Միլիոնաւոր մարդոց ոչնչացումը կարելի չէ ոչ մոռնալ եւ ոչ ալ ժխտել. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Միլիոնաւոր հրեայ եւ այլ կրօնի պատկան մարդոց ոչնչացումի յիշատակը չէ կարելի ոչ մոռնալ եւ ոչ ալ մերժել։ Չէ կարելի եղբայրութիւն ունենալ, եթէ նախապէս չի ցրուին ատելութեան եւ բռնութեան արմատները, որոնք Հոլոքոսթի սարսափը սնուցեցին». Գրառումն է այս, որ կատարեց Ֆրանչիսկոս Պապը, այսօր` 27 Յունուարին, Հրեաներու ողջակիզման զոհերու յիշատակութեան նուիրուած օրուան առիթով։ Գրառում, որուն պարունակութիւնը քաղուած է անցեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Անոր այս առնչութեամբ ուղղած կոչէն։
27 յունուարին կը յիշատակուի Սովետական միութեան բանակին կողմէ Աուշվիցի դարպասներու կործանման յիշատակը՝ 27 յունուար 1945-ին ։ Օրը որդեգրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ 2005-ին։ Հրէաներու ողջակիզումի յիշատակումի օրը կազմակերպուած է, նաեւ յիշելու համար բոլոր անոնք, որոնք իրենց կեանքը վտանգելով հանդերձ հակառակեցան ցեղասպանութեան ծրագրին, պաշտպանեցին եւ փրկեցին անթիւ հալածուածներու կեանքը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ