Երթալ եւ տեսնել։ Քահանայապետին քարոզը մէկ յունուարի պատարագին

Այսօր Տէրը եկաւ բնակելու մեր մէջ եւ Աստուծոյ Սուրբ Մայրը զինք կը դնէ մեր աչքերուն առջեւ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աստուծոյ Սուրբ Մայր։ Ասիկա Աստուծոյ սուրբ ժողովուրդին բացագանչութիւնն է որ կը հնչէր Եփեսոսի ճամբաներուն մէջ 431թուականին երբ Տիեզերական Ժողովի հայրերը Մարիամը հռչակեցին Աստուծոյ Մայր։ Ասիկա հաւատքին հիմնական տուեալ մըն է, բայց յատկապէս գեղեցիկ լուր մը. Աստուած մայր մը ունի, ուստի ան առ յաւէտ կապուեցաւ մեր մարդկութեան, նման զաւակ մը իր մօր, մինչեւ այն աստիճան որ մեր մարդկութիւնը դարձաւ Անոր մարդկութիւնը»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկսաւ մէկ Յունուար 2023ին, նոր տարուայ առաջին օրը, Աստուածամօր տօնի եւ խաղաղութեան համաշխարհային օրուան առիթներով Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ գլխաւորած Ամանորի Սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզը։

Պատարագ որուն մասնակցեցան հազարաւոր հաւատացեալներ եւ զոր մատոյց Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը եւ որուն ընթացքին աղօթքի դիտաւորութիւններու շարքին էր նաեւ վաստակաւոր Քահանայապետին համար կատարուած աղօթքը։

Աստուծոյ շօշափելի սէրը

«Ահա, թէ ինչ ըրաւ Աստուած ծնելով Մարիամէն. Ցոյց տուաւ իր շօշափելի սէրը հանդէպ մեր մարդկութեան, զայն ողջագուրելով իրապէս եւ լիապէս» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով, որ «Աստուած մեզ կը սիրէ ոչ միայն խօսքով այլ արարքներով»։

Ան ապա ակնարկեց Տիրամօր նկատմամբ ժողովրդական ջերմեռանդութեան ու նաեւ «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքին, որուն մէջ մենք կը հայցենք «Մայր Աստուծոյ աղօթէ մեզի համար մեղաւորներուս», եւ ասկէ մեկնելով հաստատեց թէ Մարիամին միջոցաւ Ատուած մեզի մօտեցաւ, ապա աւելցուց «Աստուծոյ մայրը միշտ ուշադիր է ու մտիկ կ՜ընէ մեր խնդրանքներուն… Ան մեզի յոյս կը պարգեւէ.... եւ մենք այս տարուած սեմին կարիքը ունինք յոյսին, նման հողին որ կարիքը ունի անձրեւին»։

“Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ ննջեցեալ վաստակաւոր Քահանայապետ` Պենետիկտոս ԺԶ յանձնեց Աստուածամօր հովանիին ու քարոզը շարունակելով հաստատեց, որ «Տարին, որ կը բացուի Աստուծոյ Մօր նշանին տակ մեզի կ՜ըսէ որ յոյսին բանալին Մարիամն է»։”

Մարիամ յոյսի բանալի

Քահանայապետը առա այդ հրաւիրեց աղօթել Մօր` մասնաւորապէս այն զաւակներուն համար, որոնք կը տառապին եւ ուժ չունին աղօթելու, բազմաթիւ այն եղբայրներուն եւ քոյրերուն համար, որոնք աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ թիրախ են պատերազմի եւ այս տօնական օրերը կ՜ապրին մթութեան, ցուրտի, թշուառութեան ու վախի մէջ, մխրճուած անտարբերութեան եւ բռնութեան մէ

«Անոնց որոնց կը պակսի խաղաղութիւնը հայցենք Մարիամին օգնութիւնը, որ աշխարհ բերաւ խաղաղութեան Իշխանը։ Թոյլ տանք, որ այսօրուայ աւետարանին դերակատարները, առաջինները` որոնք տեսան Մարիամն ու Մանուկը, Բեթղեհէմի հովիւները, մեզի խորհուրդ տան.... «Անոնք գացին եւ տեսան» յարեց Սրբազան Պապը եւ խօսքը կեդրոնացուց Երթալ ու տեսնել բառերուն վրայ։

Երթալ հովիւներուն նման

Կարեւոր իրադարձութիւններուն դիմաց պէտք է միշտ հակադարձել, կարելի չէ անշարժ մնալ եթէ կ՛ուզենք ընկալել Աստուած ու անոր խաղաղութիւնը։

Այս նոր տարուայ սեմին յարմար պիտի ըլլար մենք մեզի հարց տալու թէ ուր կ՜ուզեմ երթալ այսօր։ Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան մէջ բազմաթիւ անձինք կը սպասեն այն բարիքը զոր միայն դուն կարող ես տալ, քու ծառայութիւնդ….

Հովիւները մեզ կը մղեն երթալու, մեր ձեռքերը կեղտոտելու բարի գործելով հրաժարելու մեր սովորութիւններէն ու հանգստաւէտ կեանքէն. Բացուելու համար Աստուծոյ նորութիւններուն, որոնք կարելի է գտնել ծառայութեան հեզութեան մէջ, եւ իրարու հոգ տանելու քաջութեան մէջ։ «Հետեւինք հովիւներուն` երթանք» ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց «տեսնել» բային երբ Հովիւները գտան Մարիամը, Յովսէփն ու Մանուկը եւ զայն տեսնելէն ետքը, լի հմայքով, սկսան Յիսուսին մասին խօսիլ ուրիշներուն եւ «փառաբանել Աստուած բոլոր այն բաներուն համար) զոր լսեցին եւ տեսան» գրուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ (Գլ. 2, 17-18.20)։

Աչքերը բաց պահենք այն բաներուն վրայ` որոնք արժէք ունին. Աստուած եւ միւսները

«Կարեւոր է տեսնելը, հայեացքով ողջագուրելը, Հովիւներուն նման մնալ Մանուկին առջեւ, որ իր Մօր գիրկին մէջ է։ Առանց բան մը ըսելու, առանց բան մը հարցնելու, առանց բան մը ընելու։ Նայիլ լռութեան մէջ եւ աչքերով ընկալել մարդեղացած Աստուծոյ մխիթարիչ քնքշութիւնը» թելադրեց Սրբազան Պապը։

«Այս տարուայ սկիզբին, բազմաթիւ նորութիւններուն ընդմէջէն, որոնք կ՛ուզենք փորձարկել, ժամանակ յատկացնենք տեսնելու, մեր աչքերը բանալու ու զանոնք բաց պահելու այն բաներուն վրայ` որոնք արժէք ունին. Աստուած եւ միւսները» յարեց հուսկ Քահանայապետը, դիտել տալով, թէ ինչպէս շատ անգամ մենք ժամանակ չենք գտներ մէկ վայրկեան իսկ յատկացնելու Յիսուսին, ունկնդրելու համար Անոր Խօսքը. Աղօթելու եւ պաշտելու զինք ու թէ այն նոյն բանը կը պատահի նաեւ միւսներուն նկատմամբ, երբ յափշտակուած արագընթացութեամբ եւ դերակատար ըլլալու իղձէն, ժամանակ չենք գտներ ունկնդրելու մեր մօտ ու մեր հետ ապրողները` ամուսինը, կինը, զաւակները….եւ «որքան լաւ պիտի ըլլար նաեւ ունկնդրել տարեցները, որպէսզի կարողանանք վերագտնել արմատները» աւլելուց Ֆրանչիսկոս Պապը. հրաւիրելով մենք մեզի հարց տալու եթէ կարող ենք տեսնել անոնք, որոնք մեր մօտ կ՛ապրին, անոնց որոնց կը հանդիպինք մեր ճանապարհին վրայ, ապա հաստատեց. «Հետեւինք հովիւներուն, սորվինք տեսնել»։

«Սուրբ Մայր Աստուծոյ»

«Երթալ եւ տեսնել. Այսօր Տէրը եկաւ մեր մէջ եւ Աստուծոյ Սուրբ Մայրը զայն կը դնէ մեր աչքերուն առջեւ։ Երթալու սլացքին մէջ եւ տեսնելու հիացմունքին մէջ վերագտնենք գաղտնիքները, որպէսզի այս տարին դարձնենք իրապէս նոր» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները միասնաբար երեք անգամ կրկնելու «Սուրբ Մայր Աստուծոյ» աղերսանքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2023, 10:42