Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 7 հոկտեմբերի պաշտօնական հանդիպումները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 7 հոկտեմբեր 2022ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդուեց Մատակասկարի Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասին նախագահ` Գերապայծառ Մարի Ֆապիէն Ռահարիլամպոնիայնան, Մեծն Պրիթանիոյ մօտ Պապական նուիրակ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթի, Ժընևի մօտ ՄԱԿ-ի գրասենեակի և մասնագիտացուած հաստատութիւններուն մօտ մշտական դիտորդ, Առևտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան (O.M.C.) և գաղթականութեան Միջազգային կազմակերպութեան մօտ (O.I.M.) Սուրբ Աթոռի ներկայացուցիչ Գերապայծառ Ֆորթունաթուս Նվաչուքվու, հուսկ Տանիմարգի Քարիթասին մէկ պատուիրակութիւնը եւ Ֆրանսախօս Զուիցերիոյ դպրոցներուն մատրանապետերը։
Աղօթքի միջոցաւ ընթանալ դէպի Տէրը
Այս վերջիններուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը անոնց ուղղեց ողջոյնի խօսք մը, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն տեղեակ պահելու համար իրենց գործունէութեան մասին` դպրոցական պատանիներու կողքին, զանոնք «առաջնորդելով դէպի Տէրը, աղօթքի միջոցաւ» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ «լռելեան աղօթքի մէջ է որ ի յայտ կու գան դէմքերը, պատմութիւնները, ժպիտները, արցունքներն ու երազները» եւ ճիշտ այնտեղ է` որ անոնք «կը գտնեն ներքին նոր սլացքը», յառաջ ընթանալու համար։
Սրտերուն մէջ յոյսի նշոյլներ սերմանել
Սրբազան Պապը գնահատեց հուսկ անոնց աշխատանքը հիմնուած երիտասարդներուն հետ ու անոնց նուիրուած չորս տարի առաջ կայացած Սիւնհոդոսի հիմքերուն վրայ, որով, ըսաւ Ան, «ձեր աշխատանքով կարող էք նոր էջեր գրել, «Christus vivit» առաքելական յորդորագիրին մէջ, որ պտուղը եղաւ այդ սիւնհոդոսին։
«Ամէն անգամ, որ ձեզմէ մին կ՛ընկերանայ երկու կամ երեք երիտասարդներու ուղեւորութեան, զանոնք կ՛ունկնդրէ, կ՛անսայ անոնց յուսախաբութիւններուն, ձախողութիւններուն ու տարակոյսներուն, ապա անոնց կը խօսի Յիսուս Քրիստոսի մասին, անոնց սրտերուն մէջ կ՜արթնցնէ յոյսը, եւ կը նորոգուի Էմմաւուսի աշակերտներուն ապրած փորձառութենէն բան մը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով, որ այս մէկը կախում չունի իրենց հմտութիւններէն, այլ «Քրիստոսն է` որ կ՛անցնէ ու Անոր Հոգին է, որ կը գործէ», եւ կարեւորը այն է` որ իրենք այնտեղ գտնուին, պատանիներուն մօտ։
Աշխատիլ միասին
Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ապա ներկաներուն համամիութենական բնոյթը տրուած ըլլալով, որ անոնք կը պատկանին քրիստոնեայ տարբեր եկեղեցիներու «որոնք կը գործեն միասին»։ Ասիկա, ըսաւ Ան, «բարի վկայութիւն մըն է եւ կարող է Եկեղեցին օգնել աճելու եւ ընթանալու միշտ դէպի աւելի լիակատար միութիւն, համաձայն Քրիստոսի կամքին»։
Ասկէ մեկնելով Սրբազան Պապը քաջալերեց ներկաները ընթանալու այդ ուղիին վրայ ապա իր օրհնութիւնները շնորհեց անոնց ու անոնց ընտանիքներուն, ինչպէս միշտ խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ