Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ 

Խաղաղութեան համար անհրաժեշտ է իրարու հոգ տանիլ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Ընդունելով Իտալիոյ բոլոր շրջաններէ ժամանած 6000 դպրոցականները՝ որոնք կը մասնակցին Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին Սրբազան Պապը Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի, Բարի Սամարացիի, Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի և Մարթին Լութեր Քինկի վկայութիւններու միջոցաւ անոնց յորդորեց տածել մեծ երազանքներ եւ կերտել խաղաղութիւնը:
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ

 

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր՝ նոյեմբեր 28-ին, Պօղոս Զ անուան սրահէն ներս, ընդունեց Իտալիոյ բոլոր շրջաններէն ժամանած խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի «Վասն խաղաղութեան, խնամատարութեամբ», խորագիրը կրող կրթական ծրագիրին մասնակցող 6000 դպրոցականները՝ իրենց ուսուցիչներու հետ միասին:

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ

Դպրոցներու ազգային ցանցի կողմէ նախաձեռնած այս ձեռնարկը իր աւարտը կը տեսնէ յաջորդ տարուայ մայիսին՝ Փերուճա-Ասսիզի երթով, ուր դպրոցականները հնարաւորութիւնը կ’ունենան ներկայացնելու իրենց աշխատանքի արդիւնքները և առաջարկները:

«Ձեր՝ «Վասն խաղաղութեան, խնամատարութեամբ» կրթական ծրագիրը կ’արձագանքէ երեք տարի առաջ «Համընդհանուր կրթական Դաշինքի» ի նպաստ ուղղած կոչիս բոլոր անոնց, որ կ’աշխատին կրթութեան ոլորտէն ներս, որպէսզի «դառնան արժէքներու քարոզողները» (տեսաուղերձ 2020 հոկտեմբեր 15) », նշեց Ֆրանչիսկոս Պապը այս առթիւ ներկաներուն ուղղուած իր պատգամին սկիզբը:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Ասսիզացին՝ խաղաղութեան ոգեշնչման աղբիւր

Ան շեշտեց նաև, որ Ասսիզի քաղաքը այլևս դարձած է խաղաղութեան առաջ մղման համաշխարհային կեդրոն՝ «շնորհիւ Ֆրանչիսկոս անունով Ասսիզացի այդ անհոգ և ըմբոստ երիտասարդի խարիզմատիկ կերպարի, որ թողուց իր ընտանիքն ու հարստութիւնը՝ հետևեցաւ Տիրոջը», ըսաւ Սրբազան պապը և նկատեց, որ այդ երիտասարդ երազողը այսօր ալ խաղաղութեան, եղբայրութեան, աղքատներու հանդէպ սիրոյ, բնապահպանութեան ոգեշնչման աղբիւր է:

«Դարերու ընթացքին Սուրբ Ֆրանչիսկոս հիացուցած է շատ մարդիկ, նաև՝ զիս, որ, որպէս Պապ, իր անունը կրեցի» յարեց Սրբազան Քահանայապետը:

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ

Բարի Սամարացին՝ որպէս կարեկցանքի գերազան օրինակ

«Որպէսզի խաղաղութիւն ըլլայ հարկաւոր է իրարու հոգ տանիլ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը և օրինակ բերաւ Աւետարանի Բարի Սամարացին, որ «իր ճամփուն վրայ վիրաւոր անծանօթի մը օգնութեան ձեռք կ՛երկարէ և անոր ընկեր կը դառնայ՝ առանց գիտնալու եթէ այդ անծանօթը լաւ մարդ է, կամ սրիկայ մը, հարու՞ստ է, թէ՞ աղքատ:

Աւետարանի խօսքերով Բարի սամարացին «անոր տեսնելով գթաց» (Ղուկաս 10:33)» միտքը շարունակելով, Ֆրանչիսկոս Պապը նշեց, որ «կարեկցանքի դրսևորումներու կը հանդիպինք նաև մեր ժամանակներու ընթացքին՝ ինչպէս տարբեր մարդկանց և հաստատութիւններու, այնպէս ալ՝ անծանօթներու կողմէ, որոնք լռելեայն կը գործեն»:

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ

Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ը և Մարթին Լութեր Քինկը՝ խաղաղութեան վկաներ

Նորին Սրբութիւնը որպէս խաղաղութեան վկաներ ներկայացուց նաեւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ը և Մարթին Լութեր Քինկը:

Յովհաննէս ԻԳ «Բարի Պապ» կամ «Խաղաղութեան» Պապ մականունները ստացած Պապը, Պեռլինի պատի կառուցման, Քուպայի ճգնաժամի, սառը պատերազմի և հիւլէանային զէնքի սպառնալիքի պայմաններուն մէջ, հրապարակեց մարգարէական «Pacem in terris» շրջաբերական թուղթը, որուն 60-ամեակը կը լրանայ 2023-ին, յարեց Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը և հրաւիրեց կարդալ զայն և հետևիլ խաղաղութիւնը պաշտպանելու և տարածելու ուղիին՝ շեշտելով, որ այդ շրջաբերականը արդիական է նաեւ այսօր:

Անդրադառնալով Նոպէլեան մրցանակակիր Մարթին Լութեր Քինկին՝ «մեր ժամանակներու միւս մարգարէին» և անոր յայտնի «Ես երազանք ունիմ» արտայայտութեան, Սրբազան Պապը շեշտեց, որ ցեղային խտրականութեամբ նշանաւորած ամերիկեան իրականութեան մէջ անոր երազանքն էր տեսնել, որ իրեն զաւակները օր մը ապրին որպէս մէկ ազգ, ուր չեն դատուիր իրենց մաշկի գոյնի, այլեւ անհատի արժանապատուութեան համաձայն

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ
Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Խաղաղութեան դպրոցներու ազգային ցանցի կրթական ծրագիրին մասնակցող պատանիներուն հետ

Ֆրանչիսկոս Պապը աւարտին հրաւիրեց պատանիները մասնակցելու Լիզպոնի մէջ կայանալիք Երիտասարդներու համաշխարհային օրուան և շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար:

Ան, ի վերջոյ, յորդորեց դպրոցականները տածելու մեծ երազանքներ, դառնալու խաղաղութեան բանաստեղծներ, եւ զանոնք օրհնելով խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2022, 12:52