Ֆրանչիսկոս Պապը Աքուիլայի մէջ. Յիշողութիւնը` ժողովուրդի մը ուժն է

«Ցաւի պահուն բարի խօսքերը կ՛օգնեն սակայն ցաւը կը մնայ, միայն մօտիկութիւն, բարեկամութիւնը, գուրգուրանքը կը փարատէ զայն. միասին քալելը` իրար օգնել որպէս եղբայրներ։ Կամ Աստուծոյ ժողվորուդ ենք կամ ցաւալի հարցերը չեն լուծուիր»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 օգոստոսի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի պարտէզներէն թռիչք առնող ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Իտալիոյ կեդրոնական շրջանի մէջ գտնուող Ապրուցցօ Մարզի մաս կազմող, 2009-ին ահաւոր երկրաշարժի թիրախ դարձած, Կղեստինոս Քահանայապետի դամբանի պատմական քաղաք Աքուիլա, գլխաւորելու համար Կղեստինեան Ներումի 728րդ տօնախմբութիւնը, Քոլլեմաճճոյի Պազիլիքայի Սուրբ Դռան բացումով։

25 Վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք Քահանայապետը փոխադրող ինքնաթիռը վայրէջք կատարեց Աքուլիա քաղաքի մարզական դաշտ, որտեղէն Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Աքուիլա քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցի, որուն հրապարակին վրայ դիմաւորուեցաւ տեղական Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Ճուզեփփէ Փեթրոքիի կողմէ եւ տեղական քաղաքական իշխանութիւններուն կողմէ։

Քահանայապետը Աքուիլայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ
Քահանայապետը Աքուիլայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ

Հանդիպում երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն հետ

Քահանայապետը առ այդ Եկեղեցւոյ բակին մէջ հանդիպում ունեցաւ երկրաշարժի զոհերու ընտանիքներուն հետ ի ներկայութեան տեղական քաղաքական իշխանութիւններուն եւ բնակչութեան, անոնց ուղղելով ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ Քահանայապետը իր մօտիկութիւնը արտայայտեց բոլոր զոհերու ընտանիքներուն ու հարազատներուն ինչպէս նաեւ համայն քաղաքացիներուն, որոնք, ըսաւ Ան, «մեծ արժանապատւութեամբ դիմագրաւեցին այդ աղէտալի իրադարձութեան հետեւանքները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Շնորհակալութիւն հաւատքի վկայութեան համար

Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց` իրենց «հաւատքի վկայութեան համար», որովհետեւ նոյնիսկ ցաւին մէջ իրենց հայեացքը ուղղեցին Քրիստոսին, խաչեալ ու յարուցեալին, որ իր սիրով ազատագրեց ցաւն ու մահը անիմաստութենէն։

«Եւ Յիսուս ձեզ դրաւ հօր բազուկներուն մէջ, որ չի թողուր որ ոչ իսկ մէկ արցունք ապարդիւն հոսի, եւ բոլոր արցունքները կը հաւաքէ իր ողորմած սրտերուն մէջ», յարեց Քահանայապետը հաստատելով, որ այդ սրտին մէջ արձանագրուած են իրենց հարազատներուն անունները։

«Ցաւի պահուն բարի խօսքերը կ՛օգնեն սակայն ցաւը կը մնայ, միայն մօտիկութիւնը, բարեկամութիւնը, գուրգուրանքը կը փարատէ զայն. միասին քալելը` իրար օգնել որպէս եղբայրներ։ Կամ Աստուծոյ ժողվորուդ ենք կամ ցաւալի հարցերը չեն լուծուիր»  ըսաւ Սրբազան Պապը։

Յիշողութիւնը` ժողովուրդի մը ուժն է

Ան գնահատեց ապա անոնց յանձնառումը` կառուցելու Յիշողութեան մատուռը,  ի յիշատակ երկրաշարժի 300է աւելի զոհերուն,  կարեւորելով յիշողութիւնը որ «ժողովուրդի մը ուժն է», ըսաւ Ան, աւելցնելով որ «երբ յիշողութիւնը լուսաւորուած է հաւատքով, այդ ժողովուրդը անցեալին մէջ բանտարկուած չի մնար, այլ կը քալէ ապագային նայող ներկային մէջ, մշտապէս կառչած մնալով իր արմատներուն եւ անցեալի փորձառութիւններէն դաս քաղելով, ըլլան անոնք բարի կամ վատ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ
Ֆրանչիսկոս Պապ

Տաճարները ժողովուրդի մը կեանքի եւ յոյսի մղիչ վայրեր են

«Դուք այս մէկը ցոյց տուիք» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ «շուտով ի գործ դրիք վերաշինութեան արի եւ համբերատար աշխատանքը», ու այս մէկը կատարուեցաւ «հոգեկան, մշակութային ու քաղաքացիական եւ եկեղեցական հասարակութեան ընկերային շինարարութեան հետ միասին», աւելցուց Ան, այս առընչութեամբ շեշտելով միասնականութեան կարեւորութիւնը, ապա նշելով, որ շինարարութեան գործին մէջ պէտք է եկեղեցիներուն եւս յատկացուի յատուկ ուշադրութիւն։

«Այդ քարերը բեղմնաւորուած են հաւաքով ու ազգի մը արժէքներով եւ տաճարները ժողովուրդի մը կեանքի եւ յոյսի մղիչ վայրեր են» ըսաւ Քահանայապետը ու ողջունեց նաեւ այս առիթով Աքուիլա ժամանած Ապրուցցօ Մարզի բանտերէն բանտարկեալներու խումբ մը. հուսկ իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Քահանայապետը Աքուիլայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ
Քահանայապետը Աքուիլայի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ

Երկրաշարժի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հետ հանդիպումէ ետքը Քահանայապետը այցելեց տակաւին շինարարութեան աշխտանքի կարօտ  Աթոռանիստ Եկեղեցին ապա փոխադրուեցաւ Սանթա Մարիա ին Քոլլեմաճճօ Պազիլիքա, ուր նախատեսուած է Սուրբ Պատարագը, Մարեմեան աղօթքը եւ Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2022, 09:25