2019.01.21 Piazza di Spagna, Propaganda Fide, Congregazione per l'evangelizzazione dei popoli

Քահանայապետին կոնդակը հայող Աւետարանութեան Վերատեսչութեան իրաւական ներկայացուցչութեան

Աւետարանութեան Վերատեսչութեան նոր աւետարանութեան եւ նոր յատուկ եկեղեցիներու բաժանմունքը կ՛ ունենայ երկու օգնական քարտուղարներ

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ` Աւետարանութեան Վերատեսչութեան համա-վերատեսուչի հրապարակած մէկ յայտարարութեան մէջ կը կարդանք թէ Ֆրանչիսկոս Պապը անոր շնորհած մէկ ունկնդրութեան ընթացքին հիմք ընդունելով «Praedicate Evangelium» առաքելական նոր սահմանադրութիւնը հրապարակած է նոր կոնդակ մը, որուն միջոցաւ հաստատած է, որ Աւետարանութեան Վերատեսչութեան նոր աւետարանութեան եւ նոր յատուկ եկեղեցիներու բաժանմունքը ունենայ երկու օգնական քարտուղարներ` առաջինը որպէս Միսիոներական Քահանայապետական Գործունէութիւններու նախագահ որուն պարտականութիւնն է միսիոներական համագործակցութեան համար նախատեսուած տնտեսական օժանդակութիւններուն կառավարումը և անոնց արդար բաշխումը իսկ երկրորդը` առաքելութիւններու համար նախատեսուած ժառանգութեան տնօրինման պատասխանատուութիւնը` Վերատեսչութեան յատուկ Գրասենեակի տնօրէնի կարգավիճակով։

Երկու պատասխանատուներն ալ կախեալ են Վերատեսչութեան նոր աւետարանութեան եւ յատուկ նոր եկեղեցիներու բաժանմունքի համա-տեսուչէն, որուն յանձնուած է Վերատեսչութեան տնտեսական հարցերու մէջ ներկայացուցչութիւնը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/03/2023, 15:12