Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Նիքարակուայի մէջ պատահածին համար եւ մօտիկութիւնը երկրաշարժի զոհերուն
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի, 12 փետրուար 2023ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոս Հրապարակային վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն հրաւիրեց աղօթքով եւ շօշափելի աջակցութեամբ մօտիկ ըլլալու Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի զոհերուն ապա խնդրեց նաեւ չմոռնալ նահատակ Ուքրանիան։ «Թող որ Տէրը բանայ խաղաղութեան ուղիները եւ պատասխանատուներուն քաջութիւն պարգեւէ այդ ճանապարհի վրայէն քալելու»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց, որ Նիքարակուային ժամանած լուրերը իրեն ցաւ կը պատճառէ ու մտահոգութիւնը արտայայտեց Մաթակալփայի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Ռոլանտօ Ալվարէսին համար, որ դատապարտուեցաւ 26 տարուայ բանտարկութեան ու նաեւ դէպի Միացեալ Նահանգներ տեղահանուած անձերը», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը իր աղօթքը ապահովեցնելով անոնց ու բոլոր անոնց` որոնք այդ Երկրին մէջ կը տառապին, անոնց համար աղօթք խնդրելով բոլորէն։
Տիրոջմէ հայցենք, որ Անարատ Յղութեան Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, որպէսզի բանայ քաղաքական պատասխանատուներու սրտերը, որպէսզի փնտռեն խաղաղութիւնը, որ ծնունդ կ՜առնէ ճշմարտութենէն, արդարութիւնէն, ազատութենէն ու սերէն եւ ձեռք կը բերուի երկխօսութեան համբերատար գործադրութեամբ։
Սրբազան Պապը հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը։ Ապա ողջունեց հրապարակ համախմբուած ուխտաւորներու զանազան խումարը ու հրաժեշտ առաւ ներկաներէն անոնց մաղթելով բարի Կիրակի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ