Քահանայապետին նուէրը Աքուիլայի Թեմին. Ներումի Տարին մէկ տարիով երկարաձգուած է

Քահանայապետը բացումը կատարեց Կղեստինեան Ներումի Սուրբ Դռան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կղեստինոս Ե Քահանայապետի կողմէ 1294-ին հաստատուած Կեղեստինեան Ներումի 728րդ տօնակատարութիւնը այս տարի նշուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ ու Անոր նախագահութեամբ` կիրակի 28 օգոստոսին։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը առաջին Քահանայապետն է, որ Կղեստինոս Ե Քահանայապետէն ետքը բացումը կատարեց Կեղեստինեան Ներումին Սուրբ Դռան, սկիզբ տալով Ներումի ժամանակաշրջանին, որ ընդհանրապէս կը տեւէր երկու օր եւ կ՛աւարտէր 29 օգոստոսի երեկոյեան, որուն ընթացքին բոլոր հաւատացեալները, որոնք իսկական զղջումով կը մօտենան խոստովանանքի խորհուրդին, կը հաղորդուին ու կ՜աղօթեն Հաւատամքը, Հայր մերը եւ Քահանայապետի դիտաւորութեամբ աղօթքը ու կ՛անցնին Քոլլեմաճճոյի Սուրբ Դռնէն, կ՜ընդունին իրենց մեղքերուն լիակատար ներումը։

Սուրբ Դուռը
Սուրբ Դուռը

Երկուշաբթի 29 օգոստոսի երեկորեան ժամը 18,30-ին Աքուիլայի Թեմին օգնական եպիսկոպոսը փակումը պիտի կատարէ Սանթա Մարիա Տի Քոլլեմաճճօ պազիլիքայի սուրբ դռան, բայց «ներումի» ժամանակաշրջանը պիտի չ՛աւարտի այդ արարողութեամբ, ինչպէս նախատեսուած էր Կելեստինոս Ե Քահանայապետի “Inter sanctorum solemnia” հրովարտակի մէջ, ու կարելի պիտի ըլլայ, Ֆրանչիսկոս Պապին յատուկ հրահանգով, դիմել Ներումին, մինչեւ 2023 Կեղեստինեան Ներումի տօնակատարութիւնը,

Ուստի մինչեւ 28 օգոստոս 2023-ին բոլոր հաւատացեալներն ու ուխտաւորները կարող են ամէն օր այցելել եկեղեցին եւ հայցել ընդհանրական Ներումը, մասնակցելով Սուրբ Կղեստինոս Ե Քահանայապետին ի պատիւ մատուցուած արարողութիւններուն եւ կամ որոշ ժամանակ աղօթելով Անոր դամբանին մօտ։

Քահանայապետը Կղեստինոս Քահանայապետի դամբանին առջեւ
Քահանայապետը Կղեստինոս Քահանայապետի դամբանին առջեւ

«Ներումը ընդունելու համար, պէտք է աղօթել Հաւատամքը, Հայր մերը եւ Քահանայապետի դիտաւորութեամբ աղօթքը, ապա պէտք է դիմել խոստովանքի խորհուրդին ու ընդունիլ Սուրբ Հաղորդութիւնը, ուխտագնացութենէն ութը օրեր ետքը կամ առաջ», գրուած է այս առիթով Աքուիլա թեմին կողմէ հրատարակուած հաղորդագրութեան մը մէջ, ուր նաեւ կը նշուի թէ տարեցները, հիւանդներն ու բոլոր անոնք` որոնք անկարողութեան պատճառաւ չեն կրնար տուներէն դուրս գալ կարող են դիմել Ներումին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2022, 13:00