2022.12.31 Vespri Te deum

«Օրէ օր կառուցենք լաւ տարի մը սիրտը բանալով յոյսին». Խաղաղութեան համաշխարհային օրուայ թուիթներ

«Բոլոր բարի կամքի մարդոց եւ կիներուն կը մաղթեմ որ, որպէս խաղաղութեան արհեստաւորներ, օրը օրին կառուցեն լաւ տարի մը։ Անարատ Յղացեալ Մարիամը, Յիսուսին Մայրը եւ Խաղաղութեան Թագուէին, բարեխօսէ մեզի ու համայն աշխարհին համար»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` մէկ Յունուար 2023ին կը յիշատակուի Խաղաղութեան Համաշխարհային օրը որուն առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակած է պատգամ մը որ լոյս տեսաւ անցեալ 16 դեկտեմբերին «Ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանձին։ Վերամեկնիլ Քովիտ-19էն` միասին գծելու համար խաղաղութեան արահետները» բնաբանով։

Խաղաղութեան համաշխարհային այս 56րդ Օրուայ  առիթով Քահանայապետակն թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուեցան վերոնշեալ պատգամէն քաղուած գրառումներ։

Առաջին թուիթին մէջ կը կարդանք. «Բոլոր բարի կամքի մարդոց եւ կիներուն կը մաղթեմ որ, որպէս խաղաղութեան արհեստաւորներ, օրը օրին կառուցեն լաւ տարի մը։ Անարատ Յղացեալ Մարիամը, Յիսուսին Մայրը եւ Խաղաղութեան Թագուէին, բարեխօսէ մեզի ու համայն աշխարհին համար»։

Իսկ երկրորդ թուիթին մէջ գրուած է. «Նոյնիսկ եթէ զգանք, որ մղուած ենք անարդարութեան ե տառապանքի մութ փապուղիի ներքոյ, կանչուած են սիրտը միշտ բաց պահելու յոյսին, վստահութիւն ունենալով Աստուծոյ վրայ, որ մեզի կ՛ընկերանայ քնքշութեամբ, ու թիկունք կը կանգնի եւ կը կողմնորոշէ մեր ընթացքը։ #Խաղաղութիւն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/01/2023, 10:25