Հարաւային Սուտանը տօնախմբութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումին համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Բարի Եկած ես Ֆրանչիսկոս` Հարաւային Սուտան անդրանիկ ճամբորդութեան առթիւ»։ Քահանայապետի մը այցը այս երիտասարդ Երկիր ահա իրականութիւն կը դառնայ երկար, շատ երկար սպասումէ մը ետքը եւ այս բարի գալուստի խօսքով է, որ Ճուպան ընկալեց Սուրբ Պետրոսին յաջորդը իր այս Խաղաղութեան Համամիութենական ուխտագնացութեան առիթով։
Երգեր, պարեր, լոզունգներ, ուրախութեան ճիչեր ու խօսքեր, յուզմունք ե ուրախութիւն իրար խառնուած են, Ճուպայի բնակիչները մեծ թիւով խուժած են Տուպայի օդակայանէն դէպի կեդրոն տանող ճանապարհին վրայ, ողջունելու համար իրենց պատուաւոր հիւրը` առաջին Քահանայապետը, որ կ՜այցելէ այս Երկիրը) որ իր անկախութիւնը ձեռք բերաւ միայն 2011 թուականին։
Սրբազան Պապը այստեղ ժամանեց` որպէս խաղաղութեան ու հաշտութեան ուխտաւոր, Քանթըրպուրրի Առաջնորդի եւ Սքովտիայի Եկեղեցւոյ Վարիչին հետ միասին, եւ երեք օրերուն ընթացքին առիթը պիտի ունենայ հանդիպելու ԵրկրԻն իշխանութիւններուն հետ, կղերական դասին ու հաւատացեալներուն հետ, մօտէն պիտի ծանօթանայ բնակչութեան ցաւերուն, այն յոյսով, որ իր այս այցելութիւնը Երկրին համար ըլլայ նոր առիթ, նոր էջ, նոր սկիզբ դէպի աւելի լաւ ու փայլուն ապագայ։ «Բարի Եկած ես Ֆրանչիսկոս»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ