Ֆրանչիսկոս Պապ Քուրիայի անդամներուն «Զգոյշ ըլլանք սատանան միշտ կը վերադառնայ, ուրիշներէն աւելի վտանգի մէջ ենք։

Ֆրանչիսկոս Պապ Քուրիայի անդամներուն յղած խօսքին մէջ խօսեցաւ «կրթուած սատանաներու» ուշադրութիւն ընելու մասին, որոնք կարող են մոլորեցնել ան, որ եկեղեցւոյ կը ծառայէ, այն համոզումով, թէ այլեւ անհրաժեշտ չէ դարձի գալը։ Ֆրանչիսկոս Պապ զրուցեց խաղաղութեան մասին որ սիրտերէն կը յառաջանայ, յորդորելով Յիսուսի դիմաց զետեղել ամէն տեսակի զէնքերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 22 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հռոմի Քուրիայի անդամները, Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնին առիթով։

Այս առթիւ արտասանած ճառը Ֆրանչիսկոս Պապ սկսաւ ըսելով, թէ «Տէրը դարձեալ անգամ եւս շնորհքը կու տայ նշելու Իր ծննդեան խորհուրդը» աւելցնելով, որ «ամէն տարի մսուրին մէջ պառկած Մանուկին ոտքերուն դիմաց կու գանք մեր կեանքին նայելու՝ սկսեալ այս յատուկ լոյսէն ու այդ լոյսը այս աշխարհի փառքի լոյսը չէ, այլ «Ճշմարիտ լոյսն է, որ կը լուսաւորէ ամէն մարդ»։ (Յովհ 1,9)։

Իւրաքանչիւր անձ կանչուած է վերադառնալու իր կեանքին էականին

Սրբազան Հայրը խօսելով Աստուծոյ խոնարհութեան մասին նշեց, թէ «Աստուծոյ Որդիին հեզութիւնը, որ կու գայ մեր մարդկային վիճակին մէջ՝ մեզի համար իրականութեան հաւատարիմ մնալու դպրոց է ու այնպէս ինչպէս Աստուած ընտրեց աղքատութիւնը՝ որ պարզապէս բարիքի բացակայութիւնը չէ՝ այլ էականութիւն է, միեւնոյն ձեւով իւրաքանչիւր անձ կանչուած է վերադառնալու իր կեանքին էականին, թափելու համար այն ամէն ինչ, որ աւելորդ է եւ որ կարող է խոչնդոտ դառնալ սրբութեան ճանապարհին։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց՝ երբ մարդ մը կ՝ուսումնասիրէ իր սեփական գոյութիւնը ու անցուցած ժամանակը պէտք է միշտ որպէս ելակէտ ունենայ լաւ մասին յիշողութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա գոհութիւն յայտնելով ընթացիկ տարուան ընթացքին Տիրոջ կողմէ շնորհուած պարգեւներուն համար, անդրադարձաւ տարուան ընթացքին տեղի ունեցած եղելութիւններուն, որոնց շարքին յիշեց Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի 60 ամեակը նշելով, թէ Տիեզերական ժողովի ձեռնարկը համայն եկեղեցւոյ համար դարձի գալու առիթ մըն է:

Սրբազան Հայրը հուսկ խօսքը կեդրոնացնելով դարձի գալու վրայ նկատել տուաւ, որ ամենէն մեծ հարցը կը կայանայ այն բանին մէջ,  երբ անձ մը կը վստահի լոկ իր ռազմավարութիւններուն եւ յայտագիրներուն վրայ մատնանշելով, որ կարգ մը ձախողութիւններ շնորհք են, որովհետեւ կը յիշեցնեն թէ պէտք չէ վստահիլ մեր անձին վրայ այլ Տիրոջ վրայ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց Քուրիայի անդամները մեծ ուշադրութիւն դարձնել իրենց գոյութեան այս պահուն, որ պայմանաւորուած է այն բանով, որ անոնց ներկայ կեանքը տան ներքեւ կը գտնուի, հաստատութեան մը պատերուն ներքեւ՝ Սուրբ Աթոռի ծառայութեան ի սպաս, եկեղեցւոյ մարմնի սիրտին մէջ ու այս պատճառաւ անոնք ենթարկուած են այն մտածումի փորձութեան մէջ, որ իրենք լաւագոյններն ու ապահով վիճակի մէջ կը գտնուին ու կարիքը չ՝ունին դարձի գալու։ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց, որ Քուրիայի անդամները միշտ աւելիով վտանգի մէջ են, որովհետեւ անոնք «կրթուած սատանային« ծուղակի տակ կը գտնուին, դիտել տալով որ սատանան չի գար աղմուկ բարձրացնելով այլ ծաղիկ բերելով։

Խաղաղութեան կարեւորութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսեցաւ խաղաղութեան նիւթի մասին նշելով, որ Եսայի մարգարէն Մեսիային վերագրած տիտղոսներէն մէկը եղաւ «խաղաղութեան իշխան» բառը։Յիշեց Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ տեղի ունեցած պատերազմները, նկատել տալով, որ պատերազմն ու բռնութիւնը միշտ ձախողութիւններն են, իսկ Աւետարանը միշտ խաղաղութեան Աւետարան է ու Աստուծոյ անունով չէ կարելի սուրբ պատերազմ յայտարարել։

«Հոն ուր մահ, բաժանում, պատերազմ եւ մեծ ցաւ կը տիրէ այնտեղ կրնանք ճանչնալ միայն խաչուած Յիսուսը», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ խաղաղութեան մշակոյթը չէ կարելի կառուցել լոկ ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ։ Անիկա կը սկսի իւրաքանչիւր քրիստոնեայի սիրտին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ, որ եթէ իսկապէս կ՝ուզենք, որ դադրի պատերազմի աղմուկը ու տեղ տանք խաղաղութեան, պէտք է ամէն մէկը իր անձէն սկսի, ապա յիշելով Սուրբ Պօղոսի խօսքը՝ բարեգործութիւնը, ողորմութիւնը եւ ներողամտութիւնը մեր ունեցած դեղամիջոցն են խաղաղութիւն կառուցելու համար յարեց, թէ բարեգործութիւնը միշտ բարի ձեւի ընտրանքն է մեր միջեւ յարաբերութիւններ հաստատելու համար։ Ողորմածութիւնը ընդունիլ է, որ ուրիշը կրնայ ունենալ իր սահմանափակումները։ Իսկ ներողամտութիւնը միշտ այլ հնարաւորութիւն տալ է, այսինքն հասկնալ թէ փորձելով սուրբ կը դառնանք։

«Աստուած այպէս կը կատարէ իւրաքանչիւր անձի հետ, միշտ կը ներէ, ոտքի կը կանգնեցնէ եւ կը շնորհէ ուրիշ հնարաւորութիւն մը։ Մեր միջեւ այսպէս պէտք է ըլլայ», յորդորեց Սրբազան Հայրը։

Ան ապ ճառը եզրափակեց ըսելով, որ ամէն պատերազմ ջնջուելու համար կարիքը ունի ներողամտութեան ապա թէ ոչ արդարութիւնը վրէժխնդրութիւն կը դառնայ եւ սէրը կը ճանչցուի լոկ որպէս տկարութեան ձեւ։

«Աստուած մանուկ դարձաւ եւ այս Մանուկը մեծ դառնալով, թոյլ տուաւ, որ զինք խաչին վրայ գամեն։ Չկայ աւելի տկար բան քան խաչուած մարդը, սակայն այդ տկարութեան մէջ յայտնաբերուեցաւ Աստուծոյ Ամենակարողութիւնը։ Ներողամտութեան մէջ միշտ կը գործէ Աստուծոյ ամենակարողութիւնը։ Թող, որ երախտագիտութիւնը, դարձի գալը եւ խաղաղութիւնը ըլլան այս Սուրբ Ծննդեան նուէրները», ըսաւ Սրբազան Հայրը, ապա բարի Ծնունդ մաղթեց խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2022, 13:04