Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան տարբերանշանն ու նշանաբանը։ Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան տարբերանշանն ու նշանաբանը։ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Հունգարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան տարբերանշանն ու նշանաբանը։

«Քրիստոս մեր ապագան է« Ճամբորդութեան նշանաբանը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 1 մարտին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 28-30 ապրիլին, Հունգարիա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանն ու տարբերանշանը։

Ճամբորդութեան նշանաբանն է «Քրիստոս մեր ապագան է» նախադասութիւնը, գրուած քահանայապետին 41-րդ միջազգային ճամբորդութեան տարբերանշանին աջ կողմը։

Ինչ կը վերաբերի տարբերանշանին, անոր կեդրոնկան տարրն է Պուտաբեշթի շղթայական կամուրջը, որ Տանուպէն անցնող Հունգարիոյ ամենահին կամուրջն է. Այդ կամուրջը, Հունգարիոյ մայրաքաղաքի եւ երկրի խորհդանիշն է, որ կառուցուած է միացնելու համար Պուտա Եւ Փեսթ քաղաքաները ու անոր նպատակն է յիշեցնել Ֆրանչիսկոս Պապին բազմիցս անգամ նշած մարդոց միջեւ կամուրջներ կառուցելու կարեւորութեան միտքը։

Կամուրջի երկու սիւները կը կրեն, Սուրբ Աթոռի սպիտակ եւ դեղին գոյների են ինչպէս նեաւ Հունգարիոյ ազգային կարմիր, ճերմակ եւ կանանչ գոյները։

Տաբերանշանը սահմանագծուած է շրջանակով մը, որ կը խորհրդանշէ սուրբ հաղորդութիւնը ինչպէս նաեւ Քրիստոսէ փրկուած աշխարհը։

Շրջանակին ձախ կողմին վրայ խաչը կը յիշեցնէ Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 12 սեպտեմբեր 2021ին, Պուտաբեշթի մէջ արտասանած խօսքը, որուն մէջ կը մաղթէ, որ խաչը դառնայ անցեալի եւ ապագայի միջեւ կամուրջ մը։ Իսկ Շրջանակին աջ կողմը գրուած է «Քրիստոս մեր ապագան է» եւ« Ֆրանչիսկոս Պապ հունգարիոյ մէջ 28-30 ապրիլ 2023»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/03/2023, 11:40