Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատերազմներէն յետոյ դարձի գալ, փոխել ընթացքը եւ ներդնել այն ինչ, որ կարեւոր է»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ Կարդինալ Օմելլա Օմելլա ծիրանաւորին ուղղած նամակով մը միացած է Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլային Պարսելոնա ժամանումին հինգ հարիւր ամեակի տօնակատարութիւններուն։
Անոր պատմութենէն մեզի համար մեծ դաս մը։
Պարսելոնայի թեմի արքեպիսկոպոս եւ Սպանիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախագահ, կարդինալ Խուան Խօսէ Օմելլա Օմելլայի յղած նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նշած է, որ «ճգնաժամերուն միջոցով, Աստուած մեզի կը հաղորդէ, որ պատմութեան Տէրերը չենք, նոյնիսկ եթէ ազատ կը զգանք պատասխանելու այո կամ թ ոչ Անոր շնորհքին կոչերուն. միշտ Անոր սիրոյ ծրագիրն է, որ կ՝ուղղորդէ աշխարհը» ։
Ամէն ինչէն մերկացած
14 նոյեմբեր, 1522ին, Յիսուսեան միաբանութեան ապագայ հիմնադիր, այն ժամանակի «աղքատ զինուոր» մը, մեկնեցաւ Իր Լոյոլայի տունէն՝ հասնելու համար Պարսելոնա եւ նաւարկելու դէպի Երուսաղեմ։ Անոր ճամբորդութիւնը սակայն գրեթէ մէկ տարուայ համար երկար դադար արձանագրեց Մանրեսա քաղաքին մէջ, ուր Սուրբ Իգնատիոս հրաժարեցաւ իր ազնուական զգեստներէն ու իր սուրէն։
«Մեր գլխաւոր հերոսը» կը յիշէ քահանայապետը, «թագաւորին ու իր համոզումներուն ծառայելէ ետք՝ մինչեւ արեան հեղում, վիրաւորուած իր մարմինին ու հոգիին մէջ, մերկացաւ ամէն բանէն եւ որոշեց Քրիստոսի հետեւելու աղքատութեան եւ խոնարհութեան մէջ»։
Տագնապը որպէս հնարաւորութիւն
Այս պահուն նշանակալից է մտածել, որ Աստուած պատերազմէն ու ժանտախտէն օգտուեցաւ Իգնատիոսը առաջնորդելու համար։
Պատերազմը, որ զինք ազատեց Փամփոնային պաշարումէն՝ դարձի գալու պատճառ դարձաւ ու ժանտախտը Պարսելոնա հասնելու պատճառ դառնալով մնաց Մարէսզայի քարանձաւին մէջ։
Սա մեզի համար մեծ դաս մըն է, որովհետեւ չեն պակսիր պատերազմներն ու ժանտախտները դարձի գալէն առաջ։ Հետեւաբար կրնանք զանոնք ընկալել որպէս հնարաւորութիւն փոխելու համար մինչեւ այժմ հետեւած ուղեգիծը եւ ներգրաւուելու այն ինչ որ կարեւոր է»։
Երկիրէն երկինք
Ահա ինչու Ֆրանչիսկոս Պապին համար տագնապները հնարաւորութիւն կը դառնան ճանչնալու համար Աստուծոյ առաջնորդութիւնը.
Իգնատիոս հնազանդ եղաւ այդ կոչին, բայց ամենէն առաջ ան այդ շնորհքը չպահեց իր մէջ, զայն սկիզբէն կիսեց, որպէս պարգեւ ուրիշներուն, որպէս ձեւ ,որ կարող է օգնել ուրիշներուն Աստուծոյ հանդիպելու ու բանալու սիրտերը։
Այդ ժամանակէն ի վեր Անոր հոգեւոր վարժութիւններն ինչպէս կատարելիութեան այլ երթուղիները մեզի կը ներկայացուին, որպէս Յակոբի այն սանդուխը, որ երկրէն դէպի երկինք կը տանի եւ Յիսուս կը խոստանայ անոնց, որ զինք անկեղծութեամբ կը փնտռեն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ