«Ընկալել կը նշանակէ դուռը բանալ` տան դուռը, սրտին դուռը». Ֆրանչիսկոս Պապը Ասսիզիի մէջ։

Ժամն է` որ աղքատներուն վերադարձուի խօսքը, որովհետեւ երկար ժամանակ անոնց խնդրանքները մնացին անտեսուած։ Ժամն է բանալու աչքերը, տեսնելու համար անհաւասարութեան վիճակը, որուն մէջ կ՜ապրին բազմաթիւ ընտանիքներ։ Ժամն է մեր ձեռքերը թօթափելու, վերադարձնելու համար արժանապատուութիւնը, ստեղծելով աշխատատեղեր։ Ժամն է դարձեալ գայթակղելու` տեսնելով անօթի եւ ստրկութեան մատնուած մանուկները, տարուբերուած նաւաբեկութեան ջուրերուն մէջ, անմեղ զոհեր ամէն տեսակ բռնութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 12 նոյեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հինգերորդ անգամն ըլլալով այցելեց Ասսիզիի սրբավայրը, այս անգամ Աղքատներու Համաշխարհային օրուան առիթով, որ պիտի յիշատակուի կիրակի օրը, Ասսիզիի Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի պազիլիքային մէջ հանդիպում ունենալով Եւրոպայի զանազան քաղաքներէն Ասսիզի ժամանած 500-է աւելի աղքատներուն հետ ու իր մասնակցութիւնը բերելով այս առթիւ կազմակերպուած աղօթքի եւ վկայութիւններու հաւաքին։

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Քլարիսեան միաբանութեան անդմաներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Քլարիսեան միաբանութեան անդմաներուն հետ

Նորին Սրբութիւնը Ասսիզի ժամանեց առաւօտեան ինին ու նախ քան «Սանթա Մարիա Տէյլի Անճելի» Պազիլիքա հասնիլը այցելեց Սրբուհի Պայծառ եկեղեցին , հակիրճ հանդիպում ունենալով Քլարիսեան միաբանութեան միանձնուհիներուն հետ, ան ապա ուղղուեցաւ աղօթքի ու հանդիպման վայրը ու Եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ դիմաւորուեցաւ այնտեղ համախմբուած մանուկներու, պատանիներու ընտանիքներու, աղքատներու ու բազմաթիւ հաւատացեալներու կողմէ, ապա Պազիլիքայի մուտքին զինք ողջունեցին Եկեղեցական եւ քաղաքական իշխանութիւնները, մինչ մի քանի աղքատներ Անոր յանձնեցին ուխտագնացի գաւազանն ու վերարկուն, որպէս արտայայտութիւն` թէ բոլորն ալ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին սրբավայր ժամանած են, որպէս ուխտաւորներ։

Աղօթք «Փորցիունքոլայի» մատրան մէջ

Մուտք գործելով Պազիլիքա Քահանայապետը պահ մը ամփոփուեցաւ «Փորցիունքոլայի» մատրան մէջ, վայրը ուր Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին իր շուրջ կը հաւաքէր աղքատները եւ ուր Սրբուհի Պայծառը որոշեց ինքզինք նուիրել Տիրոջ։ Հակիրճ աղօթքէն ետք սկիզբ առաւ խոկումի եւ վկայութիւններու արարողութիւնը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան տարբեր լեզուներով վեց վկայութիւններ, որոնցմէ ետք Նորին Սրբութիւնը իր սրտին խօսքը ուղղելով ներկաներուն, նախ շնորհակալութիւն յայտնեց զինք հրաւիրած ըլլալուն համար, այստեղ` Սուրբ Ֆրանչիսկոսին քաղաքը, «տօնախմբելու համար Աղքատներու Համաշխարհային օրը, որ պիտի յիշատակուի միւս օրը, եւ որ ծնունդ առաւ ձեզմէ» ըսաւ Ան դիտել տալով, որ Ասսիզին միւս քաղաքներու նման քաղաք մը չէ, ան իր մէջ կը կրէ Սուրբ Ֆրանչիսկոսին դիմագիծը ուր ան ապրեցաւ, եւ ընդունեցաւ Աւետարանը բառացիօրէն ապրելու կոչումը։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ուսուցումը

Քահանայապետը ներկայացուց Սուրբի կեանքէն դրուագ մը երբ Ան եւ Եղբայր Մասսէոն մեկնած էին Ասսիզիէն դէպի Ֆրանսա եւ իրենց հետ պաշար չունենալով ստիպուած եղան ողորմութիւն խնդրել ամէն մէկը մէկ ուղղութիւն առնելով ու երբ դարձեալ իրարու կը հանդիպին Սուրբ Ֆրանչիսկոսը հացի մի քանի փոքր փշուրներ հաւաքած էր մինչ Եղբայր Մասսէոն համով հացի մեծ կտորներ։

Ֆրանչիսկոսը այդ հացերը տեսնելով կ՛ըսէ. «Եղբայր Մասսէօ մենք արժանի չենք այս մեծ գանձին»։ Եղբայր Մասսէոն զարմացած հարց կու տայ. «Հայր Ֆրանչեսկոս, ինչպէս կարելի է խօսիլ մեծ գանձի մասին այնտեղ ուր կայ այսքան աղքատութիւն եւ կը պակսին նոյնիսկ անհրաժեշտ բաները։ Ֆրանչիսկոսը կը պատասխանէ «ճիշտ ասոր համար է, որ ես այս Հացը կը նկատեմ գանձ, որովհետեւ այստեղ բան չկայ, ու այն ինչ որ ունինք մեզի նուիրուեցաւ նախախնամութենէն»։

«Ահա Ֆրանչիսկոսին մեզի տուած ուսուցումը», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, «գիտնալ գոհանայ այն քիչով, որ ունինք ու զայն բաժնեկցիլ միւսներուն հետ»։

Եկեղեցին` զոր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը կը մտածէր վերակառուցել

Մենք կը գտնուինք այստեղ «Փորցիունքոլայի» մօտ, շարունակեց Քահանայապետը, եկեղեցին` զոր Սուրբ Ֆրանչիսկոսը կը մտածէր վերակառուցել առանց իմանալու, թէ Տէրը իրմէ խնդրած էր իր կեանքը նուիրել վերանորոգելու համար` ոչ թէ քարէ շինուած եկեղեցին այլ անձերէ, մարդոց ու կիներէ կազմուած եկեղեցին, որոնք այդ եկեղեցւոյ կենդանի քարերն են», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով ապա, թէ իրենք եւս, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի նման, այստեղ եկած են ամփոփուելու լռութեան մէջ եւ աղօթելու, «Տիրոջմէ խնդրելով, որ ունկնդրէ իրենց աղաղակը ու հասնի իրենց օգնութեանք»։

Հիւրընկալութիւնը

«Մեր այստեղ գտնուիլը մեզի կը յիշեցնէ թէ Տէրը մեզ երբեք միայնակ չի թողուր թէ մեզի կ՜ընկերանայ մեր կեանքի իւրաքանչիւր պահի ընթացքին», ըսաւ ապա Քահանայապետը, աւելցնելով որ` «այսօր եւս Տէրը մեր հետն է։ Մեզի կ՜ընկերանայ, ունկնդրութեան, աղօթքի ու վկայութիւններուն մէջ»։

Շեշտը դնելով «հիւրընկալութեան» կարեւորութեան վրայ Սրբազան Պապը հաստատեց, թէ «Հիւրընկալել կը նշանակէ բանալ դուռը, տան դուռը, սրտին դուռը, ու թոյլ տալ անոր որ կը թակէ զայն ներս մտնելու։ Այնտեղ ուր եղբայրութեան զգացում կայ այնտեղ կ՛ապրուի հիւրընկալութեան իսկական փորձառութիւնը։ Իսկ այնտեղ ուր կայ ուրիշէն վախ, անոր կեանքին նկատմամբ արհամարհանք, այդ պահուն կը ծնի մերժումը» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը ակնարկելով Կալկաթայի Մայր Թերեզային, որ իր կեանքը դարձուց հիւրընկալութեան ծառայութիւն եւ որ  ամենալաւ հիւրընկալութիւնը կը նկատէր ժպիտը։

«Ժպիտը բաժնեկցիլ կարիքաւորին հետ բարիք է երկուքին, անոր` որ ժպիտը կը պարգեւէ ու անոր` որ զայն կ՜ընդունի» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, որոնք տարբեր երկիրներէ ժամանած են այստեղ, ապրելու հաւատքի եւ հանդիպման այս փորձառութիւնը։

Թէ ինչպէս ծնունդ առաւ «Աղքատներուն նուիրուած համաշխարհային օրը»

Ան ապա ուզեց գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ աղքատներու համաշխարհային օրուան գաղափարին համար որ, ըսաւ Ան, ծնունդ առաւ աւանդատան մը մէջ, երբ ձեզմէ մին, Էթիէն անունով, ինծի առաջարկեց «Օր մը նուիրել աղքատներուն» եւ ես այդ պահուն Սուրբ Հոգին ներշնչուեցայ իրականացնելու այդ օրը։

«Շնորհակալութիւն Էթիէնին այս տարիներու իր աշխատանքին համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելով նեաւ արարողութեան մասնակցող Կարդինալ Պարպըրէնին, որ ապրեցաւ աղքատութեան, լքումի եւ յուսալքումի փորձառութիւնը ու ինքզինք պաշտպանեց լռութեամբ ե աղօթքով» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Կարիքը ունինք մէկը միւսին

Քահանայապետը հուսկ շարունակեեց. «Մենք կարիքը ունինք մէկը միւսին, նոյնիսկ տկարութեան մէջ, երբ ան ապրուած է միասնաբար, ան կարող է դառնալ ուժ` որ աշխարհը կը լաւացնէ»։ «Շատ անգամ կը լսենք թէ աղքատութեան պատասխանատուները աղքատներն են, առանց մտածելու այն օրէնքներու մասին, որոնք անարդար են ու այն մարդոց կեղծաւորութեան` որոնք կ՛ուզեն հարստանալ աւելի տկարներուն ուսերուն վրայ դնելով յանցանքը։

Ժամն է աղքատներուն վերադարձնելու ձայնը

«Ժամն է որ աղքատներուն վերադարձուի խօսքը, որովհետեւ երկար ժամանակ անոնց խնդրանքները մնացին անտեսուած։ Ժամն է բանալու աչքերը, տեսնելու համար անհաւասարութեան վիճակը, որուն մէջ կ՜ապրին բազմաթիւ ընտանիքներ։ Ժամն է մեր ձեռքերը թօթափելու, վերադարձնելու համար արժանապատուութիւնը, ստեղծելով աշխատատեղիներ։ Ժամն է դարձեալ գայթակղելու` տեսնելով անօթի եւ ստրկութեան մատնուած մանուկները, տարուբերուած նաւաբեկութեան ջուրերուն մէջ, անմեղ զոհեր ամէն տեսակ բռնութեան։ Ժամն է, որ դադրին, կիներուն նկատմամբ բռնութիւնները, յարգուին եւ չի համարուին որպէս սակարկութեան առարկայ: Ժամն է, որ անտարբերութեան շրջանակը կոտրուի, որպէսզի վերաբացայայտենք հանդիպումի եւ երկխօսութեան գեղեցկութիւնը։ Եթէ մարդկութիւնը, մենք մարդիկ եւ կիներ չի սորվինք իրարու հանդիպիլ մենք ուղղուած ենք դէպի շատ տխուր աւարտ մը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Յոյսը

Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` որոնք քաջութեամբ ներկայացուցին իրենց վկայութիւնները, նշելով` որ անոնց խօսքերէն ինք ըմբռնեց մեծ «յոյսի» զգացում։

«Կեանքը ձեր հետ յաճախ բարեացակամ չի գտնուեցաւ, ընդհակառակը ան ձեզի ցոյց տուաւ դաժան դէմք մը։ ԹԷեւ բացառումը, հիւանդութեան եւ առանձնութեան ցաւը, բազմաթիւ անհրաժեշտ միջոցներու բացակայութիւնը, արգելք չի հանդիսացան երախտագիտութեամբ լի աչքերով նայելու այն մանր ու փոքր բաներուն, որոնք ձեզի թոյլ տուին դիմադրել» յարեց Նորին Սրբութիւնը, նշելով, որ դիմադրութիւնը յառաջ կու գայ յոյսէն եւ թէ դիմադրել կը նշանակէ «ուժը ունենալ յառաջ ընթանալու համար, հակառակ ամէն ինչի»։

Դիմադրութիւնը

Դիմադրել կը նշանակէ պատճառներ որոնել չի յանձնուելու դժուարութիւններուն գիտացնելով, թէ մենք այդ դժուարութիւնները մինակ չենք ապրիր այլ միասին, ու թէ միայն միասին է որ մենք կարող ենք զանոնք դիմագրաւել։

«Հայցենք Տիրոջմէ` որ մեզի օգնէ, որպէսզի միշտ գտնենք ուրախութիւնն ու անդորրութիւնը» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը ու խօսքը աւարտեց մաղթերով որ «այս հանդիպումը բանայ բոլորին սիրտը, որպէսզի մենք մեզ դնենք ուրիշներու տրամադրութեան տակ, որպէսզի մեր տկարութիւնները դարձնենք ուժ` որ կ՛օգնէ շարունակելու մեր կեանքին ճանապարհորդութիւնը, որպէսզի մեր աղքատութիւնը վերափոխենք բաժնեկից հարստութեան` լաւացնելու համար աշխարհը»։

Շնորհակալութիւն աղքատներուն

Աղքատներու Օր. Շնորհակալութիւն աղքատներուն, որոնք իրենց սիրտը կը բանան մեզի նուիրելու համար իրենց հարստութիւնը ու բուժելու մեր վիրաւոր սրտերը։ Շնորհակալութիւն անոնց քաջութեան համար։ Շնորհակալութիւն Էթիէն, որ եղար Սուրբ Հոգւոյն ներշնչումին խոնարհ ունկնդիրը։ Շնորհակալ եմ տարիներու աշխատանքիդ համար եւ համառութեան համար` Քահանայապետը Ասսիզի բերելու։

Շնորհակալութիւն բոլորին։ Ձեզ կը կրեմ սրտիս մէջ։ Մի մոռնաք ինծի համար աղօթելու, որովհետեւ ես ալ ունիմ իմ աղքատութիւններս։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2021, 11:34