«Ողորմածութեան արհեստաւորներ դառնալ». Ֆրանչիսկոս Պապին դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութիւնը։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հրապարակուեցաւ 2022 թուականի, Պապին աղօթքի դիտաւորութեան դեկտեմբեր ամսուայ 12-րդ տեսերիզը։
«Պապին աղօթքին համաշխարհային ցանց» կազմակերպութիւնը, որ պարտականութիւնը ունի համայն եկեղեցւոյ տարածելու Պապին աղօթքի տեսերիզը, հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, թէ դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը գնահատէ կամաւորական կազմակերպութիւններուն (եւ անոնց մաս կազմող բոլոր անձերու) աշխատանքը, որոնք ընկերութեան բանալիներն են, շնորհիւ անոնց մարդկային զարգացման եւ հասարակաց բարիքի ի նպաստյանձնառութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ տեսերիզին մէջ կը յորդորէ յառաջ տանիլ այդ աշխատանքը, ոչ միայն ժողովուրդին համար, այլ ժողովուրդին հետ, ցուցաբերելով մօտիկութիւն, ըլլալով ողորմածութեան արհեստաւորներ, եւ գիտնալով միշտ ունկնդրել մերձաւորին պահանջը։
Քահանայապետը առա այդ կը խնդրէ աղօթել, որպէսզի կամաւորական կազմակերպութիւններն ու մարդկային զարգացումը գտնեն անձեր, որոնք կը փափաքին յանձնառու ըլլալ՝ ընդհանուր բարիքին եւ որոնեն միշտ համագործակցութեան նոր ուղիներ՝ համաշխարհային մակարդակի վրայ։
Դեկտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան նուիրուած տեսերիզին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ընդգծէ կարեւորութիւնն ու բարձր կը գնահատէ միլիոնաւոր կամաւորական կազմակերպութիւններու եւ ընկերակցութիւններու աշխատանքը, որոնց մեծամասնութիւնը տեսանելի չեն, կամ ալ զուրկ են իրաւական դիմագիծէն։
Դեկտեմբեր ամսուայ Աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝ըսէ.
“Աշխարհը կարիքը ունի կամաւորական կազմակերպութիւններու, որոնք պատրաստ են յանձնառու ըլլալու ընդհանուր բարիքին։ Այո՛, «յանձնառութիւն» բառն է, որ շատեր կ՝ուզեն ջնջել՝ այսօր։Եւ աշխարհը կարիքը ունի կամաւորներու, որոնք կը գործեն ընդհանուր բարիքին համար։
Աջակցող կամաւորներ ըլլալը, մեզի ազատութիւն տուող ընտրութիւն մըն է, ան մեզ բաց կը դարձնէ ուրիշի կարիքներուն, արդարութեան խնդրանքներուն, աղքատներու պաշտպանութեան եւ արարչագործութեան խնամքին։ Կը նշանակէ ըլլայ ողորմածութեան արհեստաւորներ. ձեռքերով, աչքերով, ուշադիր ականջներով եւ մօտիկութեամբ։
Կամաւորներ ըլլալ կը նշանակէ աշխատիլ մարդոց հետ, որոնց կը ծառայէք։ Ոչ միայն մարդոց համար, այլ մարդոց հետ։ Աշխատիլ ժողովուրդին հետ։
Կամաւորական կազմակերպութիւններուն աշխատանքը աւելի արդիւնաբեր կը դառնայ երբ անոնք կը համագործակցին իրարու միջեւ եւ պետութիւններու հետ։
Համակարգուած աշխատանքով, որքան որ սահմանափակ ըլլան անոնց աղբիւրները, իրենց լաւագոյնը կու տան եւ իրականութիւնը կը վերածեն յոյսի բազմապատկութեան հրաշքի։
Իսկապէս մեծ կարիք ունինք յոյսը բազմապատկելու։
Աղօթենք որպէսզի կամաւորական կազմակերպութիւնները եւ մարդկային զարգացումը գտնեն անձեր, որոնք կը փափաքին յանձնառու ըլլալ հասարակաց բարիքին ի նպաստ եւ համագործակցութեան նոր ճամբաները որոնեն միջազգային մակարդակի վրայ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ