«Ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանցին». Յանձնառու ըլլանք աշխարհը բուժելու նաեւ պատերազմի վիրուսէն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ 16 դեկտեմբերին Հրատարակուեցաւ ու ներկայացումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ Օրուայ պատգամին, որուն բնաբանն է «Ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին։ Վերամեկնիլ Քովիտ-19էն` միասին գծելու համար խաղաղութեան արահետները»։
Մութ գիշերուան մէջ
Covid-ի մութ գիշերէն յետոյ՝ պատերազմին աղէտը։ Եթէ քորոնաժահրին դէմ պատուաստանիւթ յայտնաբերուեցաւ, ապա հակամարտութիւններու բարբարոսութեան դէմ՝ Ուքրանիայի եւ աշխարհի այլ շրջաններուն մէջ, տակաւին բուժման միջոց չկայ:
Խաղաղութեան համաշխարհային 56րդ Օրուայ պատգամին մէջ Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ վերջին տարիներու իրադարձութիւններու պատճառով խոցելի դարձած մարդկութեան, դիմելով կառավարիչներուն, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն և կրօնական առաջնորդներուն՝ անոնցմէ պահանջելով համատեղ յանձնառութիւն՝ «բուժելու» համար աշխարհը։
Քովիտ 19ի հետեւանքները
Անարատ Յղութեան տօնին օրը` Դեկտեմբերի 8ին ստորագրուած փաստաթղթին մէջ Քահանայապետը կը վերադառնայ 2020 թուականին, այսինքն՝ քորոնաժահրին յառաջացուցած ճգնաժամին, որ ««մեզ սուզեց գիշերուայ սրտին մէջ, ապակայունացնելով մեր սովորական կեանքը, մեր ծրագիրներն ու սովորութիւնները, տապալելով նոյնիսկ ամենայառաջացած հասարակութիւններուն թուացեալ անդորրութիւնը, յառաջացնելով ապակողմնորոշում և տառապանք՝ պատճառ դառնալով մեր բազմաթիւ եղբայրներու և քոյրերու մահուան» կը գրէ Սրբազան Պապը ակնարկելով համաճարակի պատճառաւ յառաջացած խուճապին, բոլոր մակարդակներու վրայ ու նաեւ անոր երկարաժամկէտ հետեւանքներուն, անձերու եւ ընտանիքներու վրայ, որոնց շարքին նաեւ ազատութեան սահմանափակումը։
Սիրտը բաց պահել յոյսին
Քահանայապետը կը մեկնի Սուրբ Պօղոսին Թեսաղոնիկեցիներուն Ա նամակէն քաղուած հատուածէ մը, որուն միջոցաւ առաքեալը Թեսաղոնիկէի հասարակութիւնը կը հրաւիրէ հաստատ մնալու Տիրոջ հետ հանդիպումը սպասելով ու կարող ըլլալու պատմութիւնն ու իրադարձութիւնները դիտելու ուշադիր աչքերով, սիրտը բաց պահելով յոյսին ու վստահութիւն ունենալով Աստուծոյ վրայ, որ մշտապէս ներկայ է ու մեզի կ՛ընկերանայ քնքշութեամբ։
Անհանգստութիւն, հակասութիւններ, անհաւասարութիւններ
« Համավարակը ի յայտ դրաւ ընկերատնտեսական ոլորտի որոշ հակասութիւններ եւ անհաւասարութիւններ» կը գրէ Սրբազան Պապը դիտել տալով, թէ ինչպէս ան սպառնալիք դարձաւ աշխատանքային ապահովութեան ու աճեցուց առանձնութիւնը, յատկապէս հարուածելով ամենադիւրաբեկները։
«Հազուադէպ է` որ անհատները և հասարակութիւնը յառաջադիմեն այսպիսի իրավիճակներուն մէջ, որոնք կը յառաջացնեն պարտութեան և դառնութեան զգացում. Իրականին մէջ այս մէկը կը թուլացնէ խաղաղութեան ի սպաս դրուած ջանքերը և կը յառաջացնէ սոցիալական բախումներ, հիասթափութիւններ և տարբեր տեսակի բռնութիւններ` մեր աշխարհի նոյնիսկ ամենախաղաղ շրջաններուն մէջ, առաջ բերելով անթիւ փխրունութիւններ»:
Ճգնաժամէն կարելի չէ դուրս գալ առաջուայ նման
Երեք տարիներ ետքը պահն է ժամանակ յատկացնելու մենք մեզ հարցաքննելու, սորվելու, աճելու եւ թոյլ տալու բարեփոխուիլ, որպէս անհատներ եւ որպէս հասարակութիւն։ Ճգնաժամային պահերէն կարելի չէ դուրս գալ առաջուայ նման, դուրս կու գանք կամ աւելի լաւ կամ աւելի վատ եւ մենք այսօր հրաւիրուած ենք հարց տալու ի՞նչ սորվեցանք համավարակէն, ո՞րմէկ նոր ճանապարհներ պէտք է յանձն առնենք ձերբազատուելու համար հին սովորութիւններէն, որպէսզի աւելի լաւ պատրաստուած ըլլանք եւ ձգտինք նորութեան։ Ի՞նչ կեանքի եւ յոյսի նշաններ կարող ենք քաղել յառաջ ընթանալու եւ մեր աշխարհը աւելի լաւ դարձնելու համար։
Կարիքը ունինք մէկը միւսին
Վստահաբար ձեռքով դպչելէ ետք մարդկային իրականութիւնը յատկանշող փխրութեան մենք կարող ենք ըսել, որ Քովիտ 19 մեզի թողած ամենամեծ դասը գիտակցութիւնն է` թէ մենք բոլորս կարիքը ունինք մէկը միւսին, ու թէ մեր ամենամեծ գանձը` մարդկային եղբայրութիւնն է, հիմնուած աստուածային միասնական որդեգրութեան վրայ, ապա դասը` թէ ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին»։
Հրատապ է ուստի ջանալ միասին խթանել տիեզերական արժէքները, որոնք կը գծեն մարդկային եղբայրութեան ուղեւորութիւնը։
Մենք սորվեցանք նաեւ, որ յառաջադիմութեան, արհեստականութեան, եւ համաշխարհայնացումի հետեւանքներու վրայ մեր դրած վստահութիւնը, ոչ միայն չափէն աւելի էր այլեւ վերածուեցաւ անհատապաշտական և կռապաշտականթունաւորումի՝ խաթարելով արդարութեան, համերաշխութեան և խաղաղութեան ցանկալի երաշխիքը։
Միասին
Բայց եւ այնպէս կարողացանք նաեւ ականատես ըլլալ դրական բաներու` որոնց շարքին զօրակցութեան նորոգուած հոգիի մը դրսեւորումը, որ մեզ կը քաջալերէ դուրս գալու մեր եսասիրութենէն ու բացուելու միւսներու ցաւերուն եւ անոնց կարիքներուն, ու նաեւ յանձնառումը` բազմաթիւ մարդոց, որոնք անձնանուիրումով գործեցին, որպէսզի բոլորը կարողանան յաղթահարել ճգնաժամին ողբերգութիւնը։
Այս փորձառութենէն ի յայտ եկաւ աւելի ուժեղ գիտակցութիւնը, որ կը հրաւիրէ բոլորս՝ ժողովուրդներ և ազգեր, կրկին «միասին» բառը ընտրելու որպէս կեանքի կեդրոն: Իրապէս, մենք միասին, եղբայրութեամբ և զօրակցութեամբ է, որ կը կերտենք խաղաղութիւնը, կ՜ երաշխաւորենք արդարութիւնը, կը յաղթահարենք ամենացաւալի իրադարձութիւնները։
Եղբայրական և անշահախնդիր սէր
Համաճարակի դէմ ամենաարդիւնաւէտ պատասխանները եղան անոնք, որոնք տեսան` սոցիալական խումբեր, պետական և մասնաւոր հաստատութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ, որոնք միացան արձագանքելու մարտահրաւէրին՝ մէկ կողմ դնելով որոշակի շահերը: Միայն եղբայրական և անշահախնդիր սէրէն բխող խաղաղութիւնը կարող է օգնել մեզի յաղթահարելու անձնական, սոցիալական և համաշխարհային ճգնաժամերը։
Պատերազմի պատուհասը
Միևնոյն ժամանակ, երբ սկսանք յուսալ որ Քովիտ-19 համաճարակի խաւարը յաղթահարուած է, նոր սարսափելի աղէտ մը ներխուժեց մարդկութեան վրայ։ Մենք ականատես եղանք այլ պատուհասի մը յառաջացումին,՝ այլ մէկ պատերազմ մը, որ մասամբ համեմատելի է Քովիտ-19-ի հետ, բայց, այնուամենայնիւ, պայմանաւորուած մարդկային մեղաւոր ընտրութիւններով:
«Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը զոհեր կը յառաջացնէ եւ անորոշութիւն կը տարածէ ամենուրէք» եւ այս մէկը յետ քովիտեան մեր յուսացած եւ անկնկալած շրջանը չէր։
Դժուար յաղթահարուելիք վիրուս
Այս պատերազմը աշխարհի վրայ տարածուած միւս բոլոր պատերազմներուն հետ, կը ներկայացնէ համայն մարդկութեան համար պարտութիւն մը եւ մինչ Քովիտ-19-ի դէմ պատուաստանիւթը յայտնաբերուեցաւ, պատերազմի համար համապատասխան լուծումներ դեռ չեն գտնուած։ Պատերազմի վիրուսը, անշուշտ, աւելի դժուար է յաղթել, քան այն վիրուսները, որոնք կը հարուածեն մարդու օրկանիզմը, քանի որ ան դուրս կու գայ ոչ թէ դուրսէն, այլ մեղքով ապականուած մարդու սրտէն (տես Մարկոսի Աւետարան 7.17-23):
«Մենք»ը
Այս իրողութեան դիմաց հարկաւոր է նախ եւ առաջ թոյլ տանք, որ մեր սրտերը փոխուին ապրուած տագնապէն, թոյլ տանք` չի մտածել մեր անձնական կամ ազգային շահերուն այլ հասարակական հոգիով` հասարակաց բարիքին, այսինքն «մենք»ին` որ բացուած ըլլայ տիեզերական եղբայրութեան։
Ժամն է, որ բոլորս յանձնառու ըլլանք մեր ընկերութեան եւ մոլորակի բուժման գործունէութեան մէջ ստեղծելով հիմքերը աւելի արդար եւ խաղաղ աշխարհի մը, որ լրջօրէն ներգրաւուած ըլլայ որոնելու բարիքը, որ ըլլայ իսկապէս միասնական։
Ճգնաժամերու փոխկապուածութիւնը
Այս ընելու համար չենք կրնար անտեսել այլ մէկ հիմնական իրականութիւն մը. Մեր ապրած բարոյական, սոցիալական, քաղաքական և տնտեսական բազմաթիւ ճգնաժամերը, բոլորն ալ փոխկապուած են, և անոնք` զոր մենք կը տեսնենք որպէս առանձին խնդիրներ, իրականին մէջ մէկը միւսի պատճառն է կամ հետևանքը: Ուստի կոչուած ենք պատասխանատուութեամբ և սրտացաւ վարմունքով դիմակայելու մեր աշխարհի մարտահրաւէրներուն։
Հասարակութեան և մոլորակի բուժում
Մենք պէտք է վերատեսենք բոլորի համար հանրային առողջութեան ապահովումը, խթանենք խաղաղութեան գործողութիւններ՝ վերջ դնելու համար հակամարտութիւններուն և պատերազմներուն, որոնք կը շարունակեն զոհեր և աղքատութիւն առաջացնել, համաձայնաբար հոգ տանինք մեր հասարակաց տան և իրականացնենք յստակ և արդիւնաւէտ միջոցներ կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի համար, պայքարինք անհաւասարութեան վիրուսի դէմ և երաշխաւորենք սնունդ և արժանապատիւ աշխատանք բոլորին՝ աջակցելով անոնց, որոնք նոյնիսկ նուազագոյն աշխատավարձ չունին և մեծ դժուարութիւններու մէջ կ՜ապրին։ Անօթի ժողովուրդներու գայթակղութիւնը մեզ կը վիրաւորէ։
Հիւրընկալութիւն եւ ընդելուզում
Մենք պէտք է զարգանանք համարժէք քաղաքականութեամբ, հիւրընկալութեամբ եւ ընդելուզումով, յատկապէս գաղթականներու նկատմամբ և նկատմամբ անոնց, որոնք կ՜ապրին որպէս անտեսուած մեր հասարակութիւններուն մէջ:
Միայն այս իրադարձութիւններուն մէջ մենք մեզ ներգրաւուելով, Աստուծոյ անսահման և ողորմած սիրով ներշնչուած անշահախնդիր ցանկութեամբ մենք կը կարողանանք կառուցել նոր աշխարհ մը և նպաստել Աստծոյ Թագաւորութեան կառուցումին, որ սիրոյ, արդարութեան և խաղաղութեան Թագաւորութիւն է:
Կերտենք լաւ տարի մը
Կիսելով այս մտորումները՝ ես յոյսով եմ, որ նոր տարուան մէջ մենք կը կարողանանք միասին քայլել՝ գնահատելով այն, ինչ որ պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ:
Լաւագոյնն մաղթանքներս կը յղեմ պետութիւններու կառավարիչներուն, միջազգային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն, տարբեր կրօններու առաջնորդներուն։
Բոլոր բարի կամքի տէր այրերուն եւ կիներուն կը մաղթեմ, որ որպէս խաղաղութեան արհեստաւորներ, օրէ օր կերտեն լաւ տարի մը:
Անարատ Մարիամ, Յիսուսի մայր և խաղաղութեան թագուհի, բարեխօս եղիր մեզի և ամբողջ աշխարհին համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ