Պիելոռուսիոյ մէջ յարգուած ու մեծարուած «Ժողովուրդի Տիրամօր» սրբապատկերը Պիելոռուսիոյ մէջ յարգուած ու մեծարուած «Ժողովուրդի Տիրամօր» սրբապատկերը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Քահանայապետը յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ եւ աղօթք խնդրեց խաղաղութեան համար

Պենետիկտոս ԺԶ հաւատքը թող ձեզ խթանէ հոգեւոր աճումին մէջ. Չմոռնանք Ուքրանիան եւ աղօթենք խաղաղութեան համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 11 Յունուար 2023ի առաւօտեան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած Ընդհանուր Ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած Խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Պապը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսքեր ուղղեց ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցող իտալացի եւ օտարազգի պատկան ուխտաւորներուն, ապա յատուկէն ողջունեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցներն ու նորապսակները, հրաւիրելով զանոնք ըլլալու «ներդաշնակութեան եւ խաղաղութեան կառուցողները` երկխօսութեան հետեւողական յանձնառումով», անոնց հետ, որոնք իրենց շուրջը կը գտնուին։

«Եւ չի մոռնանք մարտիրոս Ուքրանիան, միշտ պահենք զայն մեր սրտին մէջ, այս ժողովուրդին, որ կը փորձարկէ դաժան տառապանք` ցուցաբերենք մեր սէրը, մեր մօտիկութիւնը ու մեր աղօթքը», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ապա նշեց թէ ինք այժմ մի քանի վայրկեան լռութեամբ պիտի աղօթէ Պիելոռուսիոյ մէջ յարգուած ու մեծարուած «Ժողովուրդի Տիրամօր» սրբապատկերին առջեւ, «այդ սիրելի երկրի եւ խաղաղութեան համար», հրաւիրելով հաւատացեալները «Հոգեպէս միանալու իր այդ աղօթքին»։

Պենետիկտոս ԺԶ յիշատակը

Նշենք թէ Լեհ հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ Քահանայապետը յիշեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, որուն համար, ըսաւ Ան «մի քանի օրեր առաջ գոհութիւն մատուցեցինք Աստուծոյ, անոր անձի, ուսուցումներուն եւ տիպարին համար»։ «Անոր հաւատքը թող ձեզ խթանէ ձեր հոգեւոր աճումին մէջ, հիմնուած Աւետարանի ճշմարտութեան վրայ, եղբայրական սիրոյ վրայ, որոնք վկայուած ըլլան ընտանիքի, աշխատանքի միջավայրի եւ ընկերային կեանքէն ներս» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/01/2023, 10:15