1666433045828.JPG

«Զօրացնել ներքին հոգեւոր կեանքը եւ միշտ դիմել աղօթքին». Ֆրանչիսկոս Պապին յորդորը կուսակրօն քոյրերուն

Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Սրբուհի Պիճիտայի եւ Քոմպոնիան Միսիոնարներու միաբանութիւններու ընդհանուր ժողովին մասնակից քոյրերուն
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 22 հոկտեմբերին ի շարս այլ հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Սրբուհի Պրիճիտայի եւ Քոմպոնիան Միսիոնարներու միաբանութիւններու ընդհանուր ժողովներուն մասնակցող կուսակրօն քոյրերուն։

Արդարեւ այս օրերուն երկու վերոնշեալ միաբանութիւնները Հռոմի մէջ գումարած են իրենց ընդհանուր ժողովները եւ ահա այս ժողովներուն առիթով է ու ժողովներու նիւթին ակնարկելով է, որ Սրբազան Պապը ներկաներուն փոխանցեց իր պատգամը, որուն սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնեց միաբանութիւններուն վկայութեան ու գործունէութեան համար։

Քրիստոս ներքին կեանքի մեկնակէտ

«Ընդհանուր ժողովները շնորհքի պահեր են, ժամանակահատուած` Սուրբ Հոգիին հնազանդելու ու Անոր բացուելու, որպէսզի հասկնանք թէ ո՞րն է առաքելութեան առաջնահերթութիւնը, զոր Աստուած ձեզի յանձնեց Եկեղեցւոյ ու աշխարհի բարիքին համար», ըսաւ Սրբազան Պապը ընդգծելով, թէ անիկա նաեւ առիթ է «դարձեալ մեկնելու Քրիստոսէն, որ իմաստ եւ լիութիւն կը պարգեւէ եկեղեցական ուղեւորութեան»։

«Ան է արդարեւ ներքին ու հասարակական նորոգումին մեկնակէտը» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով, որ ասոր համար է, որ «մեզի համար առաջին կարգին կայ հոգեւոր կեանքը, որ Յիսուսին հետ անձնական յարաբերութիւն է»։

Երեք սէրեր. Միաբանութիւնը, Եկեղեցին եւ աշխարհը

Քահանայապետը առ այդ անդրադարձաւ Սրբուհի Պրիճիտայի միաբանութեան քոյրերու ընդհանուր ժողովի նիւթին` «Երեք սէրեր. Միաբանութիւնը, Եկեղեցին ու աշխարհը» խորագիրով, հրաւիրելով միաբանութեան անդամները նուիրուելու յատկապէս աղօթքին ու մխրճուելու աստուածային սիրոյ մէջ, ապա զայն նուիրելու անոնց` որոնց կը հանդիպին ուղեւորութեան ընթացքին։ Անդրադառնալով միաբանութեան առաքելութեան, որուն մէկ յատկանիշն է հիւրընկալութիւնը` Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ծառայութիւնը ապրիլ, որպէս ուրիշին նկատմամբ բացուածք, մօտիկութիւն եւ բաժնեկցութիւն, որ մէկ բարով կը թարգմանուի «սէր», ըսաւ Ան, նշելով նաեւ, թէ ան «ամենէ առաջ պէտք է ապրուի առօրեայ կեանքին մէջ, մէկը միւսին հոգ տանելով»։

Վերացնել նոր ստրկութիւններն ու անոնց պատճառները

Մատնանշելով ապա Քոմպոնիան միսիոնարներու ընդհանուր ժողովի խորագիրին «Մեր խարիզմով վերափոխուած` աշակերտ միսիոնարներ դէպի գոյութենական արուարձաններ», Նորին Սրբութիւնը ակնարկեց միաբանութեան առաքելութեան, այն է իրենք զիրենք դնել առաքելութեան եւ ժողովուրդներու ծառայութեան տակ, յատուկ հայեացք մը ունենալով աւելիով խոցելիներու հանդէպ։

Սրբազան Պապը քաջալերեց զանոնք հրետելու իրենց հիմնադիրի առաքելական եռանդին` որ 150 տարիներ առաջ հիմնեց միաբանութիւնը, որպէսզի նուիրուի Սուտանի մէջ ապրող աղքատներուն ու ստրկութեան զոհերուն։

«Անոր օրինակով պիտի գիտնաք դուք ձեզ դնել նորոյթ ստրկութեան զոհերու ծառայութեան տակ» ըսաւ Սրբազան Պապը, ակնարկելով պոռնիկութեան, մարդավաճառութեան, բռնի աշխատանքի ու գաղթականներու չարաշահումին, որոնց առընչութեամբ նշեց, թէ «կարելի չէ վերացնել այդ ստրկութիւնները առանց վերացնելու անոնց պատճառները` աղքատութիւնը, անհաւասարութիւնը եւ խտրականութիւնը»։

Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը աղօթքի մարդ

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց ապա թէ այսօր կը յիշատակուի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ ծիսական տօնը։ Ան Աստուծոյ մարդ մը եղաւ եւ շատ կ՛աղօթէր, ժամանակ կը գտնէր աղօթքին համար հակառակ իր առաքելութեան ծանր պարտականութիւններուն։ Այսպիսով կը վկայէր` թէ քրիստոնեային, քահանային, նուիրեալի մը ու Եպիսկոպոսին առաջին պարտականութիւնը աղօթքն է, ու թէ պէտք չէ որեւէ պատճառի համար զանց ընել անձնական աղօթքը»։

«Անոր կեանքին ու վկայութեան այլ յատկանիշը եղաւ մօտիկութիւնը` Աստծոյ ժողովրդին, որ կը դրսեւորուէր մարդոց հետ շփում փնտռելու մէջ։

«Անորմէ ներշնչուեցէք, որպէսզի իրականութիւնը տեսնէք Յիսուսին աչքերով։ Ան ձեզ պիտի օգնէ քալելու ուրախութեան մէջ, հնազանդելով Սուրբ Հոգիին ու ձեր խարիզմները պիտի դարձնէ մարմնացած մարգարէութիւն» ըսաւ հուսկ Սրբազան Քահանայապետը, հայցելով Սուրբ Հոգիին շնորհքները, որպէսզի անոնց պարգեւէ ուժ, «դիմագրաւելու համար այսօրուայ եւ ապագայի մարտահրաւէրները»։

«Սուրբ Կոյսը թող ձեզ պաշտպանէ ու ըլլայ ձեր կրօնական միաբանութիւններուն ուղեւորութեան ապահով առաջնորդը, որպէսզի նպատակին հասցնէք իւրաքանչիւր բարիի ծրագիր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ խօսը եզրափակեց օրհնելով բոլոր ներկաներն ու անոնց բոլոր միաբանակից քոյրերը, աղօթքներ խնդրելով իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/10/2022, 12:04