Ֆրանչիսկոս Պապ. «Քառասնորդացը ժամանակն է վերականգնելու համար մեր համար մեր յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ ուրիշներու հետ

Հռոմի Սանթա Սապինա Պազիլիքային մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթաքցին Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած քարոզը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի 22 Փետրուարին, ըստ Լատինաց ծէսին Մոխրոց օրն է։ Յետմիջօրէին, Հռոմի Սանթա Սապինա Պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ ապա նախագահեց մոխրոց օրուան արարողութեան, բացումը կատարելով քառասնորդաց շրջանին ։

Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Սուրբ Պօղոս Առաքեալի կորնթացիներուն ուղղուած թուղթէն հատուած մը «Ահաւասիկ հիմա է նպաստաւոր պահը, ահա՛ւասիկ փրկութեանն օրը» յայտնեց, թէ Սուրբ Պօղոսի այդ արտայատութիւնը մեզ կը ներմուծէ քառասնորդացի շրջանի հոգիին մէջ։

«Քառասնորդացը նպաստաւոր ժամանակն է՝ վերադառնալու համար էականին, մերկանալու համար այն ինչ որ մեզ կը ծանրացնէ, հաշտուելու համար Աստուծոյ հետ, կրկին վառելու համար Սուրբ Հոգիին կրակը, զոր թաքնուած կը բնակի մեր դիւրաբեկ մարդկութեան մոխիրներու միջեւ» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «քառասնորդացը շնորհքի ժամանակն է կիրարկելու համար այն ինչ, որ Տէրը խնդրեց Աստուծոյ խօսքին մէջ, «Ինծի վերադարձէք բոլոր սիրտով», ըսաւ Սրբազան հայրը դիտել տալով որ Մոխրոց արարողութիւնը մեծ կը ներմուծէ այս վերադարձի ուղեւորութեան մէջ եւ մեզի կ՝ուղղէ երկու հրաւէրները. Վերադառնալ մեր ճշմարտութեան եւ վերադառնալ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։

Մոխրոց օրուայ թափօրը

Մոխրոց օրուայ թափօրը

Վերադառնալ մենք մեզի։

«Մոխիրները մեզի կը յիշեցնեն թէ, ով ենք եւ ուր կ՝երթանք, մեզ կ՝առաջնորդեն դէպի կեանքի հիմնական ճշմարտութեան. Լոկ Տէրը՝ Աստուած է եւ մենք անոր ձեռքերուն գործն ենք։ Մենք ունինք կեանք, մինչ Ան կեանք է։ Ան արարիչն է, մինչ մենք փխրուն կաւ ենք, որ կը ձեւաւորուինք իր ձեռքերով։ Մենք երկրէն կու գանք եւ կարիքը ունինք երկինքին ու Անոր, Աստուծոյ հետ յարութիւնը պիտի առնենք մոխիրներէն, առանց իրեն մենք մոխիր ենք» ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով որ «Մինչ հեզութեամբ մեր գլուխը կը խոնարհեցնենք մոխիրներ ընդունելու համար, մեր սիրտին մէջ կը յիշենք այս ճշմարտութիւնը, որ Տիրոջ կը պատկանինք»։

Ֆրանչիկոս Պապ նշեց ,որ Քառասնորդացը ժամանակն է յիշելու համար, թէ ով է ստեղծիչը եւ ով է արարածը, հռչակելու համար, որ միայն Աստուած Տէրն է, ժամանակն է մերկանալու մեր անձնասիրութենէն։

Քառասնորդացը ժամանակն է հրաժարելու համար այն դիմակներէն, որ ամէն օր կը հագուինք՝ կատարեալ ներկայանալու համար աշխարհի աչքերուն. քառասնորդացը ճշմարտութեան ժամանակն է պայքարելու համար, ինչպէս Յիսուս ըսաւ Աւետարանին մէջ կեղծաւորութեան դէմ, ոչ թէ ուրիշներու այլ մեր կեղծաւորութեան դէմ։

Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը

Մոխրոց օրուայ արարողութիւնը

Վերադառնալ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ կայ երկրորդ քայլը. Մոխիրները մեզ կը հրաւիրեն նաեւ վերադառնալու Աստուծոյ եւ եղբայրներուն։ Այն ատեն երբ ճշմարտութեան վերադառնանք այն ինչ որ ենք, կ՝անդրադառնանք որ մեր եսը ինքնիր մէջ բաւարար չէ, ուրեմն կը բացայայտենք թէ գոյութիւն ունինք շնորհիւ յարաբերութիւններուն. Սկզբնականը Տիրոջ հետ, իսկ կենսականը ուրիշներու հետ։

Քառասնորդացը ժամանակն է վերականգնելու համար մեր յարաբերութիւնները Աստուծոյ եւ ուրիշներուն հետ, լռութեան մէջ բացուելու համար աղօթքին, եւ դուրս գալու մեր զօրաւոր եւ փակ ես-էն, կոտրելու համար անհատապաշտութեան շղթաները, եւ բացայայտելու լսումի եւ հանդիպումի միջոցաւ, ան որ կը քալէ մեր մօտը, եւ դարձեալ սորվելու զինք սիրել որպէս եղբայր եւ քոյր։

Մոխրոց օրուայ արարողութիւն

Մոխրոց օրուայ արարողութիւն

Ողորմնաբաշխութիւն, աղօթք եւ ծոմապահութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել տուաւ որ իրականացնելու համար այս ուղեւորութիւնը այսինքն վերադառնալ մենք մեզի, վերադառնալ Աստուծոյ եւ ուրիշներուն, հրաւիրուած են անցնելու երեք ճանապարհներէն, ողորմնաբաշխութիւն, աղօթք եւ ծոմապահութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով մեր գլուխները խոնարհեցնել, ընդունիլ մոխիրները եւ մեր սիրտ թեթեւցնել։ Խրախուսեց աղօթքի ճամբորդութեան մէջ մտնել. կան նպաստաւոր քառասուն օրեր Աստուծոյ տալու համար կեանքին մէջ առաջնահերթութիւնը, վերսկսելու համար երկխօսութիւնը Անոր հետ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց հրաւիրելով «չկորսնցնել այս սուրբ ժամանակուան շնորհքը, սեւեռենք մեր հայեացքը խաչին ու քալենք, վեհանձնութեամբ պատասխանենք քառասնորդացի ուժեղ հրաւէրներուն ու ճանապարհորդութեան աւարտին պիտի հանդիպինք յաւելեալ ուրախութեամբ կեանքի Տիրոջ, միակը որ մեզի յարութիւն պիտի տար մեր մոխիրներէն», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2023, 19:13