Քահանայապետը «ՌՈԱՔՕ»ի 94-րդ հաւաքին մասնակցողներուն ուղղած խօսքին մէջ յիշեց Հայաստանը։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի 24 Յունիս 2021-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատէն ներս ընդունեց «ՌՈԱՔՕ»ի 94-րդ հաւաքին մասնակցողները, այսինքն «Արեւելեան Եկեղեցիներուն օգնութեան համար գործունէութիւններուն միութեան» հաւաքին մասնակցողները։
Այս առթիւ ներկաներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը անդրադարձաւ թէ ինչպէս անցեալ տարի այս ժողովը կատարուած էր առցանց կարեւորելով այս տարի ներկայութեամբ կատարուած հաւաքը։
Կարիքը ունինք հանդիպելու, աւելի լաւ կերպով երկխօսութեան մէջ դնելու խօսքերն ու մտքերը
«Կարիքը ունինք հանդիպելու, աւելի լաւ կերպով երկխօսութեան մէջ դնելու խօսքերն ու մտքերը, ընկալելու համար խնդրանքներն ու ճիչերը, որոնք մեզի կու գան աշխարհի տարբեր վայրերէն ու մասնաւորապէս իւրայատուկ եկեղեցիներէն այն երկիրներուն, ուր դուք կը կատարէք ձեր գործունէութիւնը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ ինք կարող է այդ մասին վկայել ու թէ ճիշդ 2019-ին ՌՈԱՔՕ-ի հաւաքին մասնակիցներուն հետ հանդիպման ժամանակ է, որ յայտարարած էր իր Իրաք այցելելու փափաքը, որ «մի քանի ամիսներ առաջ Աստուծոյ շնորհքով, կարողացայ իրականացնել» յարեց Նորին Սրբութիւնը։
Լիբանանը կարիքը ունի օգնութեան
Ան ապա մատնանշեց արտակարգ ժողովներուն, որոնք տեղի ունեցան անցեալ տարի «հակառակ համաճարակին», դիմագրաւելու համար Էրիթերիայի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հարցերը, 4 օգոստոս 2020-ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումէն ետք, այս ուղղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց յանձնառումին համար, թիկունք կանգնելու Լիբանանին ու հրաւիրելով աղօթել նաեւ յառաջիկայ մէկ Յուլիսին կայանալիք հաւաքին Երկրի Քրիստոնեայ Համայնքներու հովուապետերուն հետ։
Շնորհակալութիւն բարերարներուն
Սրբազան Պապը հուսկ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն, որոնց օգնութիւններու շնորհիւ կարելի են իրագործել ՌՈԱՔՕ-ին ծրագիրները անդրադառնալով նաեւ անցեալ տարուայ համաճարակին պատճառած տնտեսական դժուարութիւններուն, որոնց հետեւանքով նուազեցան նաեւ դրամահաւաքի եկամուտը։
Եղբայրօգնութեան կարեւորութիւնը
«Կը նորոգեմ կոչս բոլորին, որպէսզի վերագտնենք եղբայրօգնութեան կարեւորութիւնը, որուն մասին կը խօսէր Սուրբ Պօղոսը իր նամակներուն մէջ» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադարձ կատարելով ժողովականներուն քննարկումի նիւթ դարձող հարցերու մասին սկսեալ Սուրբ Երկրէն, ուր ըսաւ Ան, «Իսրայէլի եւ Պաղեստինի ժողովուրդներուն համար կ՜երազենք, որ երկնքի մէջ տարածուի խաղաղութեան ծիածանը, զոր Աստուած տուաւ Նոյ նահապետին, որպէս Երկնքի ու երկրի միջեւ դաշինքի ու մարդոց միջեւ խաղաղութեան նշան»։
Սուրբ Երկիրը եւ Սուրիան եւ Եթովպիայի Թիկրայ նահանգը
«Յաճախ սակայն ու նաեւ վերջերս այդ երկինքին մէջ ակօս կտրեցին ռումբերը, որոնք կը պատճառեն մահ եւ սարսափ» աւելցուց Սրբազան Պապը որ ապա ակնարկեց Սուրիոյ, «որտեղէն դուրս եկող ճիչը միշտ ներկայ է Աստուծոյ սրտին մէջ սակայն տակաւին չէ կարող դպչիլ այն մարդոց սրտերուն, որոնց ձեռքերուն մէջ է ժողովուրդներուն ճակատագիրը»։
Քահանայապետը «գայթակղեցուցիչ» որակեց 10 տարուայ պատերազմը ու անոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակը, միլիոնաւոր տեղահաններով, զոհերով ու արի որոշումներու պակասի բերումով։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց, Դամասկոսի, Լիբանանի, Իրաքի, Եթովպիայի, Հայաստանի եւ Վրաստանի առաքելական նուիրակներու ներկայութեան համար, գնահատելով նաեւ անոնց աշխատանքը ի նպաստ Աւետարանի քարոզութեան ու յատկապէս անոնց տկարին եւ աղքատին Եկեղեցւոյ Մայրական դիմագիծը յայտնելու համար։
Սրբազան Պապը նշեց հուսկ թէ ինք մտահոգութեամբ կը հետեւի Եթովպիայի Թիկրայ նահանգի իրադարձութիւններուն այս ուղղութեամբ ընդգծելով «Fratelli tutti» - բոլորս եղբայրներ- շրջաբերականի պատգամի կարեւորութիւնը։
Գարեգին Բ-ի հանդիպումի յիշատակը
Ան ապա յիշեց հինգ տարիներ առաջ, 2016-ին, Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս` Գարեգին Բ-ի հետ միասին Խոր Վիրապի տարածքէն երկինք արձակած աղաւնիները, «որպէս նշան եւ մաղթանք համայն կովկասի տարածաշրջանի խաղաղութեան համար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով որ «դժբախտաբար, այդ տարածաշրջանը վերջին ամիսներուն անգամ մը եւս վիրաւորուեցաւ» ու ասոր համար շնորհակալութիւն յայտնեց «այն ուշադրութեան զոր յատկացուեցաւ Հայաստանի եւ Վրաստանի իրականութեան, որպէսզի կաթողիկէ հասարակութիւնը շարունակէ ըլլալ աւետարանական կեանքին նշանն ու թթխմորը»։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն ու իր օրհնութիւնը շնորհելով անոնց եւ ինչպէս միշտ խնդրեց որ շարունակեն աղօթել իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ