Պաշտենք Աստուած եւ ոչ թէ մեր եսը, Աստուած` եւ ոչ թէ սուտ կուռքերը. Աստուածայայտնութեան տօնի Քահանայապետին քարոզը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յիսուսի Մկրտութեան եւ Աստուածայնութեան տօնին առիթով, Ուրբաթ, 6 դեկտեմբեր, 2023ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ գլխաւորեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը զոր Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէն հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Պատարագի ընթացքին Աւետարանի ընթերցումէն ետքը յաւուր պատշաճի քարոզը արտասանեց Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, որ մոգերուն նման մեր աչքերը դէպի երկինք բարձրացնելով մենք եւս այսօր հարցում կ՝ուղղենք, թէ «Ո՞ւր է Ան, որ ծնաւ», այսինքն, որ վայրին մէջ կրնանք գտնել ու հանդիպիլ Տիրոջ հետ ու այդ մոգերուն փորձառութեան հիման վրայ, գիտենք, որ առաջին վայրը, ուր Աստուած կը սիրէ փնտռուիլ` հարցումներու անձկութեան մէջ է։
Հաւատքը Աստուծոյ շնորհք է
«Արեւելքի իմաստունները առինքնող արկածախնդրութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ հաւատքը չծնիր մեր արժանիքներէն, այլ Աստուծոյ շնորհք է, որ մեզի կ՝օգնէ արթննալու մեր անհոգութիւններէն ու տեղ տալու կեանքի կարեւոր հարցումներուն, հարցումներ` որոնք մեզ դուրս կը հանէն մեր հանգստաւէտ ինքնահաւանութենէն ու մեզի կը բանան դէպի այն ինչ որ մեզմէ վեր է։
Մոգերը երկինքը կը դիտեն ու թոյլ կու տան զարմանալ աստղի մը փայլքով, որ իրենց սրտերուն մէջ կ՜արթնցնէ հարցումը. «Ու՞ր ան որ ծնաւ»։
«Հաւատքի ուղեւորութիւնը կը սկսի, երբ Աստուծոյ շնորհքով մենք տեղ կը բանանք մեզ արթուն պահող անհանգստութեան, երբ թոյլ կու տանք մենք մեզ հարցաքննել, երբ չենք գոհանար մեր սովորութիւններու անդորրութեամբ, բայց կը ներքաշուինք իւրաքանչիւր օրուայ մարտահրաւէրներուն մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը։
Ուղեւորութեան վտանգը
Ան ապա զգուշացուց հոգիին թմրեցուցիչներէն, ապա նշեց, որ երկրորդ վայրը ուր կրնանք Տէրը գտնել` ուղեւորութեան վտանգն է։ Մոգերը չեն դադրիր երկինքը դիտելէ եւ աստղի լոյսի մասին խոկալէ, այլ իրենք զիրենք վտանգի կ՝ենթարկեն յանձն առնելով վտանգաւոր ճամբորդութիւն մը։ Մոգերը կ՝ուզեն բացայայտել, թէ ո՞վ է հրէաներու թագաւորը, ուր ծնած է եւ ուր կը գտնեն զինք։ «Մոգերը ուղեւորութեան մէջ են, անոնց գործունէութիւնը նկարագրող բայերու մեծամասնութիւնը շարժումի բայեր են» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այսպէս է նաեւ մեր հաւատքը, առանց շարունակական ուղեւորութեան եւ հաստատ երկխօսութեան Տիրոջ հետ, առանց լսելու Բանը, չկայ հաւատքի մէջ աճում։
Երկրպագութեան զարմանքը
Հարցումներու անձկութիւններէն եւ ուղեւորութեան վտանգէն անդին երրորդ վայրը ուր կը գտնուի Տէրը` «երկրպագութեան զարմանքն է» յարեց Սրբազան Պապը նշելով, որ «Երկար յոգնեցուցիչ ճամբորդութենէ մը ետք մոգերը տուն կը մտնեն ու կը տեսնեն Մանուկը իր մօր հետ, ծունկի կու գան եւ կ՝աղօթեն»։
«Այս է վճռորոշ կէտը. մեր անհանգստութիւնները, մեր հարցերը, հոգևոր ճանապարհորդութիւնները և հաւատքի ապրումը պէտք է համընկնեն Տիրոջ երկրպագութեան մէջ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով պաշտել Աստուած եւ ոչ թէ մեր եսը, Աստուած եւ ոչ թէ սուտ կուռքերը։
Յիսուսն է առաւօտեան պայծառ աստղը
Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց յորդորելով երբեք թոյլ չտալ, որ մեր մէջ մառի հարցումներուն անհանգստութիւնը, երբեք չդադրեցնենք մեր ճանապարհորդութիւնը՝ տեղի տալով անտարբերութեան կամ հանգստաւէտութեան եւ Տիրոջ հանդիպելով յանձնուինք երկրպագութեան զարմանքին։ Այդ ժամանակ պիտի բացայայտենք լոյս մը` որ կը լուսաւորէ նաեւ ամենէ խաւար գիշերները։ Յիսուսն է առաւօտեան պայծառ աստղը, արդարութեան արեւը, Աստուծոյ ողորմած պայծառութիւնը, որ կը սիրէ իւրաքանչիւր մարդ եւ երկրի բոլոր ազգերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ