Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մէկու մը վերէն վար չնայիլը, իւրաքանչիւր խաղարարի ոճն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը Centesimus Annus Pro Pontifice հիմնադրամին համագումարի մասնակիցներուն. «Լոկ խոնարհ հայեացքով, կրնանք պայքարիլ ընդդէմ շահարկումներու չարիքներուն, որոնք կը պատճառեն պատերազմի փոթորիկներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վազգէն

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 8 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Centesimus Annus Pro Pontifice հիմնադրամի կողմէ կազմակերպուած «Ներառական աճում, աղքատութիւնը արմատախիլ ընելու համար ու խթանելու կայուն զարգացում՝ խաղաղութեան համար», նիւթով համագումարին մասնակիցները։

Այս առթիւ արտասանած ուղերձին սկիզբը, համագումարին նիւթին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց ներառական աճումին իմաստին վրայ նկատել տալով, որ զարգացումը կամ ներառական է կամ ոչ ներառական ու «մեր պարտականութիւնն է՝ աճեցնել տնտեսական իրականութիւնը բարոյական իմաստով, աճեցնել զարգացումի իմաստով, սկսեալ աւետարանի տեսլականէն», ըսաւ Սրբազան հայրը աւեցնելով, թէ «ամէն ինչ կը ծնի այնպէս ինչպէս իրականութեան նայելէն։» Յիսուսի նայուածքը՝ գիտեր տեսնել աղքատ ժողովուրդին մէջ՝ որ երկու լումայ կը դնէր տաճարի գանձարանին մէջ, ամբողջական նուիրումի ժեսթը, (Մարկոս 12,41-44)։ Յիսուսի նայուածքը կը սկսէր ողորմութենէն, աղքատներու եւ բացառուածներուն կարեկցութեան համար»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ, որ «աղքատութեան դէմ կարելի չէ պայքարիլ բարեկեցութեան օգնութեամբ։ Աղքատներուն դրամով օգնելը պէտք է ըլլայ ժամանակաւոր միջոց, արտակարգ իրավիճակներուն դէմ պայքարելու համար։ (Գովեալ Ըլլաս) ու առանց դիւրաբեկ խաւերու համար աշխատանքի քաղաքականութեան խթանումին կը նպաստենք մեկուսացումի համաշխարհային մշակոյթին», ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով «ահա թէ ինչու ապագան կը պահանջէ նոր հայեացք եւ իւրաքանչիւր անձ իր ձեւով կանչուած է յառաջ մղելու՝ աշխարհը նայելու այս տարբեր նայուածքով, սկսեալ անձերէն եւ առօրեային մէջ ապրած կացութիւններէն»։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ «Լոկ խոնարհ հայեացքով, կրնանք պայքարիլ ընդդէմ շահարկումներուն չարիքներուն, որոնք կը պատճառեն պատերազմի փոթորիկներ։ Երբեք՝ ոչ մէկու վերէն վար նայիլը, իւրաքանչիւր խաղարարի ոճն է»։ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Ան ապա պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն իրենց այցելութեան համար, ինչպէս նաեւ ներառական զարգացման աճումին եւ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան ճանաչման համար կատարած աշխատանքներուն համար։ Ապա շնորհելով բոլորին ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն իր առաքելական օրհնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2022, 11:47