Նազարէթի սուրբ ընտանիքի տօնը Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 30 դեկտեմբերին, Նազարէթի սուրբ ընտանիքին տօնին օրը, հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին սուրբ ընտանիքի մասին թուիթը։
Արժանի է յիշել, որ ամէն տարի Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնին յաջորդ կիրակի օր կը նշուի Յիսուս, Մարիամ եւ Սուրբ հայր Յովսէփի նազարէթի ընտանիքի տօնը։ Սոյն տօնը սկսած է Քանատային մէջ 19-րդ դարուն եւ տարածուած 1920 թուականէն սկսեալ։
Նազարէթի Սուրբ Ընտանիքին տօնը նախնական շրջանին կը նշուէր Յայտնութեան տօնին յաջորդող կիրակի օր։
Նազարէթի ընտանիքին տօնին նպատակն է ընդգծել Նազարէթի ընտանիքի կարեւորութիւնը, որպէս կեանքի իսկական օրինակ մեր ընտանիքներուն համար՝ ներշնչուելու եւ կամ օգնութիւն ու մխիթարութիւն գտնելու համար։
Աւետարանի մէջ նշուած Սուրբ Ընտանիքի մասին նկարագրուած պատմութեան մէջ յատկանշական է շարժումի շատ մը բայեր՝ մեկնիլ, ոտքի կանգնիլ, փախչիլ ,բնակիլ, ապաստան գտնել։
Արդարեւ Նազարէթի ընտանիքը կը հետեւի պատմութեան մէջ գաղթականներու եւ փախստականներուն ուղեւորութեան, միեւնոյն ժամանակ կը վստահի Աստուծոյ, որ գիտէ ազատել իր ժողովուրդը։
Սուրբ Հոգին՝ այսօր եւս կը շարունակէ առաջնորդել բոլոր ժողովուրդները, զոյգերը, ընտանիքները, սակայն ի յարկ է լսել Սուրբ Հոգիին խօսքը, որ մեր հետ կը խօսի։
Ֆրանչիսկոս Պապ այսօրուան թուիթին մէջ գրեց.
«Մանուկ Յիսուսը իր մօր Մարիամի եւ Սուրբ Յովսէփի հետ ողորմութեան եւ փրկութեան լոյս կը ճառագայթեն մարդկային ընտանիքի եւ բոլոր ընտանիքներուն համար։ Այս լոյսը մեզ կը քաջալերէ մարդկային ջերմութիւն պարգեւելու ընտանիքներուն, որոնք կ՝ապրին դժուար կացութեան մէջ»։#SantaFamiglia
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ