Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սուրբ Պետրոս ակումբի անդամներուն հետ

Իբրեւ հաւատացեալներ կանչուած ենք հակա հոսանքի երթալու քնքշութեան մշակոյթով, այսինքն խնամք տանելով ուրիշին, ինչպէս Տէրը խնամք կը տանի մեզի, իւրաքանչիւրիս։
Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 20 փետրուարին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սուրբ Պետրոս ակումբի անդամները, որոնք Հռոմ ժամանած են այցելու Սուրբ Պետրոսի դամբարանը։

Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց գրաւոր պատգամ մը որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն անոնց կատարած բարի աշխատանքներուն համար ընդգծելով, որ Տէրն է որ ուժ կը շնորհէ։

Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Սուրբ Պետրոսի ակումբի նախաձեռնութիւններուն նշեց, որ անոնք բազմաթիւ են ու անոնց ետին կայ դիմագիծեր, պատմութիւններ, ստէպ նաեւ վէրքեր։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Պետրոսի ակումբի անդամներուն այցելութիւնները, սեղանատուներուն, լսումի կեդրոններուն, ընտանիքներէն ներս գտնուող եղբայրներու եւ քոյրերուն յարելով, որ անոնց ետին կը տեսնէ Բարի Սամարացիին պատկերը։ Բարի սամարացին, որ կը մօտենայ վիրաւորին որովհետեւ անոր սիրտը քնքուշ է եւ ոչ թէ ծանր։

Նորին Սրբութիւնը յանձնարարեց քնքուշ անձեր դառնալ, յարելով թէ ինք չխօսիր զգացողականութեան մասին այլ կը խօսի Աստուծոյ սիրոյ յատկութեան մասին որուն այսօր շատ կարիքը կայ։

«Ընկերութեան մէջ որ յաճախ բնորոշուած է անտարբերութեան մշակոյթով եւ մեկուսացումով, իբրեւ հաւատացեալներ կանչուած ենք հակա հոսանքի երթալու քնքշութեան մշակոյթով, այսինքն խնամք տանելով ուրիշին, ինչպէս Տէրը խնամք կը տանի մեզի, իւրաքանչիւրիս։

Յիսուս բարի Սամարացին է, որ կեանքը տուաւ մեզի՝ ողորմածութեան եւ ներումի կարիքաւորներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ բոլորս ուրիշները կը սիրենք այնքանով, որքանով որ մենք մեզ կը ճանչնանք սիրուած Տիրոջ, Փրկիչին կողմէ եւ դա կրնանք փորձարկել աղօթքի լռութեան մէջ երբ կը մերկանանք դիրքերէն, դերերէն, գուցէ նոյնիսկ դիմագիծերէն։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց վերանորոգելով իր երախտագիտութիւնը ու քաջալերանքը ըսելով, որ ինք չկրնար ֆիզիքապասէս ընկերանալ Հռոմի ուղիներուն վրայ, սակայն այդ կը կատարէ աղօթքով եւ սիրտով։ Հայցելով ապա Salus populi Romani Տիրամօր հովանին, շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2023, 10:23