1661763283647.JPG

Առաքելական Սահմանադրութեան նուիրուած կարդինալներու ժողովի երկրորդ օրը եւ սուրբ պատարագը

Հաւաքին ընթացքին արծարծուած ու քննարկուած կեդրոնական նիւթերը եղան, անձնակազմի կազմաւորումը, Հռոմի Քուրիայի հոգեւորականութիւնը ու մասնաւորէս աշխարհականներու եւ Վատիկանեան Վերատեսչութիւններու ներքոյ անոնց դերը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 30 օգոստոսի երեկոյեան 5,30ին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ մատուցուած եւ Եկեղեցւոյ նուիրուած Սուրբ պատարագով, որուն պիտի նախագահէ Ֆրանչիսկոս Պապը, վերջ պիտի գտնէ «Praedicate Evangelium» Հռոմի Քուրիայի սահմանադրութեան հայող, Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ գումարուած, Կարդինալներու եւ Պատրիարքներու երկօրեայ ընդհանուր ժողովը, որ սկիզբ առաւ երէկ` 29 օգոստոսին եւ որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։

Քննարկուած նիւթեր

Հաւաքին ընթացքին արծարծուած ու քննարկուած կեդրոնական նիւթերը եղան, անձնակազմի կազմաւորումը, Հռոմի Քուրիայի հոգեւորականութիւնը ու մասնաւորէս աշխարհականներու եւ Վատիկանեան Վերատեսչութիւններու ներքոյ անոնց դերը։

Եկեղեցւոյ միսիոներական կոչումը

Նշենք որ անցեալ 5 5 յունիսին ուժի մէջ մտած «Praedicate Evangelium», առաքելական նոր սահմանադրութեամբ շատ մը նախկին «Ժողովներու» կազմը եւ անունը փոփոխութեան ենթարկուեցան, եւ անոնցմէ ոմանք համախմբուեցան մէկ Վերատեսչութեան ներքոյ։ Նոր սահմանադրութեան նպատակն է Հռոմի Քուրիան դարձնել աւելի «միսիոներական», որպէսզի Ան դրուի ի սպաս յատուկ Եկեղեցիներու եւ աւետարանումի ծառայութեան։

Նիստերն ու օրակարգը

Սահմանադրութեան նուիրուած վերոնշեալ ժողովը սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի հակիրճ խօսքով, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ նաեւ Կարդինալական Դասի աւագերէց Ճովաննի Պաթթիսա Ռէն, հուսկ ժողովականները, թիւով գրեթէ 200 հոգի, լեզուային խումբերու բաժնուելով, քննարկեցին զանազան նիւթերը, փոխանակելով գաղափարներ, խնդրելով յստակացումներ եւ առաջարկելով նորութիւններ։

Աշխարհականները

Կեդրոնական նիւթերէն էր, ինչպէս նշեցինք, Աշխարհականներու դերակատարութիւնը։ Արդարեւ Սահմանադրութեան 10րդ կէտին մէջ նշուած է. «Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ, սուրբ մկրտութեան ուժով, միսիոնար աշակերտ է այն չափով, որ ան Յիսուս Քրիստոսի մէջ հանդիպեցաւ Աստուծոյ սիրոյն։ Կարելի չէ նկատի չառնել այս մէկը, Քուրիայի բարեփոխումներուն գործընթացին մէջ, զոր ուստի պէտք է տեսնէ աշխարհականներու ներգրաւումը նաեւ կառավարութեան եւ պատասխանատու դերերուն մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2022, 12:00