Ֆրանչիսկոս Պապ մօտիկ է ու կ՝աղօթէ երկրաշարժի թիրախ անձերուն համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 16 փետրուարին, Վատիկանի առաքելական պալատին իր գրասենեակի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց, հաւատարմագիրերու ներկայացումի առիթով Սուրբ Աթոռի մօտ Թուրքիոյ հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան տիար, Ոֆուք Ոլութաս։
Հանդիպումին ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապ նորանշանակ դեսպանին յանձնեց իր ստորագրութիւնը կրող տոմս մը վրայ որուն մէջ պարունակուած է իր խոր ցաւը փետրուար 6-ին, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ երկրաշարժի ողբերգութեան համար։
«Իմ միտքս ու աղօթքս կ՝երթան ազնիւ Թուրք ժողովուրդին, այս տառապանքի դժուար պահերուն։ Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր մօտիկ եմ ձեզի։ Եղբայրական սիրով։Ֆրանչիսկոս։» գրուած է Սուրբ Աթոռի մօտ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպանին յանձնուած տոմսին վրայ։
Յայտնենք թէ միայն Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժի պատճառաւ արձանագրուած է առաւ քան 36 հազար զոհ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ