Ֆրանչիսկոս Պապը Էտիթ Պրուքին հետ Ֆրանչիսկոս Պապը Էտիթ Պրուքին հետ 

«Լոյսի նշոյլներ» խաւարի մէջ․ Սրբազան Պապը՝ Շոահ վերապրած Էտիթ Պրուքի գիրքին նախաբանին մէջ

«La nave di Teseo» հրատարակչատան կողմէ հրապարակուած «Ես Ֆրանչիսկոսն եմ» գիրքը արդեն վաճառքի մէջ է
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հոկտեմբերի 21-էն վաճառքի դրուեցաւ Էտիթ Պրուքի «Ես Ֆրանչիսկոսն եմ» գիրքը՝ հրապարակուած «La nave di Teseo» հրատարակչատան կողմէ։ Հեղինակը կը պատմէ իր հանդիպումի մասին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, որ գիրքին նախաբանը գրած է։

Սրբազան Պապը պատմած է, որ այդ հանդիպումը ինք նախաձեռնած էր՝ կարդալով Շոա-էն մազապուրծ Էտիթ Պրուքի հարցազրոյցը L’Osservatore Romano վատիկանեան թերթին մէջ, ուր իր վրայ ազդած էր «այս կնոջ հանգիստ և լուսաւոր ուժը»։ «Ան կրցած է կեանքին մէջ գտնել, այնուհետև գրական ստեղծագործութեամբ ներկայացնել քանի մը «լուսաւոր նշոյլներ» մարդկութեան պատմութեան ամենէ մութ անդունդներէն մէկուն մէջ» գրած է Նորին Սրբութիւնը։

Ֆրանչիսկոսի նախաբանէն կը տեղեկանանք նաև, որ իրականութեան մէջ ոչ թէ մէկ, այլ մի քանի հանդիպումներու մասին է խօսքը, քանի, որ առաջին անգամ Պապը ինքն այցելած էր 90-ամեայ Պրուքին, ապա իրար հանդիպած են նաև այլ առիթներով հանրային արարողութիւններու ժամանակ և, ի վերջոյ, Սրբազան Քահանայապետն զայն հիւրընկալած է Սանթա Մարթայի իր նստավայրին մէջ։

«Մարդկութիւնը նուրբ, փխրուն բան մըն է, միշտ պատրաստ կոտրուելու, վնասուելու, ապականուելու: Բայց երբեմն կը պատահի հանդիպիլ մարդոց, տիկին Էտիթի նման, որոնք կը բացայայտեն, որ աներևակայելի ուժ ունին, որ կը բխի ոչ ոք գիտի որտեղէն և որը կը յաղթահարէ բոլոր դժուարութիւնները և թոյլ կու տայ մեզ մարդ մնալ», հաստատած է Նորին Սրբութիւնը նախաբանին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/10/2022, 10:47