Սրբազան Պապը յիշեց Սուրբ Երկիրը, բորոտութեան համաշխարհային օրը եւ ողջունեց Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիները։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի 29 Յունուարի Մարեմեան Աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով Սուրբ Պետրոս հրապարակ ժամանած ուխտաւորները նախ ցաւ արտայայտեց Սուրբ Երկրէն ժամանած լուրերուն համար, «ի մասնաւորի, ըսաւ Ան, տասը պաղեստինցիներու մահուան համար, որոնց միջեւ նաեւ կին մը, որոնք սպաննուեցան Պաղեստինի մէջ իսրայէլեան հակաահաբեկչական ռազմական գործողութիւններու ժամանակ» ու նաեւ «Երուսաղեմի մօտ անցեալ ուրբաթ օր, երեկոյեան տեղի ունեցածին համար, երբ եօթը իսրայէլացի հրեաներ սպաննուեցան պաղեստինցիի մը կողմէ, իսկ այլ երեք անձեր վիրաւորուեցան, մինչ դուրս կու գային Սինակոկէն»:
Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան համար կոչ
«Օրէ օր աւելցած մահուան պարոյրը ուրիշ բան չընէր եթէ ոչ` փակել վստահութեան փոքր շողերը, որոնք գոյութիւն ունին երկու ժողովուրդներու միջեւ։ Տարուան սկիզբէն ի վեր տասնեակ պաղեստինցիներ զոհուեցան իսրայէլական բանակի հետ փոխ հրաձգութեան ժամանակ։ Ես կոչ կ՛ ընեմ երկու կառավարութիւններուն և միջազգային հանրութեան` անյապաղ և առանց տատամսումի գտնելու այլ ուղիներ, որոնք ներառեն երկխօսութիւնը և խաղաղութեան անկեղծ որոնումը։ Աղօթենք այդ դիտաւորութեան համար, եղբայրներ և քոյրեր» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը։
Բորոտութեան համաշխարհային 70րդ համաշխարհային օրը
Ան ապա նորոգեց կոչը Լաչինի Միջանցքի մարդասիրական ծանր իրավիճակին ի տես, հուսկ անդրադարձաւ Բորոտութեան հիւանդութեան համաշխարհային 70րդ օրուան, նշելով, որ «այդ հիւանդութիւնը աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կը շարունակէ յառաջացնել մարդկային իրաւունքներու խախտումը»։
Խաղաղութեան կարաւանը
«Մօտիկութիւնս կ՛արտայայտեմ անոնց` որոնք կը տառապին եւ կը քաջալերեմ այս մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն լիակատար ընդելուզման ի սպաս յանձնառումը», յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, որ ապա ողջունեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումբերը, յատուկէն ջերմ ողջոյններ ուղղելով Ացիոնէ Քաթթոլիքայի Հռոմի մասնաճիւղի պատանիներուն, որոնք եկած են «Խաղաղութեան Կարաւանին համար», ըսաւ Ան, շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` «ձեռնարկին համար, որ այս տարի մեծապէս
թանկարժէք է», ըսաւ Ան, որովհետեւ մտածելով մարտիրոս Ուքրանիոյ, մեր խաղաղութեան համար յանձնառումն ու մեր աղօթքը, պէտք է ըլլան աւելի զօրաւոր։ Մտածենք Ուքրանիոյ եւ աղօթենք ուքրանիոյ ժողովուրդին համար, որ չարաշահուած է»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ պատգամ մը յղեց յաջորդ օրերուն Քոնկօ եւ հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան կապակցութեամբ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ