Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին անուանուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ
Ռոպէր Աթթարեան -Վատիկան
Երկուշաբթի` 20 նոյեմբեր 2022ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ նշանակեց Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, որ մինչեւ օրս կը վարէր Մեծն Բրիտանիայի մօտ Առաքելական Նուիրակի պաշտօնը։ Ան իր պարտականութիւնները կը սկսի յաջորդ տարուայ յունուարի կէսէն։
Ան կը յաջորդէ 79 ամեայ Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրիին, որ այդ պաշտօնը կը վարէր 9 Յունիս 2007-էն ի վեր։
Կենսագրական գիծեր
Գերապայծառ Քլուատիօ Կուճերոթթին ծնած է Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ` 7 հոկտեմբեր 1955 թուականին եւ 1982-ի մայիսի 29-ին Քահանայ ձեռնադրուած է։
Ան Արևելեան լեզուներու և գրականութեան աստիճան ստացած է Վենետիկի «Ca' Foscari» համալսարանին մէջ, Ծիսակատարութեան «լիչենցա» Քահանայապետական Սուրբ Անսելմոս Համալսարանին մէջ և Արևելեան եկեղեցական գիտութիւններու դոկտորի աստիճանը` Արևելեան Քահանայապետական ինստիտուտի մէջ։
Գերապայծառ Կուճերոթթի հայրաբանութիւն դասաւանդած է Վերոնայի Սան Զենօ աստուածաբանական ինստիտուտի մէջ` 1981-1984 թուականներուն, իսկ աստուածաբանութիւն և արևելեան պատարագ Վերոնայի Համամիութենական հետազօտութիւններու ինստիտուտի մէջ` 1982-1985 թուականներուն:
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովին մէջ աշխատանքը
1985ին կը միանայ Հռոմի Քուրիային՝ աշխատելով Արևելեան Եկեղեցիներու Սուրբ Ժողովին ներքոյ; 1997թ. դեկտեմբերի 17-ին կը դառնայ Ժողովին փոխ քարտուղար եւ այդ տարիներուն հայրաբանութիւն և հայոց լեզու և գրականութիւն կը դասաւանդէ Քահանայապետական Արևելեան ինստիտուտի մօտ:
Հայաստանի մէջ Սուրբ Աթոռի առաջին դեսպան
2001-ի դեկտեմբերի 7-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը զինք կը նշանակէ Վրաստանի և Հայաստանի մէջ առաքելական նուիրակ, հանդիսանալով այդ պաշտօնը ստանձնած առաջին Նուիրակը, անոր տալով Ռավելլոյի տիտղոսաւոր արքեպիսկոպոսի տիտղոսը ու մի քանի օրեր ետք` 13 դեկտեմբերին, անոր կու յանձնէ նաեւ Ատրպէյճանի մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։
Գերապայծառ Կուճերոթթի եպիսկոպոսական օծումը կը ստանայ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Քահանայապետի ձեռքով` 2002 թուականի յունուարի 6-ին։
Պիելոռուսիայ, Ուկրանիա, Մեծն Բրիտանիա
Պենետիկտոս ԺԶ-ը Քահանայապետը 2011 թուականին զինք կը նշանակէ Պիելոռուսիայի մօտ Առաքելական Նուիրակ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը 2015-ի նոյեմբերի 13-ին անոր կը յանձնէ Ուկրանիայի առաքելական նուիրակի պաշտօնը եւ 2020-ի յուլիսի 4-ին զայն կը նշանակէ Մեծն Բրիտանիայի մօտ առաքելական նուիրակ։
Հրատարակութիւններ
Գերապայծառ Կուճերոթթի հեղինակ է տարբեր հատորներու, որոնց շարքին նշենք ` Ներսէս Լամբրոնացիին միտքը «Զոհաբերութեան բացատրութեան» մէջ, (Փատովա` 1991)։ Գրիգոր Նարեկացիի «Կեանքի ծառ»ի թարգմանութիւնը հայերէնէն (Bose 1994)։ Հայկական ձեռնադրութեան պատարագը և Կիլիկեան դարաշրջանը. Եկեղեցիներու միջև հաղորդութեան աստուածաբանութեան ծիսական արդիւնքները (Հռոմ 2001)։
Ռատիօ Վատիկանի հայկական բաժնի անձնակազմը, որ մօտէն ճանչցած է Գերապայծառ Կուճերոթթին, իր ջերմագին շնորհաւորութիւնները կը փոխանցէ նորանշանակ Վերատեսուչին Անոր մաղթելով բեղուն աշխատանք եւ պտղաբեր առաքելութիւն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ