Քոլլեմաճճօ պազիլիքային սուրբ դուռը Քոլլեմաճճօ պազիլիքային սուրբ դուռը 

Քահանայապետերը եւ Աքուիլա քաղաքը

Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին քահանայապետն է որ 728 տարիներ ետք կը գլխաւորէ Կղեստինեան Ներումի Սուրբ Դռան բացման արարողոիւթիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ Կիրակի օր Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի այցելէ Աքուիլա քաղաքը, ուր ամէն տարի 28 եւ 29 օգոստոսին կը նորոգուի «Ներումի» ծիսակատարութիւնը, որ հաստատուած է Կղեստինոս Ե Քահանայապետի օրով, Անոր գահակալութենէն մէկ ամիս ետքը ` 29 սեպտեմբեր 1294-ին, որով բոլոր անոնց` որոնք իսկական զղջումով խոստովանանքի խորհուրդին կը մօտենան, ապա կը հաղորդուին ու մուտք կը գործեն Սանթա Մարիա Տի Քոլլեմաճօ Եկեղեցի` 28 օգոստոսի երեկոյեան ժամերգութենէն մինչեւ 29 օգոստոսի ժամերգութեան արարողութեան պահը, կարող են ընդունիլ մեղքերու լիակատար թողութիւն։ Ահա այս «ներումի» ծիսակատարութեան 728րդ փուլին առթիւ է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը պիտի կատարէ հովուական իր այցելութիւնը։

Աքուիլայի հովուական այցելութիւնը

Նորին Սրբութիւնը Աքուիլա պիտի փոխադրուի ինքնաթիռով, ուր նախատեսուած է որ Աքուլիա քաղաքի Մայր Տաճարին մէջ՝ որ տակաւին կը կրէ 2009ի զօրաւոր երկրաշարժին վէրքերը, Ան հանդիպի երկրաշարժէն տուժած ընտանիքներուն, քաղաքացիական իշխանութիւններու անդամներուն եւ հաւատացեալներուն` անոնց ուղղելով ողջոյնի խօսք մը, որմէ ետք կը փոխադրուի Սանթա Մարիա Տի Քոլլէմաճոյի տաճար, որուն հրապարակին վրայ կը նախագահէ սուրբ Պատարագին, ապա կ՝արտասանէ Մարեմեան աղօթքը, որուն կը յաջորդէ «Սուրբ դրան բացման արարողութիւնը», որով սկիզբ կը տրուի «Կղեստինեան ներումին»

Ֆրանչիսկոս Պապը առաջին քահանայապետն է որ 728 տարիներ ետք կը գլխաւորէ այս Սուրբ Դռան բացման արարողութիւնը։

Կղեստինեան Ներումը

29 օգոստոս 1294-ին Սանթա Մարիա Տի Քոլլեմաճճօ Պազիլիքային մէջ,  կատարուեցաւ գահակալութեան արարողութիւնը` Փիեթրօ տա Մորրոնէին, որ կ՜առնէ Կղեստինոս 5րդ Քահանայապետի անունը։

Ըստ պատմական տեղեկութիւններուն արարողութեան կը մասնակցին մեծ թիւով կարդինալներ, ազնուական տոհմի անձնաւորութիւններ, Անճոյի թագաւոր Քարլօ Բ ու անոր զաւակը` Քարլօ Մարչելլոն եւ բազմաթիւ հաւատացեալներ, որոնց նորընտիր Քահանայապետը կը շնորհէ լիակատար ներում եւ հրահանգ կու տայ հաշտեցում բանեցնելու քաղաքացիներուն միջեւ, մինչ թագաւորէն կը խնդրէ որ ներում շնորհէ Աքուիլայի ըմբոստներուն։

Գահակալութենէն մէկ ամիս ետք` 29 սեպտեմբեր 1294 կը հրապարակուի Ներումի Կոնդակը, որով ներում կը շնորհուի բոլոր անոնց` որոնք իսկական զղջումով կը դիեն խոստովանանքի եւ մասնակցելով Սուրբ պատարագին ու հաղորդուելով մուտք կը գործեն Պազիլիքա»։

Ներումի առաջին հանդիսաւոր ծիսակատարութիւնը տեղի ունեցաւ 1295ին։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Պենետիկտոս ԺԶ այցերը Աքուիլա

Ֆրանչիսկոս Պապէն առաջ իր նախորդները եւս այցելած են Աքուիլա քաղաքը։ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քոլլեմաճճոյի Պազիլիքաին մէջ պատարագ մատոյց 1980 թուականին, մինչ Պենետիկտոս ԺԶ-ը` 2009-ի ապրիլի 28-ին այցելեց երկրաշարժի թիրախ վայրերը ի միջի այլոց նաեւ Պազիլիքան մտնելով Սուրբ Դուռէն ու Կղեստինոս Քահանայապետի դամբանին վրայ զետեղելով իր Քահանայապետութեան սկիզբի առթիւ իրեն շնորհուած Պալիումը։

Յայտնենք որ Կղեստինոս Հինգերորդ Պապը եղած էր վերջին այն Քահանայապետը, որ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետէն առաջ ներկայացուցած էր իր հրաժարականը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2022, 15:08