Ֆրանչիսկոս Պապը Մարեմեան աղօթքի պահուն Ֆրանչիսկոս Պապը Մարեմեան աղօթքի պահուն 

«Խաղաղութիւնը կարելի է չյանձնուինք պատերազմին» Ֆրանչիսկոս Պապը

Մարեմեան աղօթքի առթիւ Քահանայապետը յիշեց կլիմային նուիրուած COP27 վեհաժողովը ու մաղթեց որ դրական քայլեր կատարէ դէպի յառաջ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 նոյեմբեր 2022ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գտնուող ուխտաւորներուն ակնարկեց «Laudato si» հարթակին գործունէութեան մեկնարկի առաջին տարեդարձին, որ կը զուգադիպի 14 նոյեմբերին, որուն նպատակն է «խթանել բնապահպանական դարձը եւ անոր համահունչ ապրելակերպ»։

Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այդ ձեռնարկին` աւելի քան վեց հազար անձինք, այս մէկը նկատելով նաեւ «հոյակապ սկիզբ», ուղեւորութեան մը, որ պիտի տեւէ եօթը տարի, որուն նպատակն է պատասխանել երկրին եւ աղքատներու աղաղակին։

Քահանայապետը քաջալերեց մարդկային ապագային համար նախաձեռնուած այդ առաքելութիւնը, «որպէսզի, ըսաւ ան, կարողանայ բոլորին մէջ հրահրել յանձնառում` ի սպաս արարչութեան խնամքին»։

Ասկէ մեկնելով Ան յիշեց նաեւ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցող եւ կլիմային նուիրուած COP27 վեհաժողովը այս առընչութեամբ եւս մաղթելով, որ «քաջութեամբ եւ վճռականութեամբ դրական քայլեր կատարուին դէպի յառաջ Փարիզի համաձայնութեամբ ձեւաւորուած հետքերուն վրայ»։

Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս կոչ ուղղեց մնալու մարտիրոս Ուքրանիոյ եղբայրներուն եւ քոյրերուն մօտ։ «Մօտիկ աղօթքով եւ գործնական զօրակցութեամբ» ըսաւ Ան, «խաղաղութիւնը կարելի է։ Չյանձնուինք պատերազմին» խրախուսեց Սրբազան Պապը, որ ապա ողջունեց Իտալիոյ եւ աշխարհի տարբեր երկիրներէն հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերը եւ խօսքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2022, 12:45