1666524166449.JPG

«Աղօթքը խաղաղութեան ուժն է». Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյնի խօսքը եւ կոչերը Մարեմեան աղօթքի մասնակցող ուխտաւորներուն

Միսիոներական համաշխարհային օրը, ԵՀՕ, Սպանիայի մէջ Երանելի հռչակուած մարտիրոսները, Եթովպիայի հակամարտութիւնը, Ափրիկեան երկիրները հարուածող ջրհեղեղներ, իտալիոյ համար աղօթքը, «Խաղաղութեան աղաղակը» ձեռնարկը եւ Քոլլոսէումի մէջ միջկրօնական աղօթքը եղան Սրբազան Պապին յետ Մարեմեան աղօթքի իր խօսքին մէջ շօշափած նիւթերը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 23 հոկտեմբերի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով աղօթքին մասնակցող ուխտաւորներուն յիշեցուց. որ «այսօր կը յիշատակուի Միսիոներական Համաշխարհային Օրը, «Իմ վկաներս պիտի ըլլաք» բնաբանով, հաստատելով, որ «ասիկա առիթ է մկրտեալներուս մէջ վերազարթնեցնելու իղձը` մասնակցելու տիեզերական Եկեղեցւոյ առաքելութեան, վկայութեան եւ Աւետարանի հռչակումին միջոցաւ» յարեց Սրբազան Պապը, քաջալերելով բոլորը թիկունք կանգնելու միսիոնարներուն աղօթքով եւ շօշափելի զօրակցութեամբ, որպէսզի կարողանան համայն աշխարհին մէջ շարունակել իրենց աւետարանութեան ու մարդկային զարգացումին ի սպաս առաքելութիւնը։

Երիտասարդութեան Համաշխարհային օր

Սրբազան Պապը մատնանշեց ապա, թէ այսօր կը բացուին Փորթուկալի մէջ կայանալիք 2023ի Երիտասարդներու Համաշխարհային Օրերու մասնակցութեան արձանագրութիւնները, ներկայացնելով այս առիթով իր մօտ կանգնած երկու փորթուկալցի երիտասարդներ, «մինչ ես ալ այժմ, որպէս ուխտաւոր, կը կատարեմ արձանագրութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը հրաւիրելով երիտասարդները իրենց կարգին արձանագրուելու, այդ կարեւոր հանդիպումին։

Սպանացի նոր մարտիրոս Երանելիներ

Ան ապա ակնարկեց երէկ` Մատրիտի մէջ Երանելի հռչակուած Վինչենցօ Նիքազիօ Ռենունչօ Թորիպիտօյին ու անոր 11 ընկերներուն` Ամենափրկիչ Միաբանութեան անդամներ, որոնք 1936 ին սպաննուեցան Սպանիայի մէջ իրենց հաւատքին համար։

«Քրիստոսի այս վկաներուն օրինակը թող մեզ մղէ ըլլալու քաջ ու հետեւողական ու անոնց բարեխօսութիւնը թիկունք կանգնի անոնց` որոնք այսօր աշխարհին մէջ ջանք կը դափեն Աւետարանը սերմանելու» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը։

Եթովպիայի մէջ մտահոգիչ հակամարտութիւնը

Ան ապա յայտնեց, թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Եթովպիայի մէջ հակամարտութեան, անգամ մը եւս կրկնելով, թէ «բռնութիւնը անհամաձայնութիւնները չի լուծեր, այլ միայն կ՛աւելցնէ անոր ողբերգական հետեւանքները»։

«Կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց` որոնք քաղաքական պատասխանատուութիւններ կը կրեն, որպէսզի դադրին անմեղ ժողովուրդներուն տանջանքները ու գտնուին արդար լուծումներ` համայն երկրին մէջ մնայուն խաղաղութեան համար» կոչ ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապը մաղթելով, որ կողմերուն միջեւ երկխօսութեան ու հասարակաց բարիքին ի նպաստ դրուած ջանքերը յանգին հաշտութեան շօշափելի արդիւնքի։

Ափրիկեան երկիրները հարուածող ջրհեղեղներ

«Թող չի պակսին Եթովպացի եղբայրներուն ու քոյրերուն մեր աղօթքը, մեր զօրակցութիւնը ու մարդասիրական օգնութիւնները» ըսաւ Սրբազան Պապը որ ապա ցաւ արտայայտեց Ափրիկեան երկիրները հարուածող ջրհեղեղներուն համար, որոնք, ըսաւ Ան, պատճառեցին զոհ եւ աւերներ։

Աղօթք իտալիոյ մէջ հաշտութեան եւ խաղաղութեան համար

«Կ՛աղօթեմ զոհերուն համար եւ մօտիկ եմ միլիոնաւոր տեղահաններուն ու կը մաղթեմ աւելի մեծ յանձնառում կանխարգիլելու այս աղէտները» ըսաւ հուսկ Քահանայապետը, որ ապա յատուկէն ողջունեց հրապարակ ժամանած իտալացի եւ օտարազգի ուխտաւորները ապա ի տես Իտալիոյ մէջ նոր Կառավարութեան մը կազմաւորումին, Ան աղօթք խնդրեց նաեւ Իտալիոյ մէջ միութեան եւ խաղաղութեան համար։

Խաղաղութեան աղաղակը եւ Քոլլոսէումի մէջ միջկրօնական աղօթքը

Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց հուսկ, թէ միւս օրը`25 հոկտեմբերին, Քոլլոսսէումի մէջ պիտի աղօթէ աշխարհի եւ Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար, քրիստոնեայ եւ այլ կրօններու պատկան ներկայացուցիչներուն հետ միասին, որոնք Հռոմի մէջ համախմբուած են «Խաղաղութեան աղաղակը» հանդիպումին առիթով։

«Ձեզ կը հրաւիրեմ հոգեպէս միանալու այս Աստուծոյ բարձրացող աղերսին. Աղօթքը խաղաղութեան ուժն է։ Աղօթենք, շարունակենք աղօթել մարտիրոս Ուքրանիոյ համար» ըսաւ ապա Քահանայապետը, որ խօսքը եզրափակեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ ինչպէս միշտ խնդրելով, որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2022, 12:40