Որոնել

2022.12.12 Loghi viaggi Sud Sudan e RDC Congo

«Ինծի ընկերացէք աղօթքով` խաղաղութեան ուխտագնացութեան». Ֆրանչիսկոս Պապ

Քահանայապետին պատգամը յառաջիկայ օրերուն Քոնկօ եւ Հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 29 Յունուար 2023ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն եւ լրատուամիջոցներու միջոցաւ աղօթքին հետեւող հաւատացեալներուն, պատգամը մը յղեց յառաջիկայ օրերուն Քոնկօ եւ հարաւային Սուտան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առնչութեամբ, որուն մէջ հաւատացեալներէն խնդրեց, որ իրեն ընկերանան աղօթքով։

Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, միւս օրը առաքելական ճամբորդութեամբ պիտի մեկնիմ Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութիւն եւ Հարաւային Սուտանի Հանրապետութիւնը։ Մինչ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քաղաքացիական իշխանութիւններուն եւ տեղական Եպիսկոպոսներուն այս այցելութիւններուն համար ուղղուած հրաւէրներուն եւ նախապատրաստութիւններուն համար, ջերմօրէն կ՜ողջունեմ սիրելի բնակիչները, որոնք զիս կը սպասեն։

Այդ Երկիները կը տառապին երկար հակամարտութիւններու պատճառաւ. Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութիւն, յատկապէս երկրին արեւելեան կողմը, չարաշահումներու ու զինեալ բախումներու պատճառաւ, մինչ Հարաւային Սուտանը, յօշոտուած տարիներու պատերազմէն, անհամբեր կը սպասէ, որ վերջ տեսնեն շարունակական բռնութիւնները, որ բազմաթիւ մարդիկ կը ստիպեն ապրելու տեղահանութեան ու մեծ դժուարութեամբ պայմաններու մէջ։

Հարաւային Սուտան պիտի երթամ Քանթըրպուրիի Արքեպիսկոպոսին եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Ընդհանուր Ժողովի Վարիչին հետ. Այսպէս միասին, որպէս եղբայրներ, պիտի ապրինք համամիութենական խաղաղութեան ուխտագնացութիւն մը։

Բոլորէն կը խնդրեմ որ ինծի աղօթքով ընկերանան այս ճամբորդութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2023, 12:28