստանի Հանրապետութեան Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեանին, հաւատարմագրերու պաշտօնական յանձնման առիթով։
Դեսպան Նազարեան Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուած էր ՀՀ Նախագահի 28 դեկտեմբեր 2018 թուակիր հրամանագիրով։ Նախ քան այս նոր պաշտօնը ստանձնելը Կարեն Նազարեան կը վարէր ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը։
Կարեն Նազարեանի նշանակումին առիթով Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեանը «ֆեյսպուքեան» գրառմամբ շնորհաւորած էր նորանշանակ դեսպանը յայտնելով որ Նազարեան «Հայաստանի ամենափորձառու դիւանագէտներէն մին է» ու թէ ինք «համոզուած է, որ Անոր երկարամեայ փորձառութեան, նուիրուածութիւն ու ջանքերու արդիւնքով՝ հայ-վատիկանեան բարեկամութիւնը աւելիով պիտի ամրապնդուի»։
Վսեմաշուք դեսպանը Ֆրանչիսկոս Պապին որպէս երախտագիտութեան նուէր յանձնեց՝ Քահանայապետական Զինանշանը պատկերացնող մետաքսէ ձեռագործ աշխատանքով խորհրդանիշ մը, որուն ստորոտը արձանագրուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Մշտական աղօթքով Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապին, Հայաստանի մէջ ապաստանած Սուրիահայերու կողմէ»։
Կարեն Նազարեանը ծնած է 1966թ. Երևանի մէջ։ Աւարտած է Երևանի Պետական Համալսարանը և Մոսկուայի դիւանագիտական ակադեմիան: Մասնագիտութեամբ արևելագէտ է, միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ։
Դիւանագիտական գործունէութեան ծիրէն ներս՝ Կարեն Նազարեան ծառայած է հետեւեալ կառոյցներուն մէջ։
1991-1996թթ. ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութիւն ապա (ՀՀ ԱԳՆ քարտուղարութեան պետ ԱԳՆ)
1996-2002թթ. ՄԱԿ-ի Ժընևի գրասենեակի և միջազգային այլ կառոյցներու ՀՀ դեսպան, մշտական ներկայացուցիչ
2002-2004թթ. ՀՀ ԱԳ նախարարի խորհրդական, Հայ-ամերիկեան միջկառավարական յանձնաժողովի անդամ
2005-2009թթ. Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան մօտ ՀՀ դեսպան, Թեհրան
2009-2014թթ. ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ դեսպան, մշտական ներկայացուցիչ, Նիու Եորք
2014թ. մայիսի 22-ին ՀՀ նախագահի հրամանագրով նշանակուած է Հայաստանի ԱԳ նախարարի տեղակալ:
Ամունասացած է եւ ունի երկու զաւակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ