1665223982177.JPG

Սրբազան Պապին հանդիպումը Երանելի Արթեմիտէ Ծաթթիի սրբադասման առթիւ Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն հետ

Ունկնդրութեան ընթացքին ներկաներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ճառը կեդրոնացուց Սուրբին չորս յատկութիւններուն վրայ` որպէս «գաղթական», որպէս «բոլոր աղքատներուն հարազատ», որպէս «Սալեզեան եղբայր» ապա որպէս «կոչումներու համար բարեխօս»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 8 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու ունկնդրութիւն շնորհեց Սալեզեան միաբանութեան ուխտաւորներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են աշխարհի տարբեր երկիրներէն, մասնակցելու համար` կիրակի 9 հոկտեմբերին Սուրբ Պետրոսի մէջ կայանալիք Երանելի Արթեմիտէ Ծաթթիի սրբադասման արարողութեան։

Ունկնդրութեան ընթացքին ներկաներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ուրախութիւնը յայտնեց հանդիպումին համար, ապա իր ճառը կեդրոնացուց Սուրբին չորս յատկութիւններուն վրայ` որպէս «գաղթական», որպէս «բոլոր աղքատներու հարազատ», որպէս «Սալեզեան եղբայր» ապա` որպէս «կոչումներու համար բարեխօս»։

Գաղթական

«Սալեզեանները Արժանթին հասան 1875 թուականին» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով, որ Արթեմիտէն Սալեզեանները ճանչցաւ Պահիա Պլաքա քաղաքին մէջ, ուր Ան իտալիայէն փոխադրուած էր իր ընտանիքին հետ։ Ընտանիք, որ հաւատարիմ մնացած էր քրիստոնէական աւանդութիւններուն, ուր Արթեմիտէն աճեցաւ քրիստոնեայ սկզբունքներով եւ շնորհիւ Հայր Քարլօ Քավալլիի առաջնորդութեան` անոր մէջ հասունցաւ Սալեզեան կեանքը ընտրելու որոշումը։

Բոլոր աղքատներուն հարազատ

«Երկրորդ յատկանիշը այն է` թէ Երանելի Արթեմիտէն եղաւ բոլոր աղքատներուն հարազատ» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս Ան երիտասարդ տարիքին թիրախ դարձաւ թոքախտի հիւանդութեան եւ Քրիստոնեաներու Օգնութիւն Տիրամօր բարեխօսութեամբ բժշկուելէ ետքը, իր համայն կեանքը նուիրեց աղքատներուն ու մասնաւորապէս աւելիով աղքատներուն, խոցելիներուն ու լքուածներուն։ Անոր մէջ Բարի Սամարացին գտաւ սիրտ, ձեռքեր, գորով եւ այդպիսով Սան Խօսէ եւ Սան Իզիտրօ հիւանդանոցները դարձան` Ռիոօ Նեկրոյի աղքատներուն համար առողջապահական թանկարժէք միջոց մը, որ Ծաթթիին հերոսութիւնը դարձուց «Աստուծոյ սիրոյ ճառագայթումի վայրեր», ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով սուրբին ժրաջան առաքելութեան ու անոր անձնուիրումին Աստուծոյ եւ մերձաւորի բարիքին ի սպաս։

«Արթեմիտէ հաղորդութեան մարդ մըն էր, որ գիտեր աշխատիլ միւսներուն հետ. Մայրապետներ, բժիշկներ, բուժ աշխատողներ, եւ իր օրինակով ու  խորհուրդներով կազմաւորեց մարդիկը, ձեւաւորեց խիղճերը եւ դարձի բերաւ սրտերը» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը անդրադառնալով ապա նոր Սուրբին երրորդ յատկութեան` այն է «Սալեզեան եղբայր» ըլլալու անոր վկայութիւնը։

Սրբազան Պապին հանդիպումը Երանելի Արթեմիտէ Ծաթթիի սրբադասման առթիւ Հռոմ ժամանած ուխտաւորներուն հետ

Սալեզեան Եղբայր

Ան արդարեւ Հայր Էվացիօ Կարրոնէի մահուան օրը խոստովանեցաւ թէ ինք շատ բան կը պարտի Անոր, որովհետեւ Անոր շնորհիւ է, որ ինք դիմեց Քրիստոնէից Օգնութիւն Տիրամօր։ «ՀԱՒԱՏԱՑԻ, որովհետեւ գիտէի թէ քրիստոնէից օգնութիւն Տիրամայրը հայր Կարրոնէին կ՛օգներ տեսանելի կերպով։ ԽՈՍՏԱՑԱՅ, որովհետեւ միշտ իմ իղձս եղած էր մերձաւորին օգնութեան հասնիլ։ Եւ Աստուած լեսլով իր ծառային ձայնը ԲՈՒԺՈՒԵՑԱՅ» ըսած էր Արթեմիտէն։

«Այս երեք բայերը կ՛արտայայտեն Արթեմիտէին կեանքին դպած օրհնութիւնն ու մխիթարութիւնը ու ինք առաքելութիւնը ապրեցաւ իր սալեզեան եղբայրակիցներուն հետ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ ապա խօսեցաւ Սուրբին չորրորդ ու վերջին յատկութեան մասին այն է ` կոչումներուն բարեխօսը։

Կոչումներուն բարեխօս

«Այստեղ ունիմ անձնական փորձառութիւն մը» ըսաւ Քահանայապետը պատմելով, թէ երբ ինք Արժանթինի Յիսուսեաններուն մեծաւորն էր, մօտէն ծանօթացած էր Արթեմիտէ Ծաթթիի կեանքին, ու անոր բարեխօսութեան յանձնած էր Յիսուսեան Միաբանութեան աշխարհական սուրբ կոչումներուն Տիրոջ ներկայացուցած խնդրանքը։

«Երբ սկսանք աղօթել անոր բարեխօսութեամբ երիտասարդ կոչումներուն թիւը զգայուն կերպով աճեցաւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գնահատելով նաեւ աշխարհական «եղբայրներու» կոչումն ու առաքելութիւնը եւ հրաւիրելով զանոնք այդ կոչումը առաջարկել նաեւ երիտասարդներուն, «որպէս աւետարանական կեանքը ձեւ մը նուիրուած փոքրերուն ու աղքատներուն»։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ խօսքը աւարտեց դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր ներկաներուն ապա իր օրհնութիւնը շնորհելով անոնց խնդրեց որ չի մոռնան իրեն համար աղօթելու։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2022, 12:20