Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը` ԵՀՕ երիտասարդները հիւրընկալող ընտանիքներուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը չորեքշաբթի 25 Յունուարին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը լսատեսողական պատգամ մը յղեց այն ընտանիքներուն որոնք ԵՀՕ ընթացքին իրենց տուներուն մէջ պիտի հիւրընկալեն Համաշխարհային օրերուն մասնակցող երիտասարդները իր գնահատանքը արտայայտելով անոնց, որ իրենց տան մէջ «երիտասարդները պիտի հիւրընկալեն, որպէս իրենց զաւակները», լայնեցնելով իրենց ընտանիքը, եւ այս մէկը «պիտի յեղափոխէ ձեր կեանքը» յարեց Սրբազան Պապը նշելով, թէ իրենք այդ բանը կ՛ընեն «վեհանձնութեամբ», բացուելով «այլ երիտասարդներու եւ մշակոյթներու»։
«Այս երիտասարդները դժուարութիւններ պիտի բերեն ձետ տան մէջ բայց այնտեղ պիտի թողուն այլ մշակոյթի մը սերմը», որ ձեզի ցոյց պիտի տայ թէ ինչպէս այլ վայրերու մէջ իրականութիւնները տարբեր են» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը նշելով, որ այս մէկը զանոնք պիտի «համաշխարհայնացնէ» եւ անոնց առջեւ պիտի բանայ նոր հորիզոններ»։
Քահանայապետը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց վեհանձնութեան համար ու հայցեց Աստուծոյ օրհնութիւնը եւ Տիրամօր հովանին, խնդրելով որ աղօթեն իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ