Սուրբ Կոյսէն` հայցենք մխիթարութիւն` անոնց համար, որոնք կը տառապին պատերազմի դաժանութենէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 7 դեկտեմբեր 2022ի առաւօտեան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ նախագահած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք տարբեր վայրերէ ժամանած եւ ունկնդրութեան մասնակցող ուխտաւորները, Նորին Սրբութիւնը յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները յիշեցնելով, որ վաղը, կը յիշատակուի Անարատ Յղութեան տօնը.
«Ձեր հայեացքը սեւեռած Սուրբ Կոյս Մարիամին, միշտ համարձակ եղէք հոգիի արժէքները խթանելու մէջ։ Անորմէ, ամենաքաղցր մայր, խնդրենք, մխիթարութիւն անոնց` որոնք կը տառապին պատերազմի դաժանութենէն, մասնաւորապէս մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, աղօթենք այս մարտիրոս ժողովուրդին համար որ շատ կը տառապի», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` որ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը աւարտեց Հայր մեր աղօթքով եւ ներկաներուն իր շնորհած առաքելական օրհնութեամբ։
Յայտնենք որ վաղը` 8 դեկտեմբերին,Անարատ Յղութեան տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Պապը կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն պիտի արտասանէ տօնին նուիրուած Մարեմեան Աղօթքը հուսկ յետմիջօրէին պիտի այցելէ Հռոմի Սպանիա անուամբ հրապարակը, այնտեղ կառուցուած Անարատ Յղութեան արձանի ոտքին աղօթելու ու Սուրբ Կոյսի հովանիին յանձնելու աշխարհիս տառապանքներն ու յոյսերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ