Քահանայապետը միջազգային Քարիթասի Արտակարգ Յանձնակատար մը նշանակեց։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երեքշաբթի` 22 նոյեմբեր 2022ին, մինչ «Caritas Internationalis»ը Հռոմի «Վիլլա Աուրելիայի» մէջ գումարած է «Միասին, ծառայել սիրով. Ամրապնդել մեր եղբայրական համագործակցութիւնը» բնաբանով համաժողով մը, լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը կրող հրամանագիր մը, որով Ան Միջազգային Քարիթասին որպէս Արտակարգ Յանձնակատար նշանակեց Դոկտոր Փիեր Ֆրանչեսքօ Փինելլին, անոր տալով լիակատար լիազօրութիւն եւ դադրեցնելով «Caritas Internationalis»ի բոլոր Ղեկաւարներուն պաշտօնները։
Հրամանագիր
Հրամանագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ. «Միջազգային Քարիթասը կ՛աջակցի Գերագոյն Քահանայապետին և եպիսկոպոսներուն իրենց ծառայութիւնը իրականացնելու ամենաաղքատներու և ամենակարիքաւորներու նկատմամբ՝ մասնակցելով մարդասիրական արտակարգ իրավիճակներու կառավարման և համագործակցելով աշխարհի մէջ գթութեան և արդարութեան տարածման գործին՝ Աւետարանի և Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ուսուցումներու լոյսին ներքոյ: Այս առաքելութեան կատարումը բարելաւելու համար անհրաժեշտ կը թուայ վերատեսել գործող կարգաւորող դաշտը՝ զայն աւելի համապատասխան դարձնելու Կազմակերպութեան կանոնադրական գործառոյթներուն, ինչպէս նաև վերջինս նախապատրաստել ընտրութիւններուն որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ Ընդհանուր ժողովին առիթով»։
Անուանում
Հաստատութեան առաջարկուող վերանորոգումին նպաստելու բուռն ցանկութեամբ Դոկտոր Փիեր Ֆրանչեսքօ Փինելլին կ՛անուանեմ Caritas Internationalis-ի Արտակարգ Յանձնակատար, որպէսզի 2022 թուականի նոյեմբերի 22-էն սկսեալ, Ան ժամանակաւորապէս ղեկավարէ զայն, կառավարութեան բոլոր լիազօրութիւններով, ընդհանուր օրէնքի, կանոնադրութեան և կանոնակարգերու համաձայն եւ նպատակայարմարութեան կամ անհրաժեշտութեան պարագային, լիակատար լիազօրութեամբ շեղելու այդ կանոններէն։
Սոյն դրոյթով իրենց պաշտօնէն կը դադրին, Ներկայացուցչական խորհուրդի և Գործադիր խորհուրդի անդամները, նախագահն ու փոխնախագահները, գլխաւոր քարտուղարը, գանձապահը և եկեղեցական օգնականը։
Քահանայապետը, որպէս արտակարգ յանձնակատարի պարտականութիւններուն մէջ աջակից անուանեց դոկտոր Մարիա Ամբարօ Ալոնսօ Էսքոպարը և Յիսուսեան Հայր Պ. Մանուել Մորուժաոն, աշխատակիցներու անձնական ու հոգեւոր առաջնորդութեան համար, ու պարտականութիւն տալով թարմացնելու Միջազգային Քարիթասի կանոնադրութիւնն ու կանոնակարգը, անոնց աւելի մեծ գործունակութեան և արդիւնաւէտութեան համար, առաջնորդելով նեաւ Կազմակերպութիւնը յաջորդ Ընդհանուր Ընտրական Ժողովի նախապատրաստման աշխատանքին մէջ: Այս վերջին պարտականութեան համար, Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանով, արտակարգ յանձնակատարին կ՛աջակցի կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն, որ յատկապէս պիտի զբաղի տեղական Եկեղեցիներու և Քարիթաս ինթերնացիոնալիսի անդամ կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցով:
«Արտակարգ յանձնակատարը կը գործէ Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան Վերատեսչութեան համաձայնութեամբ» նշուած է միշտ Ֆրանչիսկոս Պապին հրամանագիրին մէջ որ կը կրէ 21 նոյեմբեր 2022ի թուականը։
Կարդինալ Չերնիի յայտարարութիւնը
Յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապին սոյն հրամանագիրին մասին Մարդկային Համապարփակ զարգացումի ծառայութեան Վերատեսչութիւնը, որմէ կախեալ է Քարիթասը, հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ մէջբերուած է Վերատեսչութեան Վետրատեսուչ Կարդինալ Մայքըլ Չերնիի մէկ յայտարարութիւնը, ուր Ան կը հաստատէ, որ «վերջին տարիներու ընթացքին տեսանք թէ ինչպէս Քարիթասին հոգատարութեան տակ գտնուող բազմաթիւ մարդոց կարիքները աստիճանաբար աճում արձանագրեցին», ուստի, «անհրաժեշտ է, որ Միղագյաին Քարիթասը լաւապէս պատրաստուած ըլլայ դիմագրաւելու համար այս մարտահրաւէրը»։
«Ֆրանչիսկոս Պապը մեզ կը հրաւիրէ նկատի առնելու «Առաքելութիւնը` զոր Քարիթասը կոչուած է ի գործ դնել Եկեղեցւոյ մէջ....» հաստատած է միշտ Կարդինալ Չերնի դիտել տալով, որ «Բարեգործութիւնը ապարդիւն ներկայացում մը չէ եւ ոչ ալ հասարակ ընծայ մը, որ պէտք է նուիրաբերուի մեր խիղճը լռեցնելու համար», անիկայ «մեր Հօր Աստուծոյ ողջագուրումն է` իւրաքանչիւր մարդու, յատկապէս փոքրագոյնի և տառապանքի մէջ գտնուողներուն»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ