Ֆրանչիսկոս Պապը հասաւ Ասդի

Քահանայապետը ի միջի այլոց հանգրուան կատարեց իր մեծ հօր ու մեծ մօր երբեմնի ժողովրդապետութիւն` Հրեշտակներու Տիրամօր Եկեղեցի ուր ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ, հանդիպում ունեցաւ 100 տարեկան ծերունի տիկնոջ մը հետ ապա կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ իր զարմիկներուն հետ։

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին

Սրբազան Քահանայապետը, շաբաթ 19 նոյեմբերին, Վատիկանէն մեկնեցաւ առաւօտեան 10,30 ին եւ Ասդի ժամանեց գրեթէ մէկ ժամ 45 վայրկեան տեւող թռիչքէ ետք, ուր

 դիմաւորուեցաւ «Portacomaro»-ի ժողովրդապետին կողմէ անմիջապէս ուղղուելով իր ազգականներուն տունը եւ ճանապարհի երկայնքին ողջունելով զինք սպասող հարիւրաւոր հաւատացեալներ։

Քահանայապետը ի միջի այլոց հանգրուան կատարեց իր մեծ հօր ու մեծ մօր երբեմնի ժողովրդապետութիւն` Հրեշտակներու Տիրամօր Եկեղեցի ուր ամփոփուեցաւ աղօթքի մէջ, հանդիպում ունեցաւ 100 տարեկան ծերունի տիկնոջ մը հետ ապա կէսօրուան ճաշը բաժնեկցեցաւ իր զարմիկներուն հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապը հասաւ Ասդի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/11/2022, 13:00