1671006494480.jpg

Յիսնակացի շրջանը մեզի կը յիշեցնէ քրիստոնէական հիմնական վերաբերմունքը. Հսկողութիւնը։ Չմոռնալ ուքրանացիները։

Քահանայապետը դարձեալ հրաւէր ուղղեց աղօթելու Ուքրանիոյ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար. «Սուրբ Ծնունդ մը այո, բայց սրտին մէջ ունենալով ուքրանացի մեր եղբայրներն ու քոյրերը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 դեկտեմբեր 2022ի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, ներկայացնելէ ետք օրուան խորհրդածութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունեց հրապարակային ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալներուն խումբերը, որոնք ժամանած են աշխարհի տարբեր վայրերէ։

Քրիստոնէական հիմնական վերաբերմունքը` հսկողութիւնը

Ֆրանսացի ուխտաւորներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Ան նշեց թէ «Գալստեան շրջանը մեզի կը յիշեցնէ քրիստոնէական հիմնական վերաբերմունքը` հսկողութիւնը»։

«Կը սպասենք Տիրոջ գալուստեան ու զայն կ՛ընենք ուշադիր ըլլալով մեր դիւրաբեկ եղբայրներուն, որոնք կը թակէն մեր սրտին դռները։ Այսպիսով մենք կը կառուցենք մեր կեանքը, զատորոշումի միջոցաւ, Աւետարանի հետ համահունչ։ Խնդրենք Տիրոջմէ, որ մեզ արթուն պահէ խոնարհութեամբ եւ տրամադրութեամբ» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Բաժնեկցութիւնը

Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած ողջոյնի խօսքին մէջ Ան հաստատեց, թէ գալստեան շրջանը բաժնեկցութեան պահ մըն է, այս առնչութեամբ ակնարկելով Քարիթասի «Ընտանիքէ ընտանիք» ձեռնարկին, որուն շնորհիւ թիկունք կը կանգնեցուի կարիքաւոր մարդոց, որոնք համայն աշխարհին մէջ թիրախ են զինուած հակամարտութիւններուն ու մարդասիրական ճգնաժամերուն։ «Այս տարի այդ օգնութիւնները պիտի սահմանուին Ուքրանացի ընտանիքներուն» յարեց Սրբազան Պապը քաջալերելով յարատեւել բաժնեկցութեան ուղեւորութեան մէջ։

Աստուծոյ կամքին յարում

Իսկ իտալացի ուխտաւորներուն ուղղած խօսքէն ետքը Քահանայապետը յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները, անոնց ներկայացնելով Խաչի Սուրբ Յովհաննէսի օրինակը` որուն տօնը կը յիշատակուի այսօր, ըսաւ Ան, հրաւիրելով այդ Հոգեւոր Վարդապետի օրինակով առօրեայ կեանքի մէջ վկայեն իրենց Աստուծոյ կամքին յարումը։

Չմոնռնանք ուքրանացի տառապող ժողովուրդը

Նորոգենք ըսաւ ապա Սրբազան Պապը մեր մօտիկութիւնը մարտիրոս ուքրանացի ժողովուրդին, յարատեւելով թախանձագին աղօթքներով ի նպաստ մեր մեծապէս տառապող եղբայրներուն ու քոյրերուն։ Ան ապա ակնարկելով Սուրբ Ծննդեան տօներուն հրաւիրեց տօնական նուէրներուն տեղ օգնութիւններ մատուցել Ուքրանացի ընտանիքներուն որոնք իրապէս կը տառապին։ Սուրբ Ծնունդ մը այո, ըսաւ Քահանայապետը, բայց սրտին մէջ ունենալով ուքրանացի մեր եղբայրներն ու քոյրերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2022, 09:46