Քահանայապետը կարդինալներուն. Երբեք մի կորսնցնէք զարմանքը` փրկութեան ճանապարհը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Վերսկսել «աւելի մեծ կարողութեամբ` բոլորին աւետելու համար Տիրոջ սքանչելիքները»։ Այս է Ֆրանչիսկոս Պապին մաղթանքը ուղղուած Նորանշանակ Կարդինալներուն ու համայն կարդինալական դասի անդամներուն, Եկեղեցւոյ նուիրուած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ։ Պատարագ` զոր Ան գլխաւորեց Վատիկանի Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային մէջ երկու օր տեւող եւ առաքելական սահմանադրութեան նուիրուած Կարդինալներու եւ Արեւելքի Եկեղեցիներու Պատրիարքներու ու Պետական Քարտուղարութեան պատասխանատուներու մասնակցութեամբ, Վատիկանի մէջ կայացած ժողովի աւարտին։
Եկեղեցւոյ մէջ զարմանք
Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ «զարմանքի» կարեւորութիւնը, զայն որակելով` «փրկութեան ճանապարհ» ու նաեւ հոգեւոր կեանքի չափանիշը, Աստուծմէ հայցելով, որ միշտ կենդանի պահէ զայն մեր կեանքին մէջ, որովհետեւ մեզ կ՛ազատէ փորձութենէն մենք մեզ զգալու յարգուած ու կը զգուշացնէ «Ստախօսի» թակարդներէն, որ կ՛ուզէ Քրիստոսին հետեւորդները աշխարհականացնել ու զանոնք անվնաս դարձնել։
Փրկութեան պատմութեան զարմանքը
Աշխարհիկութեան փորձութիւնը ուժ եւ յոյս կը խլէ ու մեզի արգելք կը հանդիսանայ «տեսնելու Յիսուսին հայեացքով, որ մեզ կը կոչէ մեր անունով ու մեզ կ՛առաքէ»։
Զարմանքը որուն մասին կը խօսի Քահանայապետը «փրկութեան պատմութեան» ի տես զարմանքն է, որ Սուրբ Պօղոս ամփոփած է Եփեսացիներուն ուղղած նամակին մէջ, որուն ծխնին Քրիստոսն է։ Ամէն ինչ արդարեւ Անոր մէջ կը գտնէ «իր ծագումը, գոյատևումը, նպատակակէտն ու վերջը»։
Յիսուսին կոչին զարմանքը
Կայ նաեւ այլ զարմանք մը որ կարելի է փորձարկել երբ կը համապատասխանենք Տիրոջ կոչին, այնտեղ ուր Ան մեզ կը կոչէ։ Աստուած մեզ կը ներգրաւէ իր փրկութեան ծրագրին մէջ ու այս մէկը յարուցեալ Քրիստոսի առաքեալներուն առաքելութեան իրականութիւնն է։
Յիսուսին հրաւէրը զարմացուց տասնմէկ աշակերտները երբ Ան զանոնք առաքեց աշակերտելու բոլոր ազգերը, մկրտելով զանոնք ու անոնց սորվեցնելով իր պատուիրանները։ Զանոնք զարմացուց նաեւ յոյս եւ մխիթարութիւն տարածող, խոստումը` թէ ինք անոնց հետ է մինչեւ աշխարհիս կատարածը։
Եկեղեցի եւ Եկեղեցւոյ մէջ ըլլալու զարմանքը
«Յարուցեալին այդ խօսքերը տակաւին ուժն ունին մեր սրտերը թռթռելու երկու հազար տարիներ ետքը» ըսաւ ապա Քահանայապետը դիտել տալով, որ Աստուծոյ Խօսքը մեր մէջ կ՛արթնցնէ Եկեղեցի եւ Եկեղեցւոյ մէջ ըլլալու զարմանքը։
«Այդ զարմանքը երբեք չի նուազիր տարիներու հետ, ան չի պակսիր մեր եկեղեցւոյ մէջ ստանձնած պատասխանատուութիւններու աճումին ի տես, անիկա կ՜ուժեղանայ, եւ կը խորանայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ քարոզը աւարտեց ներկայացնելով Եկեղեցւոյ սպասաւորի յատկութիւնները. «Անձ մը, որ գիտէ զարմանալ Տիրոջ ծրագրին առջեւ եւ այդ հոգիով` գորովով կը սիրէ եկեղեցին, պատրաստ ծառայելու անոր առաքելութեան, այնտեղ ուր զինք կ՜ուզէ Սուրբ Հոգին»։
Սրբազան Պապը մաղթեց, որ նաեւ եղբայր կարդինալներուն համար այդպէս ըլլայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ