Ֆրանչիսկոս Պապ. «Սուրբ Կոյս Մարիամի լռութիւնը ամենէն արտայայտիչ լեզուն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Քնոքի Տիրամօր ազգային սրբավայրը հաղորդութեան եւ Մարեմեան միջազգային սրբավայր դառնալու առիթով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Քնոքի Սուրբ Կոյս Մարիամ ազգային սրբավայրը կը դառնայ Սուրբ Հաղորդութեան եւ Մարեմեան  յատուկ ջերմեռանդութեան միջազգային սրբավայր։ Այս յատուկ արարողութեան առիթով ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատկերասփռուած պատգամ մը յղեց Իրլատնայի ժողովուրդին ու բոլոր անոնց որոնք հաղորդամիջոցներու միջոցաւ կը հետեւին արարողութեան ։

Ունկնդրէ լուրը

Միսիոնարներու ժողովուրդ

Պատկերասփռուած պատգամին սկիզբը ֆրանչիսկոս Պապ իր մօտիկութիւնը յայտնելով հաւատացեալներուն  նշեց, թէ  21 օգոստոս, 1879ին, Սուրբ Կոյս Մարիամը, Սուրբ Յովսէփի եւ Սուրբ Յովհաննէս առաքեալին ընկերակցութեամբ, Քնոք քաղաքի կարգ մը անձերուն յայտնուելէն ետք, Իրլանտայի ժողովուրդը սկիզբ տուաւ Տիրամօր նկատմամբ ջերմեռանդութեան,  որուն համար Սրբազան Պապը յայտնեց թէ անոնք «միսիոնարներու ժողովուրդ են» հրաւիրելով յիշել այն բոլոր քահանաները, որոնք իրենց երկիրները ձգեցին աւետարանելու համար ու յիշեց նաեւ այն աշխարականները, որոնք գաղթած են ու կենդանի պահած Քնոքի Տիրամօր հանդէպ իրենց բարեպաշտութիւնը։

Աղօթքի կեանքի կարեւորութիւնը

«Սուրբ Կոյս Մարիամի, բազուկները, աղօթքի դիրքին մէջ, ցոյց կու տան այսօր, թէ ինչքան կարեւոր է աղօթքի կեանքը, որ կը հասնի իբրեւ յոյսի պատգամ այս սրբավայրէն» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Լռութիւնը Սուրբ Կոյս Մարիամի լեզուն է

Քնոքի յայտնաբերումին մէջ Սուրբ Կոյս Մարիամը ոչ մէկ բառ կ՜արտասանէ։ Անոր լռութիւնը լեզու է, ամենէն արտայայտիչ լեզուն, որ մեզի կը յանձնուի։ Քնոքէ հասած պատգամը, ամենամեծ լռութիւնն է, որ հաւատքը կը կրէ։

Խորհուրդի առջեւ լռութիւնն է, որ չնշանակեր մերժել հասկնալ, այլ  կը նշանակէ ըմբռնել Յիսուսի սիրոյ խորհուրդի զօրակցութեամբ ու օգնութեամբ , որ ինքզինք տուաւ բոլորիս համար որպէս գառնուկ, մարդկութեան փրկութեան համար։ 

Լռութիւնն է սիրոյ մեծ խորհուրդին դիմաց, որ կարողութիւն չգտներ պատասխանի եթէ ոչ վստահութեամբ ապաւինիլ Ողորմած հօր կամքին։ 

Ի վերջոյ լռութիւն է, որ Յիսուսը կը խնդրէ, երբ մեզի սորվեցուց ըսելով, երբ կ՝աղօթես, մտիր քու սենեակդ, փակէ դուռը եւ աղօթէ Հօր, որ գաղտնիքի մէջ է եւ քու հայրդ որ պիտի տեսնէ գաղտնիքին մէջ, քեզ պիտի վարձատրէ։ Աղօթելով, մի սպառէք շատ խօսքեր՝ հեթանոսներուն նման, անոնք կը կարծեն, թէ շատ խօսքերու հնչումով իրենց խօսքերը լսելի պիտի դառնան։

Սուրբ Կոյս Մարիամը աւետարանի ուխտաւորը։

Սիրելի եղբայրները եւ քոյրեր, որ կը գտնուիք Քնոքի մէջ, եւ դուք բոլորդ, որ այս պահուն կը հետեւիք այս արարողութեան՝ հաղորդամիջոցներու միջոցաւ։ Քնոքի Տիրամօր ազգային սրբավայրը դառնալով  Սուրբ հաղորդութեան ջերմեռանդութեան եւ Մարեմեան միջազգային սրբավայր մեծ պատասխանատուութիւն մըն է ։ 

Հիւրընկալութիւնը

Դուք բոլորդ կը գործէք՝ հիւրընկալութեան իբրեւ նշան բաց ձեռքեր ունենալ, ամէն մէկ ուխտաւորի դիմաց որ ձեր քով կը հասնի աշխարհի որեւէ անկիւնէ առանց խնդրելու ոչ մի բան, լոկ ճանչնալով զայն որպէս եղբայր եւ քոյր, որ կը փափաքի կիսել աղօթքի փորձառութիւնը միասնական եղբայրութեան մէջ։ 

Հիւրընկալութիւնը  թող հոլովուի սիրով եւ դառնայ արդիւնաբեր վկայութիւն սիրտի մը, որ կը բացուի ընդունելու Աստուծոյ խօսքը եւ Սուրբ Հոգիին շնորհքը, որ ուժ կու տայ։ 

Հաւատարիմ կերպով ապրիլ միսիոներական կոչումը

Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը, որ կը միացնէ Յարուցեալ Տիրոջ հաղորդութեան մէջ եւ մեր մէջ, թող զօրակցութիւն դառնայ ՝հաւատարիմ կերպով ապրելու մեր կոչումը, որ է միսիոնար առաքեալներ, այնպէս ինչպէս կատարեց Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ իր Որդիին աւետարանի ուխտաւորը եղաւ։ Ան մեզ թող պաշտպանէ եւ սփոփէ իր ողորմած դէմքով։

Կ՝ողջունեմ ձեզ բոլորդ, կը  փոխանցեց  իմ առաքելական օրհնութիւններս, խնդրելով նաեւ, հաճեցէք չմոռնալ  աղօթել ինծի համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2021, 21:00