2020 ի Խաղաղութեան Աղօթքը 2020 ի Խաղաղութեան Աղօթքը 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մասնակցի «Խաղաղութեան աղաղակը» խորագիրով աղօթքի հանդիպումին։

Խաղաղութեան նուիրուած խաղաղութեան աղաղակը խորագիրով հանդիպումը նախատեսուած է Հռոմի մէջ 23 - 25 հոկտեմբերին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տնօրէն տիար Մաթէօ Պրունի պատասխանելով լրագրողներու հարցումին` տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ 25 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի մասնակցի, Սանդ էճիտիօ հասարակութեան կողմէ կազմակերպուած Հռոմի Քոլոսսէում ամփիթատրոնի տարածքին կայանալիք «Խաղաղութեան աղաղակը» խորագիրով ձեռնարկի ծիրէն ներս նախատեսուած «Խաղաղութեան աղօթքին» աշխարհի միւս մեծ կրօններու ներկայացուցիչներուն հետ միասին։

Յայտնենք թէ ձեռնարկին ներկայացումը տեղի ունեցաւ այսօր` 11 հոկտեմբերին, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախագահ Տիար Մարքօ Իմփալիացցոյի նախագահած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։ 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2022, 13:11