Ֆրանչիսկոս Պապ. «Ֆիզիքական դիւրաբեկութիւնը կարիքը ունի աջակցութեան եւ ոչ թէ բարեգթութեան»։
ՎազգէՆ Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 12 դեկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ կոյրերու եւ տեսողութեան խնդիրներ ունեցող միութեան ազգային խորհուրդի անդամները։
Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց վերոյիշեալ խորհուրդի անդամներուն տուած այցելութեան համար որոնք, «եկան կիսելու իրենց յանձնառութեան այս փուլի մտահոգութիւններն ու ծրագիրները» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը աւելցնելով, որ կոյրերու միութեան խորհուրդին անդամները սոյն այցելութիւնը կատարեցին Սրբուհի Լուչիային տօնին նախօրեակին, որ պիտի նշուի վաղը, «վաղը նաեւ իմ քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձն է», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով. «ես քահանայ ձեռնադրուեցաւ Սրբուհի Լուչիային տօնին օրը, որ պաշտպան սուրբն է տեսողութեան հիւանդութիւնները ունեցող անձերուն»։
Խօսքը կեդրոնացնելով Սրբուհի Լուչիային կեանքին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ որ «Սրբուհի Լուչիան Իտալիոյ Սիրաքուզա քաղաքէն մարտիրոս մըն է, որ իր վկայութեամբ կը յիշեցնէ այն իրողութիւնը, որ մարդկային արժանապատուութեան ամէն մեծ տիպարը կը կայանայ ճշմարտութեան մասին վկայութիւն տալու մէջ , հետեւելով սեփական խիղճին ամէն գինով՝ առանց կեղծաւորութեան եւ առանց փոխզիջումներու, եւ դա կը նշանակէ գտնուիլ լոյսին կողմը ինչպէս կը յիշեցնէ Լուչիա անունը՝ Լոյսը»։
Հետեւելով Սրբուհի Լուչիային օրինակին մնանք լոյսի ներքեւ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ մեկնելով Սրբուհի Լուչիայի օրինակէն յայտնեց, որ ինք վերոյիշեալ ընկերակցութիւնը կը տեսնէ, որպէս ընկերութեան մէջ կառուցողական ուժ մը, յատուկէն Իտալական ընկերութեան մէջ, որ կ՝անցնի դժուար պահերէն, նկատել տալով որ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու վերաբերեալ եկեղեցւոյ տեսութիւնը պէտք չէ երբեք ըլլայ լոկ բարեպաշտութիւն կամ բարեկեցութիւն, այլ գիտակցութիւն այն իրողութեան, որ պատասխանատուութեամբ եւ համերաշխութեամբ ստանձնուած դիւրաբեկութիւնը հարստութիւն է ընկերային բոլոր մարմինին համար, ինչպէս նաեւ եկեղեցական հասարակութեան։
Բոլորս կարիքը ունինք մէկը միւսին։
«Բոլորս կարիքը ունինք մէկը միւսին, ոչ միայն ֆիզիկական տկարութիւններ ունեցող անձերը, նաեւ բոլորս պէտք ունինք ուրիշներու օգնութեան՝ յառաջ երթալու համար կեանքին մէջ, որովհետեւ բոլորս տկարներ ենք՝ սիրտին մէջ»,ըսաւ Սրբազան Հայրը, նկատել տալով նաեւ, որ վերոյիշեալ հաստատութիւնը բոլորեց իր հիմնադրութեան հարիւր ամեակը ու կը պատկանի ազգային պատմութեան՝ պաշտպանելով տեսողութեան հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու իրաւունքները եւ գործակցելով երկրին ընկերային աճումին համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց յառաջ ընթանալ ընդգծելով, որ Իտալական ընկերութիւնը կարիքը ունին յոյսի եւ դա կը յառաջանայ յատկապէս անձերու վկայութենէն, այն իրողութեան մէջ որ դիւրաբեկութեան պայմանին մէջ անոնք չեն փակուիր եւ ոչ իսկ կը ողբան ,այլ միասնաբար յանձնառու կ՝ըլլան իրողութիւնները լաւացնելու։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց քաջալերելով ներկաները յառաջ ընթանալու՝ Սրբուհի Լուչիային պաշտպանութեամբ։ Ան ապա փոխանցելով բոլոր հաստատութեան անդամներու իր առաքելական օրհնութիւնը, բարի Ծնունդ մաղթեց անոնց սիրելիներուն, խնդրելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ