Քահանայապետը  ընդունեց Մալթայի Ուխտի ընդհանրական ժողովի մասնակիցները: Քահանայապետը ընդունեց Մալթայի Ուխտի ընդհանրական ժողովի մասնակիցները:  (Vatican Media)

Կ’աղօթեմ Տիրոջ, որպէսզի «լաւ աշխատողներ» ուղարկէ. Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը Յունուար 30ին ընդունեց Մալթայի Ուխտի ընդհանրական ժողովի մասնակիցները:

Մարիամ Երեմեան – Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Յունուար 30ին ընդունեց Մալթայի, Ռոտիի, Երուսաղեմի Սուրբ Յովհաննէսի Հիւանդանոցային Ինքնիշխան Ասպետական Ուխտի Ընդհանրական Ժողովի մասնակիցները:

Ան իր ուրախութիւնը արտայայտեց Ժողովի ընթացքին ընտրուած Ինքնիշխան Խորհուրդի բարձրաստիճան նոր պաշտօնեաներու և անդամներու ընտրութեան առթիւ և յատկապէս, անոր համար` որ անցեալ Սեպտեմբեր 3ին նշանակուած ժամանակաւոր Ինքնիշխան խորհուրդի անդամները արժանացած են Ժողովականներու մեծամասնութեան վստահութեան:

Սրբազան Պապը գոհունակութիւն արտայայտեց Ժողովի թեմաներու շուրջ յաջող քննարկումներու առնչութեամբ և վստահութիւն յայտնեց, որ Մեծ Վարպետի ընտրութեան ժամանակ կը կգտնեն «վստահ ուղեցոյց, որը կարողանայ երաշխաւորել Ուխտի միասնութիւնը՝ Պետրոսի իրաւայաջորդին և Եկեղեցւոյ հաւատարմութեան մէջ»։

Վերադարձ դէպի սկզբնական ներշնչանք

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը այնուհետև առանձնացրեց Մալթայի Ուխտին առնչուող տարբեր հարցեր, որոնք Ընդհանրական Ժողովը և անոր նախորդած Կարգերու Ժողովը (Capitolo dei Professi) քննարկած են: Մասնաւորապէս.

- Վերադարձ դէպի սկզբնական ներշնչանք՝ համայնքային կեանք և աղքատութեան երդումի լիակատար պահպանում և դաւանութեան պահէն սկսեալ գիտակցիլ այդ պարտաւորութիւնը ստանձնելու լիակատար ազատութեան։

- Նորընծայարանները վերաբացելու Ուխտի որոշումը՝ մաղթելով հետագային աւելցնել անոնց թիւը:

- Մալթայի Ուխտի սկզբնական և մշտական անդամներու կրթութեան ապահովում՝ համապատասխան ուղեցոյցներով:

«Կ’աղօթեմ Տիրոջ, որպէսզի «լաւ աշխատողներ» ուղարկէ՝ կոչումներ արթնցնելով իւրաքանչիւր դասակարգի, յատկապէս կրօնական մասնագիտութեան մէջ», յարեց հուսկ Սրբազան Պապը:

Ան ապա շարունակեց նկատել տալով, որ Մեծ Վարպետի Տեղապահի և ժամանակաւոր Կառավարութեան գրասենեակներու կողմէ ներկայացուած հաշուետուութիւններու մէջ արտացոլուած են այն ուղեցոյցները, որոնց պիտի հետևի նոր Կառավարութիւնը՝ Ընդհանրական Ժողովի կամքով: Ասորմէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը այնուամենայնիւ որոշ շեշտադրումներ ըրաւ, որոնք կ’որակեն Ուխտը.

Ինքնիշխան. Ըստ Քահանայապետի միանգամայն եզակի ինքնիշխանութիւն է, ստանձնուած դարերու ընթացքին և հաստատուած Պապերու կամքով։ «Այն թոյլ կու տայ Ձեզ կատարել զօրակցութեան առատաձեռն և խիստ արարքներ՝ առաւել մօտեցնելով Ձեզ կարիքաւորներուն՝ միջազգային դիւանագիտական իրաւական պաշտպանութեան ներքոյ»:

Մարտական. Ուխտաւորներու ու սուրբ վայրերու, ինչպէս նաև քրիստոնէութեան պաշտպանութեան համար, որու նպատակով կարևոր է միջ կրօնական երկխօսութիւնը Աւետարանը վկայելը՝ միաժամանակ պայքարելով այն ամէն բաներու դէմ, որ կը հակադրուին այս նպատակին:

Հիւանդանոցային. Ուխտի ծագման հիմքը անհրաժեշտ բժշկական օգնութեան և խնամքի ծառայութիւնն է, որ երանելի Ճերարտը մատուցած է՝ ուխտաւորներուն և կարիքաւորներուն Երուսաղեմի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ անուան հիւանդանոցին մէջ, որ աւելի ուշ դարձած է Ուխտի հովանաւորը:

Ի վերջոյ Սրբազան Պապը խրախուսեց զանոնք հաւատարիմ մնալ Քրիստոսին, Ուսուցչին և Տիրոջը և առաջ շարժուիլ՝ տանելով հիւանդներուն բժշկելու և տառապեալներուն մխիթարելու Անոր պատգամը, ողջ աշխարհի մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2023, 12:55