ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Եւրոպական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի պատուիրակութիւն մը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 12 փետրուարին, ֆրանչիսկոս Պապ, Վատիկանի մէջ ընդունեց, միջազգայինն ուսումնասիրութիւններու եւրոպական հաստատութեան պատուիրակութիւն մը գլխաւորութեամբ Սթոքոլմի Եպիսկոպոս Կարդինալ Ա. Արպորելիուսին։
Այս առթիւ Սրբազան հայրը ներկաներուն յաձնեց ուղերձ մը որուն իր երախտագիտութիւնը յայտնեց հիմնարկի հրապարակած, «հանդիպումի մշակոյթը, միջազգային յարաբերութիւններ, խաղաղութեան եւ միջ կրօնական երկխօսութիւն» տիտղոսակիր գիրքի գծով, նկատելով զայն «2019ին, հոկտեմբեր ասմուան հանդիպումի պտուղը» գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Անտէրս Արպորելիուսին, Շուէտի եկեղեցւոյ տածած աշխատանքներուն համար մասնաւորապէս միջ կրօնական երկխօսութեան ի սպաս։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա պատգամին մէջ անդրադարձաւ միջազգային համաճարակի առողջապահական տագնապին, ընդգծելով համայն մարդկութեան միջեւ հանդիպումի մշակոյթի զարգացման կարեւորութիւնը, կառուցելով կամուրջներ, կերտելով բոլորը ներգրաւող ծրագիրներ։
Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով, որ պատուիրակութեան անդամները որպէս ուսումնասէրներ եւ դիւանագէտները, տարբեր երկիրներուն մէջ, կարեւոր դեր ունին մշակոյթի զարգացման, յորդորեց ուշադրութիւն ցուցաբերել աղքատներուն եւ մեկուսացեալներուն, հաստատելով ,որ լոկ հանդիպումի մշակոյթը կ՝առաջնորդէ կայուն արդարադատութեան, խաղաղութեան,ինչպէս նաեւ իսկական խնամքի հասարակաց տան։
Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց պատգամը, քաջալերելով միշտ յանձնառու մնալ նոր եւ ստեղծարար ուղիներ փնտռելու մէջ, որոնք կը նպաստեն հանդիպումի մշակոյթին, ի շահ համերաշխութեան ու ապագայ սերունդներու բարօրութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ