1666610345694.JPG

Ֆրանչիսկոս Պապը Քոլլոէսումի մէջ կը մասնակցի «Խաղաղութեան աղաղակ» ձեռնարկի եզրափակիչ արարողութեան։

Եզրափակիչ արարողութենէն առաջ` 16,30ին, նախատեսուած է զանազան կրօններու առանձնական աղօթքները, որոնց շարքին Քրիստոնեաներուն աղօթքը, զոր այս տարի տեղի պիտի ունենայ Քոլլոսէումի ներքոյ, որ խորհրդանիշն է քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին, եւ զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 25 հոկտեմբեր 2022ի կէսօրէն ետք ժամը 5ին Հռոմի աշխարհահռչակ Քոլլոսէում ամփիթատրոնի տարածքին տեղի կ՜ունենայ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Խաղաղութեան աղաղակը. Կրօններ եւ մշակոյթներ երկխօսութեան մէջ»խորագիրով միջկրօնական հանդիպումը, որով կ՛եզրափակուի անցեալ կիրակի օր սկիզբ առած եւ 36րդ փուլին հասած խախաղութեան նուիրուած միջազգային միջրկօնական հանդիպումը։

Ձեռնարկը ներշնչում քաղած է «Ասսիզիի հոգիէն», որ կը հայի այն մեծ հաւաքին, զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.ը նախաձեռնած էր 27 հոկտեմբեր 1986ին, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի ծննդավայրին մէջ համախմբելով աշխարհի տարբեր կրօններու ներկայացուցիչները, միասին աղօթելու եւ հայցելու համար խաղաղութիւնն ու եղբայրութիւնը։

Եզրափակիչ արարողութենէն առաջ` 16,30ին, նախատեսուած է զանազան կրօններու առանձնական աղօթքները, որոնց շարքին Քրիստոնեաներուն աղօթքը, զոր այս տարի տեղի պիտի ունենայ Քոլլոսէումի ներքոյ, որ խորհրդանիշն է քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին, եւ զոր պիտի գլխաւորէ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Խաղաղութեան աղաղակը խորագիրով ձեռնարկը, որ սկիզբ առաւ կիրակի 23 հոկտեմբերին բաժնուած էր 13 թեմաներով նիստերու, իւրաքանչիւրը նուիրուած մէկ նիւթի, որոնց շարքին խաղաղութիւնը, կլիմայական ճգնաժամը, գաղթականութեան հարցը, Սուրբ Զատիկը միասին տօնելու հարցը, միջկրօնական երկխօսութիւնը, հիւլէական պատերազմի վտանգը, համաճարակէն քաղուած դասերը, համաշխարհայնացումի տագնապը….

Խաղաղութեան աղաղակ ձեռնարկի եզրափակիչ արարողութեան աւարտին մասնակցողները պիտի ստորագրեն խաղաղութեան կոչը, որ պիտի յանձնուի խումբ մը պատանիներուն, որոնք իրենց կարգին զայն պիտի յանձնեն ազգային եւ միջազգային քաղաքական աշխարհի ներկայացուցիչներուն։

«Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կողմէ նախաձեռնուած այս հաւաքը կ՛ուզէ շեշտը դնել խաղաղութեան «աղաղակին» վրայ որովհետեւ կը թուայ` որ պատերազմը տեղ չի տար երկխօսութեան, մինչ խաղաղութեան իղձը գոյութիւն ունի եւ շատեր անոր կը ձգտին», ըսած էր Հաւաքի ներկայացումին առիթով Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ` Տիար Մարքօ Իմփալիացցոն հաստատելով «Մեր կոչն է` բանալ խաղաղութեան ուղիներ, երկխօսութեան ուղիներ, կոչն է հասնիլ զինադադարի, ու մասնաւորապէս` թող վերջ դրուի զէնքերու վաճառքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2022, 10:13