Քահանայապետը ԵՀՕ կամաւորներուն. Դուք կաղապարներ փշրող ուժ էք
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
5 դեկտեմբերին նշուող Կամաւորներուն նուիրուած միջազգային օրուան առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղեց յառաջիկայ տարի` մէկէն վեց օգոստոսին լիզպոնի մէջ կայանալիք ԵՀՕ կամաւորներուն, իր շնորհակալութիւնը յայտնելու համար անոնց տածած մեծ աշխատանքին համար, խօսելով բոլոր այն անհատներու վեհանձնութեան մասին, որոնք իրենց կամաւոր աշխատանքով թիկունք կը կանգնին Եկեղեցւոյ գործունէութեան ու այս առնչութեամբ հաստատեց, որ «կամաւորութիւնը Աստուծմէ պարգեւուած շնորհք է»։
«Կամաւորութիւնը, ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը կաղապարներ փշրող ուժ մըն է, որ հնարաւորութիւն կու տայ դուրս գալու արկղերէն, իրագործելու համար բան մը»։
Ան նշեց նաեւ, թէ երբ ինք եկեղեցի մը կ՜այցելէ զինք ցնցող իրականութիւններէն մին «կամաւորութեան ուժն է»։ Այո, ըսաւ Քահանայապետը, կայ եպիսկոպոսը, քահանան, մայրապետները եւ աշխարհականները, բայց «կամաւորութիւնը միութիւն կը ստեղծէ»։
Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը թուարկեց կամաւորի յատկանիշները, անիկա «յամառ է, նախագիծեր կ՜ իրականացնէ»։ Նորին Սրբութիւնը ապա գործնական օրինակներ ներկայացուց, որոնց շարքին հիւանդներու հետ կամաւոր աշխատանքը երբ, «այրեր եւ կիներ իրենց ամբողջ օրը պատրաստ են տրամադրելու հիւանդներու ծառայութեան»։
«Կամաւորութիւնը Աստուծոյ շնորհք է: Կը խնդրեմ զայն ընկալեցէք մեծ ուժով» եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յորդորը մինչ պատգամին աւարտին Ան քաջալերեց կամաւորները յարատեւելու իրենց աշխատանքին մէջ շնորհակալ ըլլալով անոնց առատաձեռնութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ